Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ18 Օգոստոս էջ 23-27
  • Ամէն օր Եհովային հետ աշխատէ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ամէն օր Եհովային հետ աշխատէ
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2018
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • ՕԳՆԷ ԸՆՏԱՆԻՔԻԴ ԵՒ ԺՈՂՈՎՔԻ ԱՆԴԱՄՆԵՐՈՒՆ
  • ՀԻՒՐԱՍԷՐ ԵՂԻՐ
  • ԱՍՏՈՒԱԾՊԵՏԱԿԱՆ ԾՐԱԳԻՐՆԵՐՈՒ ՄԱՍՆԱԿՑԷ
  • ԾԱՌԱՅՈՒԹԻՒՆԴ ԱՒԵԼՑՈՒՐ
  • Յիշէ՛ լիաժամ ծառայութեան մէջ եղողները
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2014
  • Սրբազան ծառայութեան առանձնաշնորհումները մեծապէս արժեւորենք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1998
  • Հոգեւոր քոյրերուդ թիկունք կանգնէ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2020
  • Մենք Մեզ Կամաւ Ներկայացնենք Ամէն Բարի Գործի Համար
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1995)
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2018
դ18 Օգոստոս էջ 23-27
Եղբայրներն ու քոյրերը կ’այցելեն անկարող հաւատակիցի մը

Ամէն օր Եհովային հետ աշխատէ

«Աստուծոյ գործակից ենք» (Ա. ԿՈՐ. 3։9)։

ԵՐԳԵՐ. 44, 75

ԻՆՉՊԷ՞Ս ԵՀՈՎԱՅԻՆ ՀԵՏ Կ’ԱՇԽԱՏԻՍ՝

  • երբ ընտանիքիդ եւ ժողովքի անդամներուն կ’օգնես։

  • երբ հիւրասէր կը գտնուիս։

  • երբ կամաւոր գործ կ’ընես եւ ծառայութիւնդ կ’աւելցնես։

1. Ի՞նչ կերպերով կրնանք Եհովային հետ աշխատիլ։

ԵՐԲ Եհովան կատարեալ մարդիկ ստեղծեց, ուզեց որ անոնք իր գործակիցները ըլլան։ Թէեւ ներկայիս մարդկութիւնը անկատար է, բայց հաւատարիմ անհատներ տակաւին կրնա՛ն ամէն օր Եհովային հետ աշխատիլ։ Օրինակ, «Աստուծոյ գործակից»ները կ’ըլլանք, երբ Թագաւորութեան բարի լուրը կը քարոզենք եւ կ’աշակերտենք (Ա. Կոր. 3։5-9)։ Մեզի համար շատ մեծ առանձնաշնորհում է, որ ամենակարող Ստեղծիչը մեզ զատած է, որ այս շատ կարեւոր գործը ընենք։ Բայց քարոզելն ու աշակերտելը միակ գործերը չեն, որոնց մէջ Եհովային գործակիցներն ենք։ Այս յօդուածին մէջ պիտի տեսնենք թէ ինչպէ՛ս Աստուծոյ հետ աշխատած կ’ըլլանք, երբ կ’օգնենք մեր ընտանիքին եւ ժողովքի անդամներուն, երբ հիւրասէր կը գտնուինք, երբ աստուածպետական ծրագիրներու կը մասնակցինք եւ երբ մեր սուրբ ծառայութիւնը կ’աւելցնենք (Կող. 3։23)։

2. Եհովային համար մեր ըրածները ինչո՞ւ բնաւ պէտք չէ բաղդատենք ուրիշներուն ըրածներուն հետ։

2 Մինչ այս յօդուածը կը սերտենք, ինչ որ Եհովային համար կ’ընես մի՛ բաղդատեր ուրիշներուն ըրածներուն հետ։ Յիշէ թէ տարիքը, առողջութիւնը, կարողութիւնները եւ կեանքի պայմանները անձէ անձ կը տարբերին։ Պօղոս առաքեալ ըսաւ. «Ամէն մէկը թող իր գործը կշռէ եւ իր գոհունակութիւնը միայն ինքն իրեն պահէ, փոխանակ ինքզինք ուրիշներու հետ բաղդատելու» (Գաղ. 6։4, ՆԹ)։

ՕԳՆԷ ԸՆՏԱՆԻՔԻԴ ԵՒ ԺՈՂՈՎՔԻ ԱՆԴԱՄՆԵՐՈՒՆ

3. Ինչո՞ւ կրնայ ըսուիլ որ ամէն ով որ իր ընտանիքին հոգ կը տանի, Եհովային հետ կը համագործակցի։

3 Եհովան կ’ակնկալէ որ մեր ընտանիքին հոգ տանինք։ Օրինակ, թերեւս պէտք է աշխատիս, որպէսզի ընտանիքիդ պէտքերը ապահովես։ Շատ մը մայրեր ստիպուած են տունը մնալու, որպէսզի իրենց մանուկներուն հոգ տանին։ Եւ թերեւս մեզմէ ոմանք պէտք է իրենց անկարող ծնողներուն հոգ տանին։ Ասոնք անհրաժեշտ բաներ են։ Աստուծոյ Խօսքը կ’ըսէ. «Եթէ մէկը իրեններուն ու մանաւանդ իր ընտանիքին հոգ չի տանիր, անիկա հաւատքը ուրացած է ու անհաւատէ մըն ալ գէշ է» (Ա. Տիմ. 5։8)։ Եթէ այսպիսի պատասխանատուութիւններ ունիս, շատ հաւանաբար կը զգաս որ չես կրնար Եհովային տալ որքա՛ն որ կ’ուզես տալ։ Բայց մի՛ յուսահատիր։ Եհովան կը հաճի երբ ընտանիքիդ հոգ կը տանիս (Ա. Կոր. 10։31)։

4. Ծնողները ինչպէ՞ս կրնան Թագաւորութեան շահերը առաջին տեղը դնել, եւ արդիւնքը ի՞նչ կ’ըլլայ։

4 Ծնողները կրնան Եհովային հետ աշխատիլ, իրենց զաւակներուն օգնելով որ հոգեւոր նպատակակէտեր դնեն։ Շատեր ասիկա ըրած են եւ յետագային իրենց տղաներն ու աղջիկները որոշած են Եհովային լիաժամ ծառայել, նոյնիսկ հեռու շրջաններու մէջ։ Անոնցմէ ոմանք միսիոնարներ են, ուրիշներ ռահվիրայութիւն կ’ընեն ուր որ հրատարակիչներու աւելի պէտք կայ, իսկ ոմանք ալ Բեթէլին մէջ կը ծառայեն։ Անշուշտ, երբ զաւակները հեռու տեղ ըլլան, ասիկա կը նշանակէ որ ծնողները չեն կրնար իրենց ուզածին չափ ժամանակ անցընել անոնց հետ։ Բայց անձնազոհ ծնողները իրենց զաւակները կը քաջալերեն, որ իրենց նշանակումին մէջ մնան։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ շատ ուրախ են, որ իրենց զաւակները առաջին տեղը կը դնեն Թագաւորութեան շահերը (Գ. Յովհ. 4)։ Այս ծնողներէն շատեր Աննային պէս կը զգան, որ ըսաւ թէ իր տղան՝ Սամուէլը ‘փոխ տուաւ’ Եհովային։ Անոնց համար, այս կերպով Եհովային հետ աշխատիլը մեծ առանձնաշնորհում մըն է (Ա. Թագ. 1։28)։

5. Ինչպէ՞ս կրնաս ժողովքիդ եղբայրներուն ու քոյրերուն օգնել (տե՛ս բացման նկարը)։

5 Եթէ ընտանեկան ծանր պատասխանատուութիւններ չունիս, կրնա՞