Սուրբ հոգին վկայութիւն կու տայ մեր հոգիին հետ
«Նոյն ինքն Հոգին վկայութիւն կու տայ մեր հոգիին հետ, թէ մենք Աստուծոյ որդիներն ենք» (ՀՌՈՎ. 8։16)։
1-3. ա) Պէնտէկոստէն ի՞նչ դէպքերու շնորհիւ յատուկ օր մը դարձաւ։ բ) Այդ դէպքերը ինչպէ՞ս կատարեցին այն ինչ որ Աստուածաշունչը նախագուշակած էր (տե՛ս բացման պատկերը)։
ԿԻՐԱԿԻ առաւօտեան մօտաւորապէս ժամը իննին, յատուկ դէպք մը տեղի պիտի ունենար Երուսաղէմի մէջ։ Օրը տօնակա՛ն էր, ինչպէս նաեւ Շաբաթ էր։ Տաճարին մէջ, քահանայապետը արդէն իսկ առտուն կանուխէն մատուցանած էր սովորական զոհերը։ Իսկ այժմ, ան կը պատրաստուէր երերցնելիք ընծայի համար երկու խմորեալ հաց մատուցանել (Ղեւ. 23։15-20)։ Եւ այս ընծան ցորենի հունձքին սկիզբը կը մատնանշէր։ Խօսքը Ք.Ե. 33–ի Պէնտէկոստէի օրուան մասին է։
2 Մինչ այս բոլոր բաները տաճարին մէջ տեղի կ’ունենային, շա՜տ աւելի կարեւոր դէպք մը շուտով պիտի կատարուէր. բայց ոչ թէ տաճարին մէջ, հապա՝ քաղաքին մէկ վերնատան մէջ, ուր շուրջ 120 քրիստոնեաներ մէկտեղ հաւաքուած՝ շարունակ «աղօթք ու աղաչանք կ’ընէին» (Գործք 1։13-15)։ Ինչ որ իրենց պիտի պատահէր, շատ մեծ կապ ունէր այն երերցնելիք ընծային հետ, որ քահանայապետը կը մատուցանէր իւրաքանչիւր Պէնտէկոստէին։ Այս պատահելիք դէպքը նաեւ պիտի իրականացնէր մօտաւորապէս 800 տարի առաջ տրուած Յովէլին մարգարէութիւնը (Յվլ. 2։28-32. Գործք 2։16-21)։ Արդեօք ի՞նչ կրնար ըլլալ այս ծանրակշիռ դէպքը։
3 Կարդա՛ Գործք 2։2-4։ Վերնատան մէջ ժողվուած քրիստոնեաներուն վրայ Աստուծոյ սուրբ հոգին թափուեցաւ (Գործք 1։8)։ Անոնք սկսան մարգարէանալ կամ վկայութիւն տալ իրենց տեսած եւ լսած բոլոր սքանչելի բաներուն մասին։ Այդ դէպքէն շատ չանցած, ժողովուրդներ մէկտեղ հաւաքուեցան, որոնց Պետրոս բացատրեց թէ պատահածը ի՛նչ էր եւ ինչո՛ւ կարեւոր էր։ Առաքեալը ունկնդիրներուն ըսաւ. «Ապաշխարեցէ՛ք ու ձեզմէ ամէն մէկը թող մկրտուի Յիսուս Քրիստոսին անունովը մեղքերու թողութեան համար եւ Սուրբ Հոգիին պարգեւը պիտի ընդունիք»։ Այդ օրը, մօտաւորապէս 3000 հոգի ընդունեց Պետրոսին կոչը, մկրտուեցաւ եւ Աստուծոյ խոստացած սուրբ հոգին ստացաւ (Գործք 2։37, 38, 41)։
4. ա) Պէնտէկոստէին կատարուած դէպքերը ինչո՞ւ պէտք է հետաքրքրեն մեզ։ բ) Պէնտէկոստէէն տարինե՜ր առաջ, ի՞նչ կարեւոր դէպք մը թերեւս եղած էր նոյն օրը (տե՛ս ծանօթագրութիւնը)։
4 Քահանայապետը կը պատկերացնէր Յիսուսը, իսկ Պէնտէկոստէին մատուցած իր հացի ընծան կը պատկերացնէր՝ Յիսուսի օծեալ աշակերտները։ Այդ աշակերտները մեղաւոր մարդոցմէն ընտրուած են եւ «առաջին պտուղներ» կոչուած են (Յակ. 1։18, ՆԹ)։ Աստուած այս անհատները որդեգրած է, որոշելով որ իրե՛նք թագաւորեն Յիսուսի հետ Աստուծոյ Թագաւորութեան մէջ (Ա. Պետ. 2։9)։ Եհովան իր Թագաւորութեան միջոցով օրհնութիւններ պիտի տեղացնէ բոլոր հնազանդ մարդոց վրայ։ Ուստի, յոյսերնիս երկնային ըլլայ կամ երկրային, յուսանք Յիսուսին հետ իշխել կամ դրախտային երկրի վրայ ապրիլ, Ք.Ե. 33–ի Պէնտէկոստէն շա՜տ մեծ կարեւորութիւն ունի մեզի համար[1]։
Ի՞ՆՉ ԿԸ ՊԱՏԱՀԻ, ԵՐԲ ՄԷԿԸ Կ’ՕԾՈՒԻ
5. Ինչպէ՞ս գիտենք, որ օծեալներուն օծումը միայն մէկ կերպով չ’ըլլար։
5 Եթէ դուն ալ գտնուէիր այդ աշակերտներուն մէջ, որոնց գլխուն վրայ կրակէ լեզու երեւցաւ, բնաւ պիտի չմոռնայիր այդ օրը։ Հարիւր առ հարիւր վստահ պիտի ըլլայիր, որ օծուած ես սուրբ հոգիով, յատկապէս եթէ քեզի ալ տրուէր օտար լեզու խօսելու պարգեւը (Գործք 2։6-12)։ Բայց արդեօք բոլո՞ր հոգիով օծուածները նոյն կերպով կ’օծուին, ինչպէս որ այդ մօտաւորապէս 120 աշակերտները օծուեցան։ Ո՛չ։ Երուսաղէմին մէջ այդ օրը ուրիշներ իրենց օծումը ստացան մկրտութեան ատեն (Գործք 2։38)։ Անոնց գլխուն վրայ կրակէ լեզու չերեւցաւ։ Ասկէ զատ, կարգ մը քրիստոնեաներ իրենց մկրտութենէն որոշ ժամանակ մը ետք ստացան իրենց օծումը, ինչպէս՝ սամարացիները (Գործք 8։14-17)։ Միւս կողմէ, Կոռնելիոսն ու իր տունը բացառաբար սուրբ հոգին ստացան նոյնիսկ մկրտութենէն առաջ (Գործք 10։44-48)։
6. Իւրաքանչիւր օծեալ ի՞նչ կը ստանայ, եւ ասիկա իրեն ինչպէ՞ս կ’ազդէ։
6 Յստակ է որ տարբեր կերպեր կան որ անհատ մը սուրբ հոգիով օծուի։ Ոմանք թերեւս անմիջապէս ըմբռնած են որ Եհովան զիրենք օծած է, մինչ ուրիշներ թերեւս ժամանակի ընթացքին սկսած են անդրադառնալ։ Բայց Պօղոս առաքեալ բացատրեց թէ ի՛նչ կը պատահի, երբ մէկը կ’օծուի. «Հաւատալով՝ խոստացեալ Սուրբ Հոգիին շնորհքովը կնքուեցաք. որը մեր ժառանգորդ ըլլալուն գրաւականն է» (Եփ. 1։13, 14)։ Ուստի սուրբ հոգիով օծուիլը կարծես թէ երաշխիք ըլլայ կամ խոստում մը, որուն պատճառով օծուողները ներքնապէս համոզուած կ’ըլլան թէ իրենց յաւիտենական կեանքը երկրի վրայ պիտի չըլլայ, հապա երկնքի մէջ (կարդա՛ Բ. Կորնթացիս 1։21, 22. 5։5)։
7. Իւրաքանչիւր օծեալ ի՞նչ պէտք է ընէ որ իր վարձատրութիւնը ստանայ երկնքին մէջ։
7 Երբ քրիստոնեայ մը օծուի, ասիկա կը նշանակէ՞ թէ անպայման պիտի հասնի իր երկնային վարձատրութեան։ Ո՛չ։ Ճիշդ է որ ան երկինք երթալու հրաւէրին նկատմամբ կասկած չունի, սակայն իր երկնային կեանքը պիտի ստանայ միայն այն պարագային, երբ մինչեւ մահ հաւատարիմ մնայ Եհովային։ Պետրոս այս կերպով բացատրեց. «Ասոր համար, ե՛ղբայրներ, աւելի ջանք ըրէ՛ք որ ձեր կոչումը ու ընտրութիւնը հաստատէք, վասն զի այս ընելով՝ բնա՛ւ պիտի չիյնաք. քանզի ասանկով ձեզի առատօրէն իրաւունք պիտի շնորհուի մեր Տէր ու Փրկիչ Յիսուս Քրիստոսին յաւիտենական թագաւորութիւնը մտնել» (Բ. Պետ. 1։10, 11)։ Հետեւաբար, իւրաքանչիւր օծեալ պէտք է ջա՛նք թափէ հաւատարիմ մնալու։ Եթէ հաւատարիմ չմնայ, իր երկնային կոչումը կամ հրաւէրը անօգուտ կը դառնայ (Եբ. 3։1. Յայտ. 2։10)։
ՄԷԿԸ ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿԸ ԳԻՏՆԱՅ
8, 9. ա) Մարդոց մեծ մասը ինչո՞ւ դիւրաւ չի հասկնար թէ ի՛նչ կը պատահի երբ մէկը կ’օծուի։ բ) Անհատ մը ինչպէ՞ս կը գիտնայ թէ երկինք կանչուած է։
8 Ներկայիս, Աստուծոյ ծառաներուն մեծամասնութեան համար դժուար է հասկնալ, թէ ի՛նչ կը պատահի երբ անհատ մը սուրբ հոգիով կ’օծուի։ Ասիկա տարօրինակ չէ, քանի որ բնաւ չեն զգացած իրենց մորթին վրայ։ Ասկէ զատ, Աստուած սկիզբէն նպատակադրած էր, որ մարդ արարածը յաւիտեան երկրի վրայ ապրի (Ծն. 1։28. Սաղ. 37։29)։ Ուստի օծեալներուն պարագան բացառութիւն կը սեպուի, քանի որ երկինք պիտի երթան թագաւորելու եւ քահանայութիւն ընելու համար։ Իրենց տրուած այս հրաւէրը մեծապէս կը փոխէ իրենց մտածելակերպն ու զգացումները, եւ կը սկսին անհամբեր իրենց երկնային վարձատրութեան սպասել (կարդա՛ Եփեսացիս 1։18)։
9 Բայց անհատ մը ինչպէ՞ս կը գիտնայ, թէ ունի երկնային կոչումը. . . թէ ստացած է այս մասնաւոր գրաւականը։ Նկատի առ թէ Պօղոս ի՛նչ ըսաւ Հռոմի օծեալներուն, որոնք «սուրբ ըլլալու կանչուած» էին։ Ան գրեց. «Դուք ծառայութեան հոգին չառիք կրկին վախնալու, հապա որդեգրութեան հոգին առիք, որ անով կը կանչենք Աբբա Հայր։ Նոյն ինքն Հոգին վկայութիւն կու տայ մեր հոգիին հետ, թէ մենք Աստուծոյ որդիներն ենք» (Հռով. 1։7. 8։15, 16)։ Մէկ խօսքով, Աստուած իր սուրբ հոգիին միջոցով է որ անհատին կը յստակացնէ, թէ հրաւիրուած է երկինքի մէջ Յիսուսին հետ թագաւորելու (Ա. Թես. 2։12)։
10. Ա. Յովհաննէս 2։27–ն ի՞նչ ըսել կ’ուզէ, երբ կ’ըսէ թէ օծեալ մը պէտք չունի որ մէկը իրեն սորվեցնէ։
10 Աստուծոյ այս յատուկ հրաւէրը ստացող անհատը պէտք չունի յաւելեալ վկաներու, որ հաստատեն թէ օծուած է։ Եհովա Աստուա՛ծ կը համոզէ զինք։ Յովհաննէս օծեալներուն ըսաւ. «Դուք օծութիւն ունիք Սուրբէն ու ամէն բան գիտէք»։ Առաքեալը շարունակեց. «Որպէս զի այն օծութիւնը, որ դուք իրմէ ընդունեցիք՝ ձեր մէջ մնայ։ Պէտք չէ որ մէկը ձեզի սորվեցնէ. արդէն նոյն օծութիւնը ձեզի կը սորվեցնէ ամէն բան որ ճշմարիտ է ու սուտ չէ։ Ինչպէս անիկա ձեզի սորվեցուց, անոր մէջ կեցէք» (Ա. Յովհ. 2։20, 27)։ Անոնք բոլորիս պէս հոգեւոր ուղղութիւններու կը կարօտին։ Բայց պէտք չունին որ ոեւէ անձ իրենց օծուիլը հաստատէ։ Տիեզերքի հզօրագոյն ուժը իրենց արդէն տուած է այդ համոզումը։
«ՆՈՐԷՆ ԿԸ ԾՆԱՆԻ[Ն]»
11, 12. Օծեալ մը թերեւս ի՞նչ հարցեր տայ, բայց ի՞նչ բանէ բնաւ չի կասկածիր։
11 Երբ քրիստոնեայ մը սուրբ հոգիով կ’օծուի, իր անձնաւորութեան մէջ այնքան բաներ կը փոխուին, որ Յիսուս ըսաւ թէ «նորէն կը ծնանի» կամ վերստին կը ծնի (Յովհ. 3։3, 5)[2]։ Յիսուս յաւելեալ բացատրութիւն ալ տուաւ, ըսելով. «Դուն մի՛ զարմանար որ քեզի ըսի. ‘Պէտք է ձեզի նորէն ծնանիլ’։ Հովը ուր որ ուզէ՝ կը փչէ։ Անոր ձայնը կը լսես, բայց չես գիտեր ուրկէ՞ կու գայ, կամ ո՞ւր կ’երթայ։ Այսպէս ալ է այն ամէնը, որ Հոգիէն կը ծնանի» (Յովհ. 3։7, 8)։ Յստակօրէն, անկարելի է օծեալի մը զգացումները լիովին բացատրել անհատի մը, որ չէ առած այդ կոչումը։
12 Օծեալ մը թերեւս հարց տայ, թէ Եհովան ինչո՛ւ զինք ընտրեց եւ ոչ թէ ուրիշ մէկը։ Ան թերեւս նոյնիսկ մտածէ, եթէ արժանի է կամ ոչ։ Բայց ան ո՛չ մէկ կասկած կ’ունենայ, թէ ստացած է երկնային կոչումը։ Գնահատանքով լեցուած իր սիրտը ուրախութենէն կը ցնծայ։ Իր զգացումները կը նմանին Պետրոսի զգացումներուն, երբ ներշնչմամբ ըսաւ. «Օրհնեալ է Աստուած՝ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին Հայրը՝ որ իր առատ ողորմութեամբ մեզ նորէն ծնաւ կենդանի յոյսին համար՝ Յիսուս Քրիստոսին մեռելներէն յարութիւն առնելովը, անեղծ ու անարատ եւ անթառամ ժառանգութեանը համար՝ որ երկինքը պահուած է մեզի» (Ա. Պետ. 1։3, 4)։ Երբ օծեալ մը այս խօսքերը կը կարդայ, հարիւր առ հարիւր գիտէ, թէ իր Հայրը անձամբ իրեն հետ կը խօսի։
13. Սուրբ հոգիով օծուելու ատեն, անհատին մտածելակերպը ինչպէ՞ս կը փոխուի եւ ինչո՞ւ։
13 Այս քրիստոնեաները, նախքան սուրբ հոգիին վկայութիւնը ստանալը, կը յուսային յաւիտեան երկրի վրայ ապրիլ, անհամբեր սպասելով այն ժամանակուան, երբ Եհովան երկիրը դրախտի պիտի վերածէ եւ ամէն չարութիւն մէջտեղէն վերցնէ։ Թերեւս կ’երեւակայէին թէ ինչպէ՛ս կ’ողջագուրեն իրենց՝ յարութիւն առած սիրելիները. եւ անհամբեր կ’ուզէին ապրիլ իրենց շինած տուներուն մէջ եւ ուտել իրենց ցանած պտուղներէն (Եսա. 65։21-23)։ Սակայն ի՞նչ բան իրենց մտածելակերպը փոխեց։ Արդեօք չափազանց չարչարուիլն ու վհատի՞լը պատճառ եղաւ որ իրենց կարծիքը փոխեն։ Կամ թերեւս մտածեցին որ երկրի վրայ յաւիտեան ապրիլը ձանձրոյթ եւ անհա՞մ պիտի ըլլայ։ Արդեօք այս որոշումին հասան, քանի որ ուզեցին գիտնա՞լ թէ ինչ պիտի զգան երբ երկինքը ըլլան։ Ո՛չ։ Աստուա՛ծ էր որ իրենց տեղ այս որոշումը առաւ։ Երբ Եհովան այս կոչումը իրենց տուաւ, իր սուրբ հոգին գործածեց իրենց մտածելակերպը եւ յոյսը փոխելու համար։
14. Օծեալները ինչպէ՞ս կը նկատեն իրենց կեանքը երկրի վրայ։
14 Բայց պէ՞տք է եզրակացնենք, թէ այսպիսիներ պիտի ուզեն մեռնիլ։ Նկատի առ Պօղոսի ներշնչեալ պատասխանը. «Որչափ ատեն որ այս վրանին տակն ենք, կը հառաչենք ծանրութիւն քաշելով, վասն զի չենք ուզեր մեր վրայէն հանել, հապա զանիկա ասոր վրայէն հագնիլ, որպէս զի մահկանացութիւնը ընկղմի այն կեանքին մէջ» (Բ. Կոր. 5։4)։ Անոնք տակաւին կեանքը կը սիրեն եւ կ’ուզեն իւրաքանչիւր օր օգտագործել իրենց հարազատներուն եւ բարեկամներուն հետ Եհովային ծառայելու։ Բայց ի՛նչ որ ալ ընեն, չեն մոռնար իրենց փառաւորեալ յոյսը, որ ապագային համար տրուած է իրենց (Ա. Կոր. 15։53. Բ. Պետ. 1։4. Ա. Յովհ. 3։2, 3. Յայտ. 20։6)։
ԵՀՈՎԱՆ ԿԱՆՉԱ՞Ծ Է ՔԵԶ
15. Ի՞նչ բաներ չեն փաստեր, թէ անհատ մը սուրբ հոգիով օծուած է։
15 Թերեւս հարց կու տաս, թէ այս հոյակապ կոչումը ստացա՛ծ ես կամ ոչ։ Եթէ կը կարծես թէ Եհովան քեզ հրաւիրած է որ երկինք երթաս, կարգ մը կարեւոր հարցումներ կան, որոնք պէտք է հարցնես դուն քեզի։ Կը զգա՞ս թէ սովորականէն աւելի նախանձախնդիր ես ծառայութեան մէջ։ Հաճոյք կ’առնե՞ս Աստուծոյ Խօսքը ժրաջանօրէն ուսումնասիրելէն եւ «Աստուծոյ խորունկ բաները» պեղելէն (Ա. Կոր. 2։10)։ Տեսա՞ծ ես Եհովայի յատուկ օրհնութիւնները ծառայութեանդ մէջ։ Եհովայի կամքը ընելու փափաքդ մէջդ կ’եռա՞յ։ Ներքնապէս կը զգա՞ս թէ պատասխանատուութիւնը ունիս ուրիշներուն հոգեւորապէս օգնելու։ Անձամբ տեսա՞ծ ես Եհովայի մատը կեանքիդ մէջ։ Եթէ այս հարցումներուն բարձրաձայն «այո՛» պատասխանեցիր, ասիկա կը նշանակէ՞ թէ ունիս երկնային կոչումը։ Ո՛չ։ Եւ ինչո՞ւ ոչ. . . որովհետեւ այսպիսի զգացումներ միմիայն օծեալներուն չեն պատահիր։ Եհովան կրնայ նոյնքան սուրբ հոգի տալ անոնց, որոնք կը յուսան յաւիտեան երկրի վրայ ապրիլ։ Իրականութեան մէջ, եթէ հարց կու տաս թէ երկնային կոչումը ստացած ես կամ ոչ, ասիկա ինքնի՛ն փաստ է որ չես ստացած։ Եհովա Աստուծմէ կանչուածները չե՛ն կասկածիր թէ հրաւիրուած են կամ ոչ։ Անոնք գիտե՛ն։
16. Ինչպէ՞ս գիտենք, թէ երկնային կոչումը չի տրուիր ամէն մէկուն որ սուրբ հոգին կը ստանայ։
16 Աստուածաշունչի էջերուն մէջ կը կարդանք շատ մը հաւատքի տէր մարդոց մասին, որոնք սուրբ հոգիով շարժուեցան բայց երկինք չելան։ Յովհաննէս Մկրտիչ անոնցմէ մէկն էր։ Յիսուս գովեց զինք բայց ըսաւ որ երկինքի Թագաւորութեան մէջ պիտի չըլլար (Մատ. 11։10, 11)։ Դաւիթ ալ սուրբ հոգիով շարժուեցաւ (Ա. Թագ. 16։13)։ Սուրբ հոգիին օգնութեամբ, ան կրցաւ Աստուծոյ մասին խորունկ բաներ հասկնալ եւ մինչեւ իսկ ներշնչուեցաւ Աստուածաշունչի կարգ մը հատուածներ գրի առնելու (Մար. 12։36)։ Ասով հանդերձ, Պետրոս Պէնտէկոստէին ըսաւ որ «Դաւիթ երկինք չելաւ» (Գործք 2։34)։ Ճիշդ է որ սուրբ հոգին այսպիսիներու օգնեց որ հրաշալի գործեր ընեն, սակայն չտուաւ այն յատուկ վկայութիւնը թէ ընտրուած են երկինք երթալու։ Ասիկա կը նշանակէ՞ թէ անոնք ձեւով մը արժանի չէին կամ որակեալ չէին։ Ո՛չ։ Հապա պարզապէս կը նշանակէ, թէ Եհովան դրախտային երկրի վրայ անոնց յարութիւն պիտի տայ (Յովհ. 5։28, 29. Գործք 24։15)։
17, 18. ա) Ներկայիս, Աստուծոյ ծառաներուն մեծամասնութիւնը ո՞ր վարձատրութեան անհամբեր կը սպասէ։ բ) Յաջորդ յօդուածին մէջ ո՞ր հարցումներուն պատասխանները պիտի առնենք։
17 Ներկայիս, Աստուծոյ ծառաներուն մեծամասնութիւնը չունի այս երկնային կոչումը։ Անոնք Աբրահամին, Դաւիթին, Յովհաննէս Մկրտիչին եւ վաղեմի շատ մը հաւատարիմ տղամարդոց եւ կիներու պէս, կը յուսան Աստուծոյ Թագաւորութեան ներքեւ յաւիտեան ապրիլ երկրի վրայ (Եբ. 11։10)։ Այս վերջին ժամանակին մէջ, երկրի վրայ միայն մնացորդ մը կայ, որ ընտրուած է երկնքի մէջ ապրելու (Յայտ. 12։17)։ Ասիկա կը նշանակէ թէ 144,000 ընտրեալներուն մեծ մասը արդէն իսկ մինչեւ մահ հաւատարիմ գտնուած է եւ հիմա երկինքի մէջ է։
18 Հետեւաբար, երկրային յոյս ունեցող անհատ մը ինչպէ՞ս պէտք է նկատէ ոեւէ անձ, որ կը դաւանի թէ երկնային կոչումը ունի։ Ինչպէ՞ս պէտք է հակազդես, երբ ժողովքիդ անդամներէն մէկը Տէրունական ընթրիքին սկսի խորհրդանիշներուն մասնակցիլ։ Արդեօք պէ՞տք է հոգ ընես, եթէ օծեալ ըլլալ դաւանող մարդոց թիւը աւելնայ։ Յաջորդ յօդուածը այս հարցումներուն պիտի պատասխանէ։
^ [1] (պարբերութիւն 4) Պէնտէկոստէն կը տօնուէր հաւանաբար տարուան այն նոյն ժամանակը, երբ Սինայի անապատին մէջ Եհովան Օրէնքը տուաւ Մովսէսին (Ել. 19։1)։ Ուստի այնպէս կը թուի թէ Մովսէս իսրայէլ ազգը Օրէնքի ուխտին մէջ մտցուց տարուան այն նո՛յն օրը, երբ Յիսուս հոգեւոր իսրայէլը նոր ուխտին մէջ մտցուց։
^ [2] (պարբերութիւն 11) Յաւելեալ բացատրութեան համար, թէ ի՛նչ կը նշանակէ վերստին ծնիլ, տե՛ս Դիտարան–ի 1 մայիս 2009 թիւը, էջ 3-11։