Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դհ16 թիւ 6 էջ 4-7
  • Երկինքին մէջ եղողներուն մասին տեսիլքներ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Երկինքին մէջ եղողներուն մասին տեսիլքներ
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (հանրամատչելի) 2016
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • ԵՀՈՎԱՆ ԳԵՐԱԳՈՅՆ ԷԱԿՆ Է
  • ՅԻՍՈՒՍ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՀԵՏ Է
  • ՀՐԵՇՏԱԿՆԵՐԸ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԿԸ ԾԱՌԱՅԵՆ
  • ՍԱՏԱՆԱՆ ՄԻԼԻՈՆԱՒՈՐՆԵՐ ԿԸ ՄՈԼՈՐԵՑՆԷ
  • ԵՐԿՐԷՆ ԵԿՈՂՆԵՐԸ
  • ԵՐԿՆՔԻՆ ՄԷՋ ԵՂՈՂՆԵՐԸ Ի՞ՆՉ ՊԻՏԻ ԸՆԵՆ
  • Տեսիլքներ՝ հոգեղէն ծիրին մասին
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2011
  • Հրեշտակները ի՛նչպէս մեզի կ’ազդեն
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2006
  • Հրեշտակները՝ «սպասաւորող հոգիներ են»
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2009
  • Աստուածաշունչին պատասխանները
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2014
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (հանրամատչելի) 2016
դհ16 թիւ 6 էջ 4-7
Յիսուս Աստուծոյ փառաւոր գահին աջ կողմը կայնած է եւ հրեշտակները իր շուրջն են

ԿՈՂՔԻՆ ՆԻՒԹԸ | ՀՈԳԵՂԷՆ ԾԻՐԻՆ ՄԱՍԻՆ ՀՈՅԱԿԱՊ ՏԵՍԻԼՔՆԵՐ

Երկինքին մէջ եղողներուն մասին տեսիլքներ

Սուրբ Գիրքին մէջ կան կարգ մը հոյակապ տեսիլքներ, որոնք մեզի առիթ կու տան որ աներեւոյթ երկնային ծիրին մէջ մտնենք։ Քեզ կը քաջալերենք որ զանոնք ուշադրութեամբ նկատի առնես։ Տեսիլքներուն մէջ ամէն բան բառացի չէ, սակայն ատոնք քեզի կ’օգնեն որ գիտնաս թէ հոգեղէն ծիրին մէջ որո՛նք կ’ապրին եւ ինչպէ՛ս կրնան քեզի ազդել։

ԵՀՈՎԱՆ ԳԵՐԱԳՈՅՆ ԷԱԿՆ Է

«Ահա՛ գահ մը դրուած էր երկինքի մէջ, ու մէկը բազմած էր գահին վրայ։ Բազմողին տեսքը նման էր յասպիս եւ սարդիոն քարերու, ու գահին շուրջը կար ծիածան մը՝ տեսքով զմրուխտի նման» (Յայտնութիւն 4։2, 3, ԱԾ)։

«Պայծառութեամբ շրջապատուած էր։ Ինչպէս է անձրեւոտ օրը ամպի մէջ եղող ծիածանի երեւոյթը, այնպէս էր այն շրջապատուած պայծառութեանը երեւոյթը։ Ասիկա Տէրոջը փառքին նմանութեանը երեւոյթն էր» (Եզեկիէլ 1։27, 28)։

Յովհաննէս առաքեալին եւ Եզեկիէլ մարգարէին տրուած այս երկու տեսիլքները կը ցուցնեն Բարձրեալ Աստուծոյ՝ Եհովային մեծութիւնը, գործածելով մեզի ծանօթ եղող բաներ, ինչպէս՝ գրաւիչ քարեր, ծիածան մը եւ գահ մը։ Ատոնք մեզի կ’ըսեն որ Եհովային ներկայութիւնը ահաւոր, գեղեցիկ, հաճելի եւ խաղաղ է։

Այս նկարագրութիւնը համաձայն է այս խօսքերուն հետ. «Տէրը մեծ է ու խիստ գովելի։ Անիկա բոլոր աստուածներուն վրայ ահաւոր է, վասն զի ազգերուն բոլոր աստուածները կուռքեր են, բայց Եհովան երկինքը ստեղծեց։ Փառք ու վայելչութիւն կայ անոր առջեւ, զօրութիւն ու գեղեցկութիւն՝ անոր սրբարանին մէջ» (Սաղմոս 96։4-6)։

Թէեւ Եհովան Գերագոյն Էակն է, բայց ան մեզ կը քաջալերէ որ աղօթքով իրեն մօտենանք եւ մեզի կը վստահեցնէ որ մեզի մտիկ կ’ընէ (Սաղմոս 65։2)։ Աստուած մեզ շատ կը սիրէ ու կը հոգայ, եւ այս պատճառով Յովհաննէս առաքեալ գրեց. «Աստուած սէր է» (Ա. Յովհաննէս 4։8)։

ՅԻՍՈՒՍ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՀԵՏ Է

«[Ստեփանոս աշակերտը] լեցուած Սուրբ Հոգիով՝ ակնապիշ նայեցաւ դէպի երկինք, տեսաւ Աստուծոյ փառքը ու Յիսուսն ալ՝ որ Աստուծոյ աջ կողմը կայնած էր, եւ ըսաւ. ‘Ահա՛ կը տեսնեմ երկինքը բացուած, ու մարդու Որդին՝ Աստուծոյ աջ կողմը կայնած’» (Գործք 7։55, ԱԾ)։

Ստեփանոս այս խօսքերը ըսաւ հրեայ առաջնորդներուն, որոնք այս տեսիլքէն քիչ առաջ սպաննած էին Յիսուսը։ Տեսիլքը հաստատեց որ Յիսուս ողջ էր եւ թէ յարութիւն առած էր ու պատուուած էր։ Պօղոս առաքեալ ասոր մասին գրեց. «[Եհովան Յիսուսը] մեռելներէն յարուցանեց ու նստեցուց իր աջ կողմը երկնքի մէջ, ամէն իշխանութեան ու պետութեան եւ զօրութեան ու տէրութեան վրայ եւ ամէն անունի վրայ որ կը տրուի, ո՛չ միայն այս աշխարհին մէջ, հապա գալիքին մէջ ալ» (Եփեսացիս 1։20, 21)։

Համարները ո՛չ միայն կը ցուցնեն որ Յիսուս բարձր դիրք ունի, հապա նաեւ թէ ան Եհովային պէս շատ հետաքրքրուած է մարդոցմով։ Երբ Յիսուս երկրի վրայ էր, հիւանդներն ու տկարները բժշկեց եւ մեռելներուն յարութիւն տուաւ։ Ան անձնազոհ կերպով մեռնելով փաստեց որ շատ կը սիրէ Աստուած եւ մարդկութիւնը (Եփեսացիս 2։4, 5)։ Ան այժմ Աստուծոյ աջ կողմն է եւ մօտ ատենէն ամէն տեղ մեծ օրհնութիւններ պիտի բերէ հնազանդ մարդոց։

ՀՐԵՇՏԱԿՆԵՐԸ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԿԸ ԾԱՌԱՅԵՆ

«Երբ կը դիտէի [Դանիէլ մարգարէ], աթոռներ դրուեցան ու Հինաւուրցը [Եհովան] նստաւ. . . Հազարաւորներ ծառայութիւն կ’ընէին անոր եւ բիւրաւորներ անոր առջեւ կը կայնէին» (Դանիէլ 7։9, 10)։

Այս տեսիլքին մէջ, Դանիէլ տեսաւ բազմաթիւ հրեշտակներ եւ ոչ թէ միայն մէկ հատ։ Ատիկա որքա՜ն ահաւոր տեսիլք մը ըլլալու էր։ Հրեշտակները փառաւոր հոգեղէն արարածներ են, եւ իմաստուն ու զօրաւոր են։ Անոնց մէջ կան սերովբէներ ու քերովբէներ։ Սուրբ Գիրքը աւելի քան 250 անգամ կը խօսի հրեշտակներուն մասին։

Հրեշտակները ժամանակին երկրի վրայ ապրած մարդիկ չեն։ Աստուած հրեշտակները ստեղծեց մարդէն շա՜տ առաջ։ Երբ երկրին հիմերը կը հաստատուէին, հրեշտակները կը դիտէին եւ ցնծութեամբ կ’աղաղակէին (Յոբ 38։4-7)։

Ներկայիս Աստուծոյ Թագաւորութեան բարի լուրը կը քարոզուի, ինչ որ ամէնէն կարեւոր գործն է։ Հաւատարիմ հրեշտակները ասոր մէջ բաժին բերելով կը ծառայեն Աստուծոյ (Մատթէոս 24։14)։ Յովհաննէս առաքեալ տեսիլքով մը տեսաւ ասիկա եւ գրեց. «Ուրիշ հրեշտակ մը տեսայ, որ կը թռչէր երկնքի մէջ եւ ունէր յաւիտենական աւետիսը՝ քարոզելու բոլոր ազգերուն ու ցեղերուն եւ լեզուներուն ու ժողովուրդներուն» (Յայտնութիւն 14։6)։ Ճիշդ է որ հրեշտակները այսօր չեն խօսիր մարդոց հետ, ինչպէս որ անցեալին ատեններ կ’ընէին, բայց անոնք բարի լուրը քարոզողները կ’առաջնորդեն ազնուասիրտ մարդոց։

ՍԱՏԱՆԱՆ ՄԻԼԻՈՆԱՒՈՐՆԵՐ ԿԸ ՄՈԼՈՐԵՑՆԷ

«Երկնքի մէջ պատերազմ ծագեցաւ. Միքայէլ [Յիսուս Քրիստոս] ու իր հրեշտակները վիշապին հետ պատերազմեցան։ Վիշապն ալ իր հրեշտակներով պատերազմեցաւ, բայց չկրցան դէմ կենալ։ Երկնքի մէջ ալ՝ տեղ չգտնուեցաւ անոնց։ Ուստի վար ձգուեցաւ մեծ վիշապը, այն առաջուան օձը, որ Բանսարկու ու Սատանայ կը կոչուի, որ բոլոր աշխարհ մոլորեցուց։ Իր հրեշտակներն ալ իրեն հետ վար ձգուեցան երկրի վրայ» (Յայտնութիւն 12։7-9)։

Երկնքի մէջ միշտ խաղաղութիւն չէ եղած։ Մարդկային պատմութեան սկիզբը, հրեշտակներէն մէկը ըմբոստացաւ Եհովային դէմ, քանի որ ուզեց որ մարդիկ զինք պաշտեն, եւ այսպիսով դարձաւ Սատանայ, որ կը նշանակէ «Հակառակորդ»։ Ետքը, ուրիշ հրեշտակներ ալ ըմբոստացան եւ սկսան ճանչցուիլ որպէս դեւեր։ Անոնք վերջին ծայր չար են եւ կը հակառակին Եհովա Աստուծոյ, ինչպէս նաեւ ձգած են որ մարդոց մեծամասնութիւնը գալէ Եհովայի սիրալիր ուղղութեան հակառակ։

Սատանան ու իր դեւերը չար եւ անգութ են։ Անոնք մարդկութեան թշնամի են եւ հիմակուան չարչարանքներուն մեծ մասը իրենք պատճառած են։ Օրինակ՝ Սատանան հաւատարիմ Յոբին անասունները եւ ծառաները մեռցուց։ Ետքը, ան Յոբին տասը զաւակները մեռցուց, ձգելով որ «մեծ հով մը» փլէ այն տունը ուր հաւաքուած էին։ Ատկէ ետք, Սատանան «Յոբը՝ ոտքին թաթէն մինչեւ գագաթը՝ գէշ պալարներով զարկաւ» (Յոբ 1։7-19. 2։7)։

Բայց մօտ ատենէն Սատանան մէջտեղէն պիտի վերցուի։ Հիմա որ ան երկիր նետուած է, գիտէ թէ «քիչ ժամանակ պիտի կենայ» (Յայտնութիւն 12։12)։ Իրապէս Սատանան պիտի կործանի, եւ ասիկա վստահաբար բարի լուր է։

ԵՐԿՐԷՆ ԵԿՈՂՆԵՐԸ

«Դուն [Յիսուս]. . . մեզ ծախու առիր Աստուծոյ համար ամէն ցեղէ ու լեզուէ եւ ժողովուրդէ ու ազգէ եւ մեզ մեր Աստուծոյն թագաւորներ ու քահանաներ ըրիր որպէս զի երկրի վրայ թագաւորենք» (Յայտնութիւն 5։9, 10)։

Ճիշդ ինչպէս որ Յիսուս յարութիւն առնելով երկինք ելաւ, ուրիշներ ալ պիտի ելլեն։ Յիսուս իր հաւատարիմ առաքեալներուն ըսաւ. «Հիմա կ’երթամ, որ ձեզի տեղ պատրաստեմ։ Եւ. . . նորէն պիտի գամ եւ ձեզ քովս առնեմ, որպէս զի ո՛ւր որ ես եմ՝ դուք ալ հոն ըլլաք» (Յովհաննէս 14։2, 3)։

Երկինք գացողները նպատակի մը համար կ’երթան. անոնք Յիսուսին հետ պիտի կազմեն երկնային կառավարութիւն մը, որ ի վերջոյ պիտի իշխէ երկրին բոլոր բնակիչներուն վրայ եւ օրհնութիւններ բերէ անոնց։ Յիսուս տիպար աղօթքին մէջ նշեց այս Թագաւորութիւնը եւ իր հետեւորդներուն ըսաւ որ աղօթեն. «Ով Հայր մեր որ երկինքն ես, քու անունդ սուրբ ըլլայ. քու թագաւորութիւնդ գայ. քու կամքդ ըլլայ ինչպէս երկինքը՝ նոյնպէս երկրի վրայ» (Մատթէոս 6։9, 10)։

Յիսուս կայնած է ոմանց հետ, որոնք յարութիւն առնելով երկինք ելած են

ԵՐԿՆՔԻՆ ՄԷՋ ԵՂՈՂՆԵՐԸ Ի՞ՆՉ ՊԻՏԻ ԸՆԵՆ

«Երկնքէն մեծ ձայն մը լսեցի [Յովհաննէս առաքեալ], որ կ’ըսէր. ‘Ահա՛ Աստուծոյ խորանը մարդոց մէջ. . . Եւ ինք անոնց աչքերէն բոլոր արցունքները պիտի սրբէ եւ ա՛լ մահ պիտի չըլլայ։ Ո՛չ սուգ եւ ո՛չ աղաղակ եւ ո՛չ ցաւ պիտի ըլլայ ասկէ յետոյ, վասն զի առաջուան բաները անցան’» (Յայտնութիւն 21։3, 4)։

Այս մարգարէական տեսիլքը կը խօսի ժամանակի մը մասին, երբ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը վերջ պիտի դնէ Սատանային իշխանութեան եւ երկիրը դրախտի պիտի վերածէ։ Այս Թագաւորութիւնը կազմուած է Յիսուսէն եւ երկրէն յարութիւն առնողներէն։ Այսպիսով, այդ բաները որ մարդկութեան շատ ցաւ եւ տխրութիւն պատճառած էին, այլեւս պիտի չըլլան։ Նոյնիսկ մահ պիտի չըլլայ։

Լաւ, ի՞նչ կրնանք ըսել անոնց մասին, որոնք մահացած են եւ յարութիւն առնելով երկինք պիտի չելլեն։ Ապագային, անոնք դարձեալ պիտի ապրին եւ յոյսը պիտի ունենան որ երկրի վրայ Դրախտին մէջ յաւիտեան ապրին (Ղուկաս 23։43)։

ՊԷՏՔ ՉՈՒՆԻՍ ԴԵՒԵՐԷՆ ՎԱԽՆԱԼՈՒ

Նախապաշարումը բանտարկեալներու պէս կը կապէ միլիոնաւոր մարդիկ եւ անոնք չար ոգիներէն վախնալով կ’ապրին։ Անոնք ինքզինքնին պաշտպանելու համար կախարդութեան, թալիսմանի եւ կախարդական դեղաջուրերու կը վստահին։ Պէտք չունիս դուն ալ ասանկ ընելու։ Սուրբ Գիրքը մեզ կը մխիթարէ ու կը վստահեցնէ. «Տէրոջը աչքերը բոլոր երկիրը կը դիտեն, որպէս զի իրեն ուղիղ սրտով յարողները ուժովցնէ» (Բ. Մնացորդաց 16։9)։ Եթէ ճշմարիտ Աստուծոյ՝ Եհովային վստահիս, ան քեզ պիտի պաշտպանէ, քանի որ Սատանայէն շատ աւելի զօրաւոր է։

Որպէսզի Աստուած քեզ պաշտպանէ, պէտք է գիտնաս թէ ի՛նչը զինք կը հաճեցնէ եւ ատիկա ընես։ Օրինակ՝ առաջին դարուն, Եփեսոս քաղաքի քրիստոնեաները հաւաքեցին բոլոր իրենց ունեցած կախարդական գիրքերը եւ զանոնք այրեցին (Գործք 19։19, 20)։ Նմանապէս, եթէ կ’ուզես Աստուծոյ պաշտպանութիւնը ունենալ, պէտք է վերջ դնես կախարդական ապրանքներուն, թալիսմաններուն, կուռքերուն, կախարդական գիրքերուն, «պաշտպանող» թելերուն եւ որեւէ բանի որ կապ ունի ոգեհարցական սովորութիւններու հետ։

Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ. «Հնազանդեցէ՛ք Աստուծոյ։ Սատանային հակառա՛կ կեցէք եւ անիկա ձեզմէ պիտի փախչի» (Յակոբոս 4։7)։ Եթէ Եհովային հնազանդիս ու ծառայես, կրնաս վստահ ըլլալ որ Սատանան եւ իր դեւերը չեն կրնար քեզի վնաս հասցնել։

Այս տեսիլքները մեզի կը վստահեցնեն որ Եհովա Աստուած եւ իր Որդին՝ Յիսուս Քրիստոս, ինչպէս նաեւ՝ հաւատարիմ հրեշտակներն ու երկրէն ծախու առնուողները, բոլորն ալ մեծապէս հետաքրքրուած են մեզմով եւ մեր լաւութիւնը կ’ուզեն։ Որպէսզի աւելի գիտնաս թէ անոնք ի՛նչ պիտի ընեն, քեզ կը քաջալերենք որ Եհովայի վկաներուն հետ կապ պահես կամ մեր կայքը՝ www.jw.org/hy-latn այցելես եւ բեռնես Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ գիրքը։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել