Շատեր ներկայիս ‘իրենց քով կը դիզեն ինչ որ կրնան’, կամ գումար մը մէկ կողմ կը դնեն, որպէսզի զայն զետեղեն ժողովքի նուիրատուութեան տուփին մէջ, որուն վրայ գրուած է՝ «Համաշխարհային գործին համար» (Ա. Կոր. 16։2)։ Ամէն ամիս, ժողովքները այդ նուիրատուութիւնները կ’ուղարկեն Եհովայի վկաներուն տեղական գրասենեակը։ Նաեւ, կրնաս նուիրատուութիւններդ ուղղակի ղրկել այն օրինական հաստատութեան, որ երկրիդ մէջ Եհովայի վկաները կը գործածեն։ Գիտնալու համար հաստատութեան անունը, հաճիս կապ պահէ մասնաճիւղին հետ։ Մասնաճիւղին հասցէն կարելի է գտնել մեր կայքին մէջ՝ www.jw.org/hy-latn։ Հետեւեալ նուիրատուութիւնները կրնաս ուղղակի ղրկել.
ՈՒՂՂԱԿԻ ՊԱՐԳԵՒՆԵՐ
Նուիրատուութիւններ՝ ելեկտրոնային դրամական փոխանցումի միջոցաւ։ Կարգ մը մասնաճիւղերու մէջ, ասիկա նաեւ կարելի է՝ գործածելով jw.org կամ այլ որոշուած կայք մը։
Նուիրել դրամ, գոհարեղէն կամ ուրիշ արժէքաւոր պիտոյքներ։ Պարփակէ նամակ մը, որ կը նշէ թէ դրամը կամ պիտոյքը ուղղակի պարգեւ է։
ՊԱՅՄԱՆԱՒՈՐ ՆՈՒԻՐԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ ԿԱՐԳԱԴՐՈՒԹԻՒՆ
Դրամական նուիրատուութիւններ, պայմանաւ որ եթէ նուիրողը գումարին հարկ ունենայ, իրեն վերադարձուի։
Պարփակէ նամակ մը, որ կը նշէ թէ նուիրատուութիւնը պայմանաւոր է։
ԲԱՐԵՍԻՐԱԿԱՆ ԾՐԱԳԻՐՆԵՐ
Թագաւորութեան համաշխարհային ծառայութեան թիկունք կանգնելու համար, դրամի եւ արժէքաւոր պիտոյքներու կողքին կան նաեւ այլ մեթոտներ։ Ասոնք վարը նշուած են։ Ընտրած մեթոտդ ինչ որ ալ ըլլայ, հաճիս նախ մասնաճիւղին հետ կապ պահէ, տեսնելու համար թէ ո՛ր մեթոտը երկրիդ մէջ մատչելի է։ Որովհետեւ օրինական պահանջները եւ տուրքերը կը տարբերին, կարեւոր է որ տուրքի եւ օրինական հարցերու որակեալ խորհրդատուներու հետ խորհրդակցիս, որոշելու համար նուիրատուութիւն ընելու լաւագոյն կերպը։
Ապահովագրութիւն։ Նուիրատուութիւն մը որ կը նշէ թէ Եհովայի վկաներու մէկ հաստատութիւնը, կեանքի ապահովագրութեան կամ հանգստաթոշակի ծրագրի մը նպաստընկալն է։
Դրամատան հաշիւներ։ Դրամատան հաշիւներ, հաշուին դրուած վկայագիրներ կամ անձնական հանգստաթոշակի հաշիւներ, որոնք որպէս աւանդ կը տրուին կամ անհատին մահէն ետք վճարելի կ’ըլլան Եհովայի վկաներու մէկ հաստատութեան, տեղական դրամատան պահանջներուն համաձայն։
Արժեթուղթեր եւ պարտատոմսեր։ Արժեթուղթեր եւ պարտատոմսեր, որոնք որպէս ուղղակի պարգեւ կը նուիրուին կամ անհատին մահէն ետք փոխանցելի կ’ըլլան Եհովայի վկաներու մէկ հաստատութեան։
Անշարժ գոյք։ Ծախուելիք կալուածներ, որոնք Եհովայի վկաներու մէկ հաստատութեան կը նուիրուին որպէս ուղղակի պարգեւ. իսկ եթէ ատիկա բնակելի վայր է, նուիրողը կրնայ զայն գործածել մինչեւ իր մահը։
Տարեվճարի նուէր։ Դրամի կամ երաշխագիրի փոխանցում Եհովայի վկաներու մէկ հաստատութեան, ուր նուիրողը ամէն տարի սահմանուած տարեվճար մը կը ստանայ մինչեւ իր կեանքին վերջը։ Նուիրողը թերեւս ստանայ եկամտային տուրքի նուազում այն տարին, երբ տարեվճարի նուէրը կը հաստատուի։
Կտակներ եւ աւանդներ։ Կալուած կամ դրամ կրնայ կտակուիլ Եհովայի վկաներու մէկ հաստատութեան, զայն նշելով որպէս աւանդի համաձայնութենէ մը օգտուողը կամ օրինական կտակի մը միջոցաւ։ Այս կարգադրութիւնը տուրքերու որոշ առաւելութիւններ կրնայ ունենալ։
Ինչպէս որ «բարեսիրական ծրագիրներ» արտայայտութիւնը ցոյց կու տայ, այսպիսի նուիրատուութիւններ սովորաբար տուողին կողմէ որոշ չափով ծրագրում կը պահանջեն։ Բարեսիրական ծրագիրներու միջոցաւ Եհովայի վկաներու համաշխարհային գործին օգտակար դառնալ փափաքող անհատներուն աջակցելու համար, Բարեսիրական ծրագիրներ՝ Թագաւորութեան երկրապարփակ ծառայութեան ի նպաստ խորագրով գրքոյկ մը պատրաստուած է, անգլերէն եւ սպաներէն լեզուներով։ Գրքոյկը տեղեկութիւններ կու տայ, թէ ինչպէ՛ս կրնանք տարբեր կերպերով նուիրատուութիւններ ընել հիմա կամ յետագային,– զոր օրինակ՝ կտակ պատրաստելով։ Այս գրքոյկին բովանդակած տեղեկութիւնները թերեւս քու պարագայիդ լման կերպով չկիրարկուին, երկրիդ մէջ տուրքի կամ ուրիշ օրէնքներու պատճառաւ։ Նուիրատուութեան այս մեթոտները գործածելով, շատեր կրցած են մեր կրօնական եւ մարդասիրական երկրապարփակ գործունէութիւններուն աջակցիլ եւ տուրքերու առնչութեամբ մեծապէս օգտուած են։ Եթէ գրքոյկը երկրիդ մէջ մատչելի է, կրնաս տեղական ժողովքի քարտուղարէն զայն ձեռք ձգել։
Աւելի տեղեկութիւններ առնելու համար, jw.org/hy-latn կայքին գլխաւոր էջին տակը գտնուող «Նուիրատուութիւն ընել մեր համաշխարհային գործին համար» կապը կտտացուր, կամ ալ մասնաճիւղին հետ կապ պահէ։