Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ17 Նոյեմբեր էջ 18-19
  • «Աղէկ աչք ունեցողը օրհնեալ կ’ըլլայ»

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • «Աղէկ աչք ունեցողը օրհնեալ կ’ըլլայ»
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2017
  • Նոյնանման նիւթեր
  • «Գործը մեծ է»
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2016
  • Ցոյց տուր որ կը գնահատես Եհովայի առատաձեռնութիւնը
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2015
  • Եհովան յօժարակամ ոգին առատապէս կ’օրհնէ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2014
  • Ինչպէ՛ս կրնանք ուրիշներուն կարիքները հոգալու օգնել
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2013
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2017
դ17 Նոյեմբեր էջ 18-19
Աննան պզտիկ Սամուէլը խորան կը բերէ

«Աղէկ աչք ունեցողը օրհնեալ կ’ըլլայ»

ԶՈՀԵՐԸ շատոնց ճշմարիտ պաշտամունքին կարեւոր մէկ մասը եղած են։ Իսրայէլացիները կենդանիներ զոհեցին, իսկ քրիստոնեաները միշտ հանրածանօթ եղած են «օրհնութեան պատարագ» մատուցանելով։ Կան նաեւ ուրիշ զոհեր, որոնց Աստուած նոյնպէս կը հաճի (Եբ. 13։15, 16)։ Այդ զոհերը ուրախութիւն եւ օրհնութիւններ կը բերեն։ Նկատի առնենք որոշ օրինակներ։

Աստուծոյ վաղեմի հաւատարիմ ծառաներէն մէկը՝ Աննան սրտանց կը փափաքէր տղայ մը ունենալ, բայց յղանալու կարող չէր։ Աղօթեց Եհովային եւ իրեն խոստացաւ, որ եթէ տղայ մը ունենայ, ‘զանիկա Տէրոջը պիտի նուիրէ իր կեանքին բոլոր օրերուն մէջ’ (Ա. Թագ. 1։10, 11)։ Ժամանակի ընթացքին ան յղացաւ եւ տղայ մը ծնաւ, որ Սամուէլ կոչուեցաւ։ Երբ Սամուէլ կաթէ կտրուեցաւ, Աննան իր խոստումին համաձայն զինք խորանը տարաւ։ Եհովան օրհնեց Աննան իր անձնազոհ ոգիին համար. ան ուրիշ հինգ պզտիկներ ալ ունեցաւ, իսկ Սամուէլ եղաւ մարգարէ եւ Սուրբ Գիրքին գրողներէն մէկը (Ա. Թագ. 2։21)։

Աննային եւ Սամուէլին պէս, քրիստոնեաները այսօր առանձնաշնորհում ունին իրենց կեանքը գործածելու Արարիչին ծառայելու համար։ Յիսուս խոստացաւ որ որեւէ զոհողութիւն որ կ’ընենք, որպէսզի Եհովան պաշտենք, առատօրէն պիտի վարձատրուի (Մար. 10։28-30)։

Առաջին դարուն, Այծեմնիկ անունով քրիստոնեայ կին մը իր «բարի գործերով ու ողորմութիւններով» հանրածանօթ էր. ուրիշներուն օգնելու համար շատ զոհողութիւններ կ’ընէր։ Բայց, ցաւօք սրտի, ան «հիւանդացաւ ու մեռաւ»։ Ժողովքը շատ նեղուեցաւ։ Երբ աշակերտները լսեցին, որ Պետրոս նոյն շրջանին մէջն էր, անոր աղաչեցին որ անմիջապէս գայ։ Երեւակայէ անոնց ուրախութիւնը երբ Պետրոս եկաւ եւ Այծեմնիկը յարուցանեց. առաջին անգամն էր, որ առաքեալ մը մէկու մը յարութիւն կու տար (Գործք 9։36-41)։ Աստուած չէր մոռցած Այծեմնիկին զոհերը (Եբ. 6։10)։ Անոր առատաձեռնութեան պատմութիւնը Սուրբ Գիրքին մէջ պահուեցաւ՝ որպէս հոյակապ օրինակ մը, որուն կրնանք հետեւիլ։

Պօղոս առաքեալ նոյնպէս իր ժամանակէն ուրիշներուն կու տար եւ հոգատարութիւն կը ցուցնէր, մեզի հիանալի օրինակ ձգելով։ Կորնթոսի մէջ եղող իր քրիստոնեայ եղբայրներուն գրեց. «Ես մեծ յօժարութեամբ ծախք պիտի ընեմ ու ծախք պիտի ըլլամ ալ ձեր անձերուն համար» (Բ. Կոր. 12։15)։ Ան փորձառաբար սորվեցաւ, որ ուրիշներուն համար զոհուելով ոչ միայն անձնապէս ուրախ կ’ըլլայ, այլեւ,– ինչ որ աւելի կարեւոր է,– Եհովային օրհնութիւնն ու հաճութիւնը կ’ունենայ (Գործք 20։24, 35)։

Անկասկած Եհովան կ’ուրախանայ երբ մեր ժամանակն ու կորովը կը գործածենք, որ Թագաւորութեան շահերը յառաջ մղենք եւ հաւատակիցներուն օգնենք։ Բայց արդեօք կրնա՞նք ուրիշ կերպերով քարոզչութեան թիկունք կանգնիլ։ Անշո՛ւշտ։ Կրնանք Աստուած պատուել կամաւոր նուիրատուութիւններ ընելով։ Կազմակերպութիւնը ատոնք կը գործածէ համաշխարհային քարոզչութեան գործին համար, մէջը ըլլալով միսիոնարներուն եւ միւս յատուկ լիաժամ ծառաներուն նիւթապէս օժանդակելը։ Ատկէ զատ, կամաւոր նուիրատուութիւններն են, որ կարելի կը դարձնեն հրատարակութիւններ եւ վիտէօներ պատրաստելն ու թարգմանելը, աղէտներու ատեն շտապ օժանդակութիւնը, եւ Թագաւորութեան սրահներու շինարարութիւնը։ Կրնանք վստահ ըլլալ, որ օրհնեալ կ’ըլլայ «աղէկ աչք ունեցողը» կամ առատաձեռն եղողը։ Ասկէ զատ, երբ մեր ստացուածքէն Եհովային կ’ընծայենք, կը պատուենք զինք (Առ. 3։9. 22։9)։

Ոմանք ինչպէ՛ս համաշխարհային գործին կը նպաստեն

Ինչպէս որ էր պարագան Պօղոս առաքեալի օրերուն, շատեր ներկայիս ‘իրենց քով կը դիզեն ինչ որ կրնան’, կամ գումար մը մէկ կողմ կը դնեն, որպէսզի զայն զետեղեն ժողովքի նուիրատուութեան տուփին մէջ, որուն վրայ գրուած է՝ «Համաշխարհային գործին համար» (Ա. Կոր. 16։2)։ Ամէն ամիս, ժողովքները այդ նուիրատուութիւնները կ’ուղարկեն Եհովայի վկաներուն տեղական գրասենեակը։ Նաեւ, կրնաս նուիրատուութիւններդ ուղղակի ղրկել այն օրինական հաստատութեան, որ Եհովայի վկաները բնակած երկրիդ մէջ կը գործածեն։ Գիտնալու համար հաստատութեան անունը, հաճիս կապ պահէ մասնաճիւղին հետ։ Մասնաճիւղին հասցէն կարելի է գտնել մեր կայքին մէջ՝ www.jw.org/hy-latn։ Տեղական պայմանները նկատի առնելով, թերեւս հետեւեալ նուիրատուութիւնները կրնաս ուղղակի ղրկել.

ՈՒՂՂԱԿԻ ՊԱՐԳԵՒՆԵՐ

  • Նուիրատուութիւններ՝ ելեկտրոնային դրամական փոխանցումի միջոցաւ։ Կարգ մը մասնաճիւղերու մէջ, ասիկա նաեւ կարելի է՝ գործածելով jw.org կամ այլ որոշուած կայք մը։

  • Նուիրել դրամ, գոհարեղէն կամ ուրիշ արժէքաւոր պիտոյքներ։ Պարփակէ նամակ մը, որ կը նշէ թէ դրամը կամ պիտոյքը ուղղակի պարգեւ է։

ՊԱՅՄԱՆԱՒՈՐ ՆՈՒԻՐԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ ԿԱՐԳԱԴՐՈՒԹԻՒՆ

  • Դրամական նուիրատուութիւններ, պայմանաւ որ եթէ նուիրողը գումարին հարկ ունենայ, իրեն վերադարձուի։

  • Պարփակէ նամակ մը, որ կը նշէ թէ նուիրատուութիւնը պայմանաւոր է։

ԲԱՐԵՍԻՐԱԿԱՆ ԾՐԱԳԻՐՆԵՐ

Թագաւորութեան համաշխարհային ծառայութեան թիկունք կանգնելու համար, դրամի եւ արժէքաւոր պիտոյքներու կողքին կան նաեւ այլ կերպեր։ Ասոնք վարը նշուած են։ Ընտրած մեթոտդ ինչ որ ալ ըլլայ, հաճիս նախ մասնաճիւղին հետ կապ պահէ, տեսնելու համար թէ ո՛ր կերպը մատչելի է ապրած երկրիդ մէջ։ Որովհետեւ օրինական պահանջները եւ տուրքերը կը տարբերին, կարեւոր է որ տուրքի եւ օրինական հարցերու որակեալ խորհրդատուներու հետ խորհրդակցիս, որոշելու համար նուիրատուութիւն ընելու լաւագոյն կերպը։

Ապահովագրութիւն եւ հանգստաթոշակ։ Նուիրատուութիւն մը որ կը նշէ թէ Եհովայի վկաներու մէկ հաստատութիւնը, կեանքի ապահովագրութեան կամ հանգստաթոշակի նպաստընկալն է։

Դրամատան հաշիւներ։ Դրամատան հաշիւներ, որոնք անհատին մահէն ետք վճարելի կ’ըլլան Եհովայի վկաներու մէկ հաստատութեան, տեղական դրամատան պահանջներուն համաձայն։

Արժեթուղթեր եւ պարտատոմսեր։ Արժեթուղթեր եւ պարտատոմսեր, որոնք որպէս ուղղակի պարգեւ կը նուիրուին կամ անհատին մահէն ետք փոխանցելի կ’ըլլան Եհովայի վկաներու մէկ հաստատութեան։

Անշարժ գոյք։ Ծախուելիք կալուածներ, որոնք Եհովայի վկաներու մէկ հաստատութեան կը նուիրուին որպէս ուղղակի պարգեւ. իսկ եթէ ատիկա բնակելի վայր է, նուիրողը կրնայ զայն գործածել մինչեւ իր մահը։

Կտակներ եւ աւանդներ։ Կալուած կամ դրամ կրնայ կտակուիլ Եհովայի վկաներու մէկ հաստատութեան, զայն նշելով որպէս աւանդի համաձայնութենէ մը օգտուողը կամ օրինական կտակի մը միջոցաւ։ Այս կարգադրութիւնը տուրքերու որոշ առաւելութիւններ կրնայ ունենալ։

Ինչպէս որ «բարեսիրական ծրագիրներ» արտայայտութիւնը ցոյց կու տայ, այսպիսի նուիրատուութիւններ սովորաբար տուողին կողմէ որոշ չափով ծրագրում կը պահանջեն։ Բարեսիրական ծրագիրներու միջոցաւ Եհովայի վկաներու համաշխարհային գործին օգտակար դառնալ փափաքող անհատներուն աջակցելու համար, Բարեսիրական ծրագիրներ՝ Թագաւորութեան երկրապարփակ ծառայութեան ի նպաստ խորագրով գրքոյկ մը պատրաստուած է, անգլերէն եւ սպաներէն լեզուներով։ Գրքոյկը տեղեկութիւններ կու տայ, թէ ինչպէ՛ս կրնանք տարբեր կերպերով նուիրատուութիւններ ընել հիմա կամ յետագային,– զոր օրինակ՝ կտակ պատրաստելով։ Այս գրքոյկին բովանդակած տեղեկութիւնները թերեւս քու պարագայիդ լման կերպով չկիրարկուին, ապրած երկրիդ մէջ տուրքի կամ ուրիշ օրէնքներու պատճառաւ։ Նուիրատուութեան այս մեթոտները գործածելով, շատեր կրցած են մեր կրօնական եւ մարդասիրական երկրապարփակ գործունէութիւններուն աջակցիլ եւ տուրքերու առնչութեամբ մեծապէս օգտուած են։ Եթէ գրքոյկը ապրած երկրիդ մէջ մատչելի է, կրնաս տեղական ժողովքի քարտուղարէն զայն ձեռք ձգել։

Աւելի տեղեկութիւններ առնելու համար, www.jw.org/hy-latn կայքին որեւէ էջին տակը գտնուող «Նուիրատուութիւն ընել մեր համաշխարհային գործին համար» կապը կտտացուր, կամ ալ մասնաճիւղին հետ կապ պահէ։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել