Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ17 Յուլիս էջ 22-26
  • Թող Աստուած «քու ամէն խորհուրդներդ կատարէ»

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Թող Աստուած «քու ամէն խորհուրդներդ կատարէ»
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2017
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • ԾՐԱԳԻՐՆԵՐ՝ ՈՐՈՆՔ ՔԵԶ ՊԻՏԻ ՈՒՐԱԽԱՑՆԵՆ
  • ԱՇԱԿԵՐՏԵԼԸ ԻՆՉՈ՞Ւ ԼԱՒԱԳՈՅՆ ԳՈՐԾՆ Է
  • ԾՐԱԳԻՐՆԵՐԴ Ո՞ՒՐ ԿՐՆԱՆ ՔԵԶ ԱՌԱՋՆՈՐԴԵԼ
  • ԱՊԱԳԱՅԻԴ ՆԿԱՏՄԱՄԲ Ի՞ՆՉ ԾՐԱԳԻՐՆԵՐ ՊԻՏԻ ԴՆԵՍ
  • Լիաժամ Ծառայութեան Ուրախութիւնները
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2002)
  • Ո՛վ երիտասարդներ. ի՞նչպէս պիտի գործածէք ձեր կեանքը
    Ո՛վ երիտասարդներ. ի՞նչպէս պիտի գործածէք ձեր կեանքը
  • Յիշէ՛ լիաժամ ծառայութեան մէջ եղողները
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2014
  • Ռահվիրայական Ծառայութիւնը Ձեզի՞ Համար Է
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1998)
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2017
դ17 Յուլիս էջ 22-26
Երիտասարդ եղբայր մը մէկ ձեռքին մէջ բռնած է լիաժամ ծառայութեան դիմումնագիր մը, իսկ միւսին մէջ՝ համալսարանի թերթիկ մը

Թող Աստուած «քու ամէն խորհուրդներդ կատարէ»

«Տէրոջմով ուրախացիր, քանզի անիկա կու տայ քեզի քու սրտիդ խնդրուածքները» (ՍԱՂ. 37։4)։

ԵՐԳԵՐ. 89, 140

Ի՞ՆՉ ԿԸ ԿԱՐԾԵՍ

  • Ո՞ր ծրագիրները կը ձգեն որ ուրախ ապագայ մը ունենաս։

  • Ի՞նչ կը սորվիս երբ պատանեկութենէդ սկսիս լիաժամ ծառայութեան։

  • Եթէ ռահվիրայութիւն ընես, ասիկա ինչի՞ կրնայ առաջնորդել քեզ։

1. Պատանիները ի՞նչ պէտք է որոշեն իրենց ապագային նկատմամբ, բայց ինչո՞ւ պէտք չունին չափէ դուրս մտահոգուելու (տե՛ս բացման նկարը)։

Ո՛Վ ՊԱՏԱՆԻՆԵՐ, հաւանաբար կը համաձայնիք թէ երբ ճամբայ պիտի ելլէք, նախ պէտք է ծրագրէք թէ ուր պիտի երթաք։ Կեանքը ճամբորդութեան կը նմանի, եւ ծրագրելու ժամանակը պատանեկութեան տարիքն է։ Անշուշտ, ծրագրելը դիւրին չէ։ Հետըր անունով քոյր մը կ’ըսէ. «Ասիկա վախնալիք է, քանի որ որոշումի առջեւ ես թէ կեանքիդ մէջ ինչ կ’ուզես ընել»։ Եթէ այսպէս կը զգաս, քա՛ջ եղիր, քանի որ Եհովան կ’ըսէ. «Մի՛ զարհուրիր, վասն զի ես քու Աստուածդ եմ. քեզ պիտի զօրացնեմ ու քեզի օգնութիւն պիտի ընեմ» (Եսա. 41։10)։

2. Ինչպէ՞ս գիտես թէ Եհովան կ’ուզէ որ ուրախ ապագայի մը համար ծրագրես։

2 Եհովան քեզ կը քաջալերէ որ իմաստութեամբ ծրագրես ապագադ (Ժող. 12։1. Մատ. 6։20)։ Ան կ’ուզէ որ ուրախ ըլլաս։ Ինչպէ՞ս գիտենք։ Ան հոյակապ տեսարաններ, ձայներ եւ համեր ստեղծած է մեզի համար։ Ան նաեւ մեզի հոգ կը տանի եւ կը սորվեցնէ թէ ի՛նչ է լաւագոյն ապրելակերպը։ Ասոր համար, իր խրատը մերժողներուն Եհովան կ’ըսէ. «Ինծի հաճելի չեղածը ընտրեցիք. . . Ահա իմ ծառաներս պիտի ուրախանան, բայց դուք պիտի ամչնաք։ Ահա իմ ծառաներս սրտի ուրախութեամբ պիտի ցնծան» (Եսա. 65։12-14)։ Երբ մեր կեանքին մէջ իմաստուն որոշումներ առնենք, Եհովային փառք կը բերենք (Առ. 27։11)։

ԾՐԱԳԻՐՆԵՐ՝ ՈՐՈՆՔ ՔԵԶ ՊԻՏԻ ՈՒՐԱԽԱՑՆԵՆ

3. Եհովան ի՞նչ կը քաջալերէ որ ընես։

3 Եհովան կը քաջալերէ որ ինչպիսի՞ ծրագիրներ դնես։ Ան մեզ այնպէս մը ստեղծած է, որ ուրախ ըլլալու համար պէտք է զինք ճանչնանք եւ հաւատարմօրէն ծառայենք իրեն (Սաղ. 128։1. Մատ. 5։3)։ Մենք շատ տարբեր ենք անասուններէն, որոնք միայն կ’ուտեն, կը խմեն եւ ձագեր կ’ունենան։ Եհովան կ’ուզէ որ կեանքդ այնպէս մը ծրագրես, որ ուրախ եւ իմաստալից ըլլայ։ Ան «սիրոյ» Աստուածն է՝ «երանելի» Աստուածը, որ «իր պատկերովը» ստեղծեց մարդը (Բ. Կոր. 13։11. Ա. Տիմ. 1։11. Ծն. 1։27)։ Ուրախ պիտի ըլլաս եթէ մեր սիրալիր Աստուծոյ նմանիս։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ. «Աւելի երանելի է տա՛լը, քան թէ առնելը» (Գործք 20։35)։ Այս խօսքին ճիշդ ըլլալը տեսա՞ծ ես կեանքիդ մէջ։ Ասիկա մարդկային կեանքին մէջ իրականութիւն մըն է։ Ուրեմն, Եհովան կ’ուզէ որ ուրիշներուն եւ իրեն հանդէպ ունեցած սիրոյդ հիման վրայ դնես ծրագիրներդ (կարդա՛ Մատթէոս 22։36-39)։

4, 5. Ի՞նչ բան Յիսուսը ուրախացուց։

4 Յիսուս Քրիստոս շատ լաւ օրինակ ձգած է պատանիներուն։ Անկասկած, ան իր մանկութեան շրջանին կը խաղար, ինչպէս նաեւ ուրախ–զուարթ ժամանակ կ’անցընէր։ Աստուծոյ Խօսքը կ’ըսէ թէ «ծիծաղելու ժամանակ. . . ու ցատկռտելու ժամանակ» կայ (Ժող. 3։4, ԱԾ)։ Յիսուս նաեւ Սուրբ Գրութիւնները սերտելով Աստուծոյ մօտեցաւ։ Երբ ան 12 տարեկան էր, տաճարին ուսուցիչները զարմացան հոգեւոր նիւթերու առնչութեամբ իր «իմաստութեանը ու պատասխաններուն վրայ» (Ղուկ. 2։42, 46, 47)։

5 Յիսուս մեծնալէն ետքն ալ ուրախ էր։ Ինչո՞ւ։ Ան գիտէր թէ Աստուած կ’ուզէր որ ինք ‘աղքատներուն աւետարան քարոզէ եւ կոյրերուն տեսութիւն քարոզէ’ (Ղուկ. 4։18, 19)։ Աստուծոյ խնդրածը ընելը ուրախութիւն տուաւ Յիսուսին։ Սաղմոս 40։8–ը կ’արտայայտէ իր զգացումները. «Քու կամքդ կատարել փափաքեցայ»։ Յիսուս հաճոյք կ’առնէր իր երկնաւոր Հօր մասին սորվեցնելէ (կարդա՛ Ղուկաս 10։21)։ Անգամ մը, ան ճշմարիտ պաշտամունքին մասին խօսեցաւ կնոջ մը, եւ ետքը իր աշակերտներուն ըսաւ. «Իմ կերակուրս այն է, որ ես զիս ղրկողին կամքը ընեմ եւ անոր գործը կատարեմ» (Յովհ. 4։31-34)։ Յիսուս ուրախ էր, քանի որ Աստուծոյ եւ ուրիշներուն հանդէպ սէր կը ցուցնէր։ Դո՛ւն ալ կրնաս նոյն ձեւով ուրախ ըլլալ։

6. Ինչո՞ւ կ’արժէ որ ապագայի ծրագիրներուդ մասին խօսիս փորձառու քրիստոնեաներու հետ։

6 Շատեր իրենց պատանեկութենէն սկսան ռահվիրայութիւն ընել, եւ ասոր մէջ ուրախութիւն գտան։ Կրնաս անոնցմէ ոմանց հետ խօսիլ ծրագիրներուդ մասին։ «Առանց խորհուրդի՝ դիտաւորութիւնները կը ցրուին, բայց խորհրդատուներու շատութիւնովը կը հաստատուին» (Առ. 15։22)։ Այսպիսի հոգեւոր անձեր քեզի պիտի ըսեն, որ լիաժամ ծառայութիւնը քեզի կու տայ այնպիսի կրթութիւն մը, որ լման կեանքիդ ընթացքին օգտակար կը դառնայ քեզի։ Յիսուս երկնքին մէջ այսպիսի կրթութիւն ստացաւ իր Հօրմէն։ Ետքը՝ մինչ երկրի վրայ կը քարոզէր, ան շարունակեց սորվիլ։ Օրինակ, ան տեսաւ որ բարի լուրը մարդոց սրտին հասցնելը եւ դժուարութիւններու մէջ հաւատարիմ մնալը ուրախութիւն կու տան (կարդա՛ Եսայի 50։4. Եբ. 5։8. 12։2)։ Հիմա տեսնենք թէ ինչո՛ւ լիաժամ ծառայութիւնը կրնայ քեզ շատ ուրախացնել։

ԱՇԱԿԵՐՏԵԼԸ ԻՆՉՈ՞Ւ ԼԱՒԱԳՈՅՆ ԳՈՐԾՆ Է

7. Ինչո՞ւ շատ մը պատանիներ կը սիրեն աշակերտելու գործը։

7 Յիսուս ըսաւ. «Գացէ՛ք բոլոր ազգերը աշակերտեցէք. . . Սորվեցուցէք անոնց» (Մատ. 28։19, 20)։ Եթէ կը ծրագրես աշակերտել, պիտի ունենաս կեանք մը որ շատ պիտի ուրախացնէ քեզ եւ Եհովային փառք պիտի բերէ։ Անշուշտ, ժամանակ կ’ուզես որ այս գործին մէջ վարպետ դառնաս։ Թիմըթի անունով եղբայր մը, որ իր պատանեկութեան սկսաւ ռահվիրայութիւն ընել, ըսաւ. «Կը սիրեմ լիաժամ ծառայել Եհովային, քանի որ այս ձեւով իմ սէրս կ’արտայայտեմ իրեն հանդէպ։ Սկիզբը, ո՛չ մէկ դաս ունէի, բայց ետքը ուրիշ թաղամաս փոխադրուեցայ եւ մէկ ամսուան մէջ ունեցայ քանի մը դասեր։ Աշակերտներէս մէկը սկսաւ Թագաւորութեան սրահ գալ։ Երկու ամիս տեւող՝ Ամուրի եղբայրներու աստուածաշնչական դպրոցըa երթալէս ետք, նոր նշանակում մը ստացայ, ուր չորս դասեր ունեցայ։ Կը սիրեմ մարդոց սորվեցնել, քանի որ կը տեսնեմ որ սուրբ հոգին ինչպէ՛ս կը փոխէ զիրենք» (Ա. Թես. 2։19)։

8. Կարգ մը պատանիներ ի՞նչ ըրած են, որպէսզի աւելի մարդոց քարոզեն։

8 Կարգ մը պատանիներ նոր լեզու մը սորված են։ Օրինակ, Հիւսիսային Ամերիկայէն եղող Ճէյքըպ գրեց. «Երբ եօթը տարեկան էի, դասընկերներէս շատեր վիեթնամցի էին։ Կ’ուզէի Եհովային մասին խօսիլ իրենց, եւ ասոր համար շատ չանցած՝ ծրագրեցի որ իրենց լեզուն սորվիմ։ Մեծաւ մասամբ լեզուն սորվեցայ՝ անգլերէն եւ վիեթնամերէն Դիտարան–ները իրարու հետ բաղդատելով։ Նաեւ բարեկամներ ունեցայ մօտ եղող վիեթնամախօս ժողովքէն։ Երբ 18 տարեկան էի, սկսայ ռահվիրայութիւն ընել։ Յետագային, գացի Ամուրի եղբայրներու աստուածաշնչական դպրոցը։ Ասիկա ինծի օգնեց հիմակուան ռահվիրայական նշանակումիս մէջ, ուր միակ երէցն եմ վիեթնամախօս խումբի մը մէջ։ Շատ մը վիեթնամցիներ կը զարմանան որ իրենց լեզուն սորված եմ։ Անոնք զիս ներս կը հրաւիրեն եւ շատ անգամներ առիթը կ’ունենամ Սուրբ Գիրքը սերտելու անոնց հետ։ Ոմանք նոյնիսկ մկրտուեցան» (համեմատէ՛ Գործք 2։7, 8)։

9. Աշակերտելու գործը ի՞նչ կը սորվեցնէ մեզի։

9 Աշակերտելը քեզի կը սորվեցնէ գործի լաւ սովորութիւններ, լաւ հաղորդակցիլ, եւ ինքնավստահ ու փափկանկատ ըլլալ (Առ. 21։5. Բ. Տիմ. 2։24)։ Սակայն բուն պատճառը թէ ինչո՛ւ այս գործը շատ կ’ուրախացնէ քեզ այն է, թէ կը սորվիս Սուրբ Գիրքէն փաստել թէ ինչի կը հաւատաս։ Նաեւ կը սորվիս Եհովային հետ սերտօրէն աշխատիլ (Ա. Կոր. 3։9)։

10. Ինչպէ՞ս կրնաս աշակերտելու գործին մէջ ուրախ ըլլալ, նոյնիսկ երբ դժուար թաղամաս մը ունենաս։

10 Կրնաս աշակերտելու գործին մէջ ուրախ ըլլալ, նոյնիսկ եթէ թաղամասիդ մէջ քիչեր կ’ընդունին Սուրբ Գիրքը սերտել։ Աշակերտելու գործին մէջ լման ժողովքը կ’աշխատի եւ անկեղծ անհատներ կը փնտռէ։ Թէեւ թերեւս միայն մէկ եղբայր կամ մէկ քոյր գտնէ անձ մը, որ ի վերջոյ աշակերտ կը դառնայ, բայց բոլորը կրնան ուրախանալ, քանի որ բոլորը մասնակցեցան փնտռելու գործին։ Օրինակ, Պրէնտըն անունով եղբայր մը ինը տարի ծառայեց թաղամասի մը մէջ, ուր քիչեր բարի լուրը կ’ընդունին։ Ան կ’ըսէ. «Կը սիրեմ բարի լուրը քարոզել, քանի որ Եհովա՛ն մեզմէ խնդրած է ասիկա։ Ռահվիրայութեան սկսայ դպրոցը վերջացնելէս քիչ ետք։ Կը սիրեմ ժողովքին պատանի եղբայրները քաջալերել եւ անոնց հոգեւոր յառաջդիմութիւնը տեսնել։ Ամուրի եղբայրներու աստուածաշնչական դպրոցը երթալէ ետք, նոր ռահվիրայական նշանակումի մը սկսայ։ Ճիշդ է որ բնա՛ւ չեմ գտած անհատ մը, որ յառաջդիմեց մինչեւ մկրտութիւն, բայց ուրիշներ գտած են։ Ուրախ եմ որ ծրագրեցի լման մասնակցիլ աշակերտելու գործին» (Ժող. 11։6)։

ԾՐԱԳԻՐՆԵՐԴ Ո՞ՒՐ ԿՐՆԱՆ ՔԵԶ ԱՌԱՋՆՈՐԴԵԼ

11. Շատ մը պատանիներ ծառայութեան ո՞ր կերպը փորձած են։

11 Շատ մը կերպերով կրնանք Եհովային ծառայել։ Օրինակ, շատ մը պատանիներ կամաւորաբար կ’աշխատին շինարարական գործին մէջ։ Հարիւրաւոր Թագաւորութեան սրահներու պէտք կայ։ Այս գործը Եհովային փառք կը բերէ եւ քեզ կ’ուրախացնէ։ Նաեւ եղբայրներուդ եւ քոյրերուդ հետ աշխատիլը ուրախութիւն կու տայ։ Ասկէ զատ, բազմաթիւ բաներ կրնաս սորվիլ, ինչպէս՝ ապահով կերպով ընել գործ մը, աշխատասէր ըլլալ եւ վերակացուներուդ հետ համագործակցիլ։

Երիտասարդուհիի մը նկարներն ու յիշատակները լիաժամ ծառայութեան մէջ

Լիաժամ ծառայողներուն առջեւ բազմաթիւ օրհնութիւններ կան (տե՛ս պարբերութիւն 11-13)

12. Ռահվիրայութիւնը ինչպէ՞ս կրնայ ուրիշ բաներու դուռ բանալ։

12 Քեւըն անունով եղբայր մը կ’ըսէ. «Մանկութենէս ի վեր ուզած եմ օրին մէկը Եհովային լիաժամ ծառայել։ 19 տարեկանիս, վերջապէս սկսայ ռահվիրայութիւն ընել։ Շինարար եղբօր մը քով կիսաժամ աշխատելով կրցայ պէտքերս ապահովել։ Սորվեցայ հեծցնել տանիքներ, պատուհաններ եւ դռներ։ Յետագային՝ ոլորամրրիկէ մը ետք, երկու տարի աշխատեցայ շինարարական խումբի մը մէջ, եւ վերաշինեցինք Թագաւորութեան սրահներ ու եղբայրներուն տուները։ Երբ լսեցի թէ Հարաւային Ափրիկէի մէջ շինարարութեան մեծ պէտք կայ, դիմումնագիր ներկայացուցի եւ հրաւէր ստացայ որ հոն երթամ։ Հոս Ափրիկէի մէջ, քանի մը շաբթուան ընթացքին կը վերջացնենք Թագաւորութեան սրահի մը շինարարութիւնը, եւ կը սկսինք ուրիշի մը։ Մեր շինարարութեան խումբը ընտանիքի պէս է. միասին կ’ապրինք, միասին Սուրբ Գիրքը կը սերտենք եւ միասին կ’աշխատինք։ Նաեւ կը սիրեմ ամէն շաբաթ տեղացի եղբայրներուն հետ քարոզել։ Չէի ակնկալեր որ պզտիկ տարիքիս դրած ծրագիրներս այսքա՛ն պիտի ուրախացնէին զիս»։

13. Բեթէլի ծառայութիւնը ինչո՞ւ կ’ուրախացնէ պատանիները։

13 Ռահվիրայ եղողներէն ոմանք հիմա Բեթէլին մէջ կը ծառայեն։ Բեթէլի ծառայութիւնը ուրախութիւն կու տայ, քանի որ հոն ի՛նչ որ ընես՝ Եհովային համար է։ Բեթէլի ընտանիքը կ’օգնէ որ հոգեւոր սնունդ հասնի մարդոց։ Տասթըն անունով բեթէլական մը կ’ըսէ. «Երբ ինը տարեկան էի, նպատակակէտ դրի որ լիաժամ պիտի ծառայեմ ապագային, իսկ երբ դպրոցը վերջացուցի՝ ռահվիրայութեան սկսայ։ Մէկուկէս տարի ետք, Բեթէլ հրաւիրուեցայ եւ հոն սորվեցայ տպագրամեքենաներ աշխատցնել, իսկ յետագային սորվեցայ համակարգիչի յայտագիրներ պատրաստել։ Բեթէլին մէջ, ուղղակի կազմակերպութենէն կ’առնեմ լուրերը, թէ աշակերտելու գործը ինչպէ՛ս կը յառաջդիմէ աշխարհին մէջ։ Կը սիրեմ հոս ծառայել, քանի որ մեր ըրածը կ’օգնէ մարդոց որ Եհովային մօտենան»։

ԱՊԱԳԱՅԻԴ ՆԿԱՏՄԱՄԲ Ի՞ՆՉ ԾՐԱԳԻՐՆԵՐ ՊԻՏԻ ԴՆԵՍ

14. Ի՞նչ կրնաս ընել որպէսզի գտնես գործ մը, որ քեզի պիտի օգնէ ռահվիրայութիւն ընելու։

14 Ինչպէ՞ս կրնաս պատրաստուիլ լիաժամ ծառայութեան։ Հոգեւոր յատկութիւնները ամէն բանէ աւելի պիտի օգնեն քեզի, որ լաւագոյն կերպով ծառայես Եհովային։ Ասոր համար, կանոնաւորաբար սերտէ Աստուծոյ Խօսքը, խորապէս մտածէ ատոր վրայ եւ փորձէ պատասխանել ժողովներուն ընթացքին։ Դպրոցական տարիներուդ մէջ կրնաս ջանք թափել, որ փորձառու եւ վարպետ դառնաս բարի լուրը քարոզելուն մէջ։ Սորվէ ուրիշներով հետաքրքրուիլ՝ փափկանկատօրէն անոնց կարծիքը հարցնելով եւ անոնց ըսածը մտիկ ընելով։ Նաեւ կրնաս ժողովքին մէջ բաներ ընել, ինչպէս՝ Թագաւորութեան սրահը մաքրել եւ նորոգել։ Եհովան ուրախութեամբ կը գործածէ աշխատելու պատրաստ եղող եւ խոնարհ անհատները (կարդա՛ Սաղմոս 110։3. Գործք 6։1-3)։ Պօղոս առաքեալ Տիմոթէոսը հրաւիրեց միսիոնարական գործին, քանի որ ան «եղբայրներէն ալ բարի վկայուած էր» (Գործք 16։1-5)։

15. Գործ գտնելու համար ի՞նչ կրնաս ընել։

15 Լիաժամ ծառաները ընդհանրապէս պէտք ունին իրենց ապրուստը ճարելու (Գործք 18։2, 3)։ Թերեւս կրնաս կարճ դասընթացք մը առնել, որ քեզի պիտի օգնէ որ շրջանիդ մէջ պահանջուած կիսաժամ գործ մը գտնես։ Մինչ ծրագիրներ կը դնես, շրջանային տեսուչին եւ շրջանիդ ռահվիրաներուն կարծիքն ալ առ, եւ հարցուր որ ռահվիրաներուն համար ի՛նչ յարմար գործեր կան։ Ետքը, ինչպէս որ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ, «քու գործերդ Տէրոջը յանձնէ եւ քու խորհուրդներդ պիտի հաստատուին» (Առ. 16։3. 20։18)։

16. Պատանեկութեան ժամանակ լիաժամ ծառայելը ինչպէ՞ս կ’օգնէ քեզի, որ ապագային ուրիշ պատասխանատուութիւններ շալկես։

16 Կրնաս վստահ ըլլալ թէ Եհովան կ’ուզէ որ ամուր բռնես ուրախ ապագայ մը (կարդա՛ Ա. Տիմոթէոս 6։18, 19)։ Լիաժամ ծառայութիւնը քեզի կ’օգնէ որ հոգեւորապէս հասուն ըլլաս, մինչ կը ծառայես ուրիշ լիաժամ ծառաներու հետ։ Շատեր տեսած են թէ պատանեկութեան ժամանակ լիաժամ ծառայելը օգնած է իրենց, որ յետագային յաջող ամուսնութիւն մը ունենան։ Շատ անգամներ, անոնք որոնք ամուսնութենէ առաջ ռահվիրայութիւն ըրած են, կրցած են իրենց կողակիցին հետ շարունակել ռահվիրայութիւն ընել (Հռով. 16։3, 4)։

17, 18. Ծրագրելուն մէջ սիրտը դեր ունի՞։

17 Ծրագրելուն մէջ սիրտդ դեր կը խաղայ։ Սաղմոս 20։4–ը Եհովային մասին կ’ըսէ. «Քու սրտիդ համեմատ քեզի տայ եւ քու ամէն խորհուրդներդ կատարէ»։ Մտածէ թէ ինչ կ’ուզես ընել կեանքիդ մէջ։ Նկատի առ թէ Եհովան ի՛նչ կ’ընէ մեր օրերուն եւ դուն ինչ կրնաս ընել իր գործին մէջ։ Ետքը, ծրագրէ զինք ուրախացնող բաներ ընել։

18 Եթէ լիովին ծառայես Եհովային եւ իրեն փառք բերես, շատ ուրախ պիտի ըլլաս։ Իրապէս ‘Տէրոջմով պիտի ուրախանաս, քանզի անիկա կու տայ քեզի քու սրտիդ խնդրուածքները’ (Սաղ. 37։4)։

a Այս դպրոցին տեղը առաւ՝ «Թագաւորութեան աւետարանիչներու դպրոց»ը։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել