Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դհ17 թիւ 4 էջ 4-7
  • Սուրբ Գիրքը ի՞նչ կ’ըսէ կեանքին եւ մահուան մասին

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Սուրբ Գիրքը ի՞նչ կ’ըսէ կեանքին եւ մահուան մասին
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (հանրամատչելի) 2017
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • ՍՈՒՐԲ ԳԻՐՔԸ ՀԱՐՑԸ ԿԸ ՇՏԿԷ
  • ՀԵԹԱՆՈՍԱԿԱՆ ԳԱՂԱՓԱՐ ՄԸ Կ’ԱՃԻ
  • «ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆԸ ՁԵԶ ՊԻՏԻ ԱԶԱՏԷ»
  • Յարութեան վրայ ձեր հաւատքը ո՞րքան զօրաւոր է
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1998
  • Հոգիի համար աւելի լաւ յոյս մը
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1996
  • Ո՞ւր կը գտնուին մեռելները
    Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ
  • Մահուընէ ետք կեանք՝ ի՞նչ է մարդոց հաւատքը այս մասին
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1999
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (հանրամատչելի) 2017
դհ17 թիւ 4 էջ 4-7
Գերեզմանին մէջ դիակ մը

ԿՈՂՔԻՆ ՆԻՒԹԸ | ԿԵԱՆՔԻՆ ԵՒ ՄԱՀՈՒԱՆ ՄԱՍԻՆ Ի՞ՆՉ Կ’ԸՍԷ ՍՈՒՐԲ ԳԻՐՔԸ

Սուրբ Գիրքը ի՞նչ կ’ըսէ կեանքին եւ մահուան մասին

Աստուածաշունչի Ծննդոց գիրքին մէջ գրուած է, թէ երբ Աստուած առաջին մարդը՝ Ադամը ստեղծեց, իրեն ըսաւ. «Պարտէզին բոլոր ծառերէն համարձակ կեր. բայց բարիի ու չարի գիտութեան ծառէն մի՛ ուտեր. քանզի այն օրը որ անկէ ուտես, անշուշտ պիտի մեռնիս» (Ծննդոց 2։16, 17)։ Այս խօսքը շատ յստակօրէն կը ցուցնէ, թէ եթէ Ադամ Աստուծոյ ըսածը մտիկ ընէր, պիտի չմեռնէր եւ պիտի շարունակէր Եդեմի պարտէզին մէջ ապրիլ։

Ծերացած Ադամն ու Եւան

Ցաւօք սրտի, փոխանակ հնազանդելու եւ յաւիտեան ապրելու, Ադամ ընտրեց Աստուծոյ ըսածը մտիկ չընել եւ արգիլուած պտուղէն կերաւ, երբ իր կինը՝ Եւան իրեն հրամցուց (Ծննդոց 3։1-6)։ Տակաւին մինչեւ այսօր կը քաշենք այս անհնազանդութեան արդիւնքները։ Պօղոս առաքեալ բացատրեց. «Ինչպէս մարդէ մը մեղքը աշխարհ մտաւ եւ այն մեղքէն՝ մահը, այնպէս բոլոր մարդոց վրայ տարածուեցաւ մահը, քանզի ամէնքն ալ մեղանչեցին» (Հռովմայեցիս 5։12)։ Անշուշտ, այդ «մարդ»ը Ադամն էր։ Բայց մեղքը ի՞նչ էր, եւ ատոր արդիւնքը ինչո՞ւ մահ էր։

Ադամին ըրածը մեղք էր. ան դիտմամբ չհնազանդեցաւ կամ կտրեց Աստուծոյ օրէնքը (Ա. Յովհաննէս 3։4)։ Եւ մեղքին արդիւնքը մահ է, ինչպէս որ Աստուած ըսաւ Ադամին։ Եթէ Ադամ,– եւ իր ապագայ սերունդը,– հնազանդ մնային Աստուծոյ ըսածին, մեղք պիտի չունենային եւ բնա՛ւ մահուան համը պիտի չառնէին։ Աստուած մարդը չստեղծեց որ մեռնի, հապա՝ որ յաւիտեան ապրի։

