ԿՈՂՔԻՆ ՆԻՒԹԸ | ԼԱՒԱԳՈՅՆ ՆՈՒԷՐԸ Ի՞ՆՉ Է
«Ատիկա լաւագոյն նուէրն էր որ կեանքիս մէջ ստացած եմ»
13 տարեկան աղջիկ մը այսպէս զգաց, երբ շնիկ մը նուէր եկաւ իրեն։ Առեւտուրի աշխարհին մէջ յաջող եղող կին մը ըսաւ, որ երբ տակաւին դպրոց կ’երթար, իր հայրը իրեն տուաւ համակարգիչ մը, որ իր կեանքը փոխեց։ Իսկ նոր ամուսնացած տղամարդ մը սեպեց, որ իր ամուսնութեան առաջին յիշատակին՝ իր կնոջ շինած քարտը լաւագոյն նուէրն է որ իր կեանքին մէջ ստացած է։
Ամէն տարի, շատեր որոշ առիթներով ժամանակ կը տրամադրեն եւ ջանք կը թափեն, ‘լաւագոյն’ նուէրը փնտռելով իրենց բարեկամին կամ ազգականին համար։ Եւ ընդհանրապէս մարդիկ կ’ուզեն, որ նուէր ստացողը արտայայտուի ինչպէս որ վերը նշուած անհատները արտայայտուեցան։ Իսկ դո՞ւն։ Կ’ուզե՞ս իրապէս գնահատելի նուէրներ տալ կամ ստանալ։
Ոչ միայն ստացողը կ’ուրախանայ նուէրով, հապա տուողն ալ։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ. «Աւելի երանելի է տա՛լը, քան թէ առնելը» (Գործք 20։35)։ Անշուշտ, նուէր տուողը ա՛լ աւելի կ’ուրախանայ, երբ նուէրը շատ արժէք ունենայ ստացողին աչքին։
Ինչպէ՞ս կրնաս նուէր տալով իսկապէս ուրախանալ եւ դիմացինը ուրախացնել։ Իսկ եթէ չես կրնար ‘լաւագոյն’ նուէրը տալ, ի՞նչ կրնաս ընել որպէսզի տուած նուէրդ իսկապէս արժէքաւոր ըլլայ դիմացինին աչքին։