Խօսք չ’ուզեր որ մահը «բոլոր մարդոց վրայ տարածուեցաւ», ինչպէս որ Սուրբ Գիրքը ըսաւ։ Բայց արդեօք մեզմէ մաս մը կը շարունակէ՞ ապրիլ մեր մեռնելէն ետք։ Շատեր կ’ըսեն ա՛յո. մեր այն մասը որ հոգի կը կոչուի՝ անմահ է։ Բայց ասանկով անոնք կարծես թէ կ’ըսեն, թէ Աստուած սուտ խօսեցաւ Ադամին։ Ինչո՞ւ ասանկ կ’ըսենք։ Քանի որ եթէ մեր մահէն ետք մեզմէ մաս մը ուրիշ տեղ մը կ’երթայ ապրելու, ուրեմն մեղքին պատիժը մահ չէ, ինչպէս որ Աստուած ըսաւ։ Բայց Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ. «Անկարելի է, որ Աստուած սուտ խօսի» (Եբրայեցիս 6։18)։ Իրականութեան մէջ, Սատանան էր որ սուտ խօսեցաւ երբ Եւային ըսաւ. «Ո՛չ թէ անշուշտ պիտի մեռնիք» (Ծննդոց 3։4)։

Հարցում մը կը ծագի. եթէ հոգիի անմահութիւնը սուտ է, ուրեմն ի՞նչ կը պատահի երբ մէկը մեռնի։

ՍՈՒՐԲ ԳԻՐՔԸ ՀԱՐՑԸ ԿԸ ՇՏԿԷ

Ծննդոց գիրքը կ’ըսէ. «Տէր Աստուած գետնին հողէն շինեց մարդը եւ անոր ռնգունքներէն կենդանութեան շունչ փչեց ու մարդը կենդանի հոգի եղաւ» (Ծննդոց 2։7)։ «Կենդանի հոգի» արտայայտութիւնը թարգմանուած է եբրայերէն նէֆէշa բառէն, որ բառացիօրէն կը նշանակէ «շնչող էակ»։

Ուրեմն Սուրբ Գիրքը յստակ կը դարձնէ, թէ մարդ արարածը չէ ստեղծուած որպէս անմահ հոգի ունեցող անձ։ Հապա, ամէն մէկ անձ «կենդանի հոգի» է։ Ասոր համար, Սուրբ Գիրքին մէջ որքան ալ փնտռես, պիտի չգտնես նոյնիսկ մէկ համար որ կը գործածէ «անմահ հոգի» արտայայտութիւնը։

Եթէ Սուրբ Գիրքը չ’ըսեր թէ մարդիկ անմահ հոգի ունին, ինչո՞ւ բազմաթիւ կրօնքներ ասոր հակառակը կը սորվեցնեն։ Պատասխանը առնելու համար նկատի առնենք հին Եգիպտոսը։

ՀԵԹԱՆՈՍԱԿԱՆ ԳԱՂԱՓԱՐ ՄԸ Կ’ԱՃԻ

Ք.Ա. հինգերորդ դարու յոյն պատմաբան Հերոդոտոս ըսաւ, որ եգիպտացիները «առաջիններն էին որոնք քաջալերեցին հոգիին անմահութիւնը»։ Բաբելոնացիներուն մշակոյթին մէջ ալ սովորական էր անմահ հոգիին գաղափարը։ Երբ Ք.Ա. 332–ին Մեծն Աղեքսանդր Միջին Արեւելքը գրաւեց, յոյն փիլիսոփաները արդէն իսկ տարածած էին այս գաղափարը։ Եւ շատ չանցած, ատիկա տարածուեցաւ Յունական կայսրութեան չորս կողմը։

Սուրբ Գիրքին մէջ չես գտներ նոյնիսկ մէկ համար, որ «անմահ հոգի» արտայայտութիւնը կը գործածէ

Ք.Ե. առաջին դարուն, երկու յայտնի հրէական աղանդներ՝ եսենները եւ փարիսեցիները՝ կը սորվեցնէին, թէ հոգին կը շարունակէ ապրիլ մարմինին մահէն ետք։ Համայնագիտարան մը կ’ըսէ. «Հոգիին անմահութեան ուսուցումը հրեաներուն հասաւ, երբ շփման մէջ եկան յունական մտածումներու հետ, եւ գլխաւորաբար Պղատոնին փիլիսոփայութեան միջոցաւ» (The Jewish Encyclopedia)։ Նմանապէս, առաջին դարու հրեայ պատմաբան Յովսեպոս ըսաւ, թէ այս գաղափարը կը պատկանի «Յունաստանի որդիներուն ուսուցումին», եւ ոչ թէ Սուրբ Գրութիւններուն։ Իրեն համար, յունական ուսուցումները պարզապէս առասպելներ էին, յոյն դիցաբաններու կողմէ հնարուած։

Մինչ յունական մշակոյթը կը շարունակէր ա՛լ աւելի ազդեցութիւն ունենալ, «քրիստոնեաներ»ն ալ սկսան այս հեթանոսական գաղափարը սորվեցնել։ Պատմաբան Եոնա Լենտըրինկ կ’ըսէ, թէ Պղատոն ենթադրած էր որ մեր հոգին ժամանակին աւելի լաւ տեղ մը կ’ապրէր, իսկ հիմա ինկած աշխարհի մը մէջ կ’ապրի։ Ան կ’աւելցնէ թէ այս գաղափարը «դիւրացուց Պղատոնին փիլիսոփայութիւնը միացնել քրիստոնէութեան հետ»։ Այսպիսով, անմահ հոգիի հեթանոսական գաղափարը մտաւ «քրիստոնէական» եկեղեցիին մէջ, եւ գլխաւոր ուսուցում մը դարձաւ։

«ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆԸ ՁԵԶ ՊԻՏԻ ԱԶԱՏԷ»

Առաջին դարուն, Պօղոս առաքեալ ըսաւ. «Հոգին յայտնի կ’ըսէ թէ՝ վերջին ատենները մէկ քանիները հաւատքէն պիտի ապստամբին եւ մոլորեցուցիչ ոգիներու ու դեւերու ուսմունքներու ուշադրութիւն պիտի ընեն» (Ա. Տիմոթէոս 4։1)։ Ասիկա իրապէս պատահեցաւ։ Հոգիին անմահութեան գաղափարը «դեւերու ուսմունքներու»ն մէկ օրինակն է։ Սուրբ Գիրքը ատոր թիկունք չի կանգնիր, եւ ատիկա հիմնուած է հին հեթանոսական կրօնքներու եւ փիլիսոփայութիւններու վրայ։

Ուրախ լուր կայ։ Յիսուս ըսաւ. «Ճշմարտութիւնը պիտի գիտնաք ու այն ճշմարտութիւնը ձեզ պիտի ազատէ» (Յովհաննէս 8։32)։ Երբ Սուրբ Գիրքին մասին ճշգրիտ գիտութիւն առնենք, պիտի ազատինք այս աշխարհի բազմաթիւ կրօնքներուն քաջալերած ուսուցումներէն եւ սովորութիւններէն, որոնք Աստուած կ’անարգեն։ Ասկէ զատ, Աստուծոյ Խօսքին ճշմարտութիւնը մեզ կ’ազատէ մահուան հետ կապ ունեցող աւանդութիւններէն եւ նախապաշարումներէն (տե՛ս «Մեռելները ո՞ւր են» շրջանակը)։

Մեր Ստեղծիչին նպատակը չէր որ մենք միայն 70 կամ 80 տարի ապրինք երկրի վրայ, եւ ետքը երթանք ու յաւիտեան ապրինք ուրիշ տեղ մը։ Անոր բուն նպատակն էր որ մարդիկ հոս երկրի վրայ յաւիտեան ապրին որպէս իր հնազանդ զաւակները։ Այս մեծ նպատակը կը ցուցնէ, թէ Աստուած կը սիրէ մարդիկը։ Ատիկա անպայման պիտի կատարուի (Մաղաքիա 3։6)։ Սաղմոս 37։29–ն մեզի կը վստահեցնէ, ըսելով. «Արդարները պիտի ժառանգեն երկիրը ու յաւիտեան անոր մէջ պիտի բնակին»։

Կեանքին եւ մահուան մասին աւելի տեղեկութիւն առնելու համար, տե՛ս Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ գիրքին 6–րդ գլուխը, հրատարակուած՝ Եհովայի վկաներուն կողմէ։ Ատիկա նաեւ մատչելի է www.jw.org/hy-latn կայքին մէջ։

a Սուրբ Գիրքի բազմաթիւ նոր թարգմանութիւններ, ինչպէս՝ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ՝ ծանօթագրութիւններով, նէֆէշ բառը կը թարգմանեն «ապրող անձ»։

Մարդիկ կրնա՞ն յաւիտեան ապրիլ

Քանի մը տարի առաջ, հետազօտիչներ ծովուն տակ բոյսեր գտան, եւ կը կարծեն թէ ատոնք հազարաւոր տարիներէ ի վեր կ’ապրին, թերեւս երկրի վրայ որեւէ այլ էակէ աւելի։ Այս բոյսերը կը պատկանին Posidonia oceanica տեսակին, որ ծովային խոտ մըն է եւ Միջերկրական ծովուն յատակէն մեծ մասեր կը ծածկէ, Սպանիոյ եւ Կիպրոսի միջեւ։

Եթէ բոյսերը կրնան ա՛յսքան երկար ապրիլ, մարդիկն ալ կրնա՞ն։ Կարգ մը գիտնականներ որ ծերութեան մասին կ’ուսումնասիրեն, յոյս ունին որ մարդ արարածը աւելի երկար ապրի։ Օրինակ, այս նիւթին շուրջ գիրք մը կը ներկայացնէ «այն բազմաթիւ կարեւոր գիտական զարգացումները», որոնք այս մարզին մէջ եղած են։ Ապագային յայտնի կ’ըլլայ, թէ գիտական զարգացումները մարդուն կեանքը պիտի կարենա՛ն երկարել կամ ոչ։

Բայց յաւիտեան ապրելու յոյսը կախեալ չէ արդի գիտութենէն։ Սուրբ Գիրքը մեր Ստեղծիչին՝ Եհովա Աստուծոյ մասին կ’ըսէ. «Կեանքի աղբիւրը քու քովդ է» (Սաղմոս 36։9)։ Յիսուս Քրիստոս աղօթքի մը մէջ ըսաւ. «Այս է յաւիտենական կեանքը, որ ճանչնան քեզ միմիայն ճշմարիտ Աստուածդ ու Յիսուս Քրիստոսը, որ դուն ղրկեցիր» (Յովհաննէս 17։3)։ Իսկապէս, եթէ ջանանք Եհովա Աստուածը եւ իր Որդին՝ Յիսուս Քրիստոսը ճանչնալ ու զիրենք հաճեցնել, յաւիտենական օրհնութիւններ պիտի վայելենք։

Ծովային խոտ

Ըստ հետազօտիչներուն, ծովու խոտի այս տեսակին կարգ մը բոյսերը ապրած են հազարաւոր տարիներ

ՄԵՌԵԼՆԵՐԸ Ո՞ՒՐ ԵՆ

Յիսուս յարութիւն կու տայ Ղազարոսին

Մէկ բառով, Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ թէ մեռելները գերեզմանն են եւ յարութեան կը սպասեն (Յովհաննէս 5։28, 29)։ Անոնք չեն չարչարուիր, ոչ ալ որեւէ ցաւ կը զգան, քանի որ «մեռելները բան մը չեն գիտեր» (Ժողովող 9։5)։ Յիսուս մահը նմանցուց խոր քունի (Յովհաննէս 11։11-14)։ Ասոր համար, պէտք չունինք մեռելներէն վախնալու կամ ընծաներ տալով զանոնք հաճեցնելու։ Անոնք մեզի ո՛չ կրնան օգնել, ոչ ալ վնասել, քանի որ «գերեզման[ին] մէջ գործ, խորհուրդ, գիտութիւն ու իմաստութիւն չկայ» (Ժողովող 9։10)։ Աստուած յարութեան միջոցաւ յաւիտեան մէջտեղէն պիտի վերցնէ մահը (Ա. Կորնթացիս 15։26, 55. Յայտնութիւն 21։4)։

Ինչո՞ւ կրնաս վստահիլ Սուրբ Գիրքին ըսածին

Մենք լման վստահ ենք որ Սուրբ Գիրքին ըսածը վստահելի է։ Ինչո՞ւ։ Նկատի առ այս կէտերը.

  • Փետուր ու մելան

    Մէկ հեղինակ ունի։ Սուրբ Գիրքը ունի 66 գիրքեր, եւ շուրջ 40 հոգիներ գրած են զայն աւելի քան 1600 տարուան ընթացքին, Ք.Ա. 1513–էն շուրջ Ք.Ե. 98։ Հակառակ ասոր, գրուածները իրարու հետ համաձայն եւ համապատասխան են։ Ասիկա կը փաստէ որ բուն Հեղինակը ամենակարող Աստուածն է։ Ինքն էր որ տեղեկութիւնները տուաւ գրողներուն։

  • Սիւն մը

    Պատմական ճշգրտութիւն։ Սուրբ Գիրքին մէջ գրուած դէպքերը լման ներդաշնակ են փաստուած պատմական իրողութիւններուն հետ։ Գիրք մը կ’ըսէ. «Մինչ վէպերը, առասպելներն ու սուտ վկայութիւնները զգուշութեամբ կը ջանան իրենց պատմած դէպքերուն մէջ հեռաւոր վայրեր եւ անորոշ ժամանակներ յիշել. . . Աստուածաշունչի պատմութիւնները ամենայն ճշգրտութեամբ մեզի կու տան պատահած դէպքերուն թուականն ու վայրը» (A Lawyer Examines the Bible)։

  • Հիւլէ մը

    Գիտական ճշգրտութիւն։ Սուրբ Գիրքը գիտական գիրք մը չէ, բայց երբ գիտական բանի մը մասին կը խօսի, ճշգրիտ տեղեկութիւն կու տայ, նոյնիսկ առաջ որ գիտութիւնը զայն փաստէ։ Օրինակ, Ղեւտացւոց գիրքին 13–րդ եւ 14–րդ գլուխներուն մէջ, մաքրութեան եւ զգուշարանին մասին օրէնքներ տրուեցան իսրայէլացիներուն։ Ատոնք տրուեցան՝ մարդիկ մանրէներու եւ վարակումի մասին որեւէ բան գիտնալէ երկա՜ր տարիներ առաջ։ Սուրբ Գիրքը նաեւ կ’ըսէ թէ երկիրը կլոր է եւ ոչինչի վրայ կեցած է։ Ասոնք իրողութիւններ էին, որ գիտութիւնը դարե՜ր ետք կրցաւ լման հասկնալ (Յոբ 26։7. Եսայի 40։22)։

Ասոնք միայն քանի մը օրինակներ են, որոնք կը փաստեն թէ Սուրբ Գիրքը վստահելի է, ինչպէս որ ինք կ’ըսէ. «Բոլոր գիրքը Աստուծոյ շունչն է եւ օգտակար է սորվեցնելու, յանդիմանելու, շտկելու եւ արդարութեան մէջ խրատելու համար» (Բ. Տիմոթէոս 3։16)։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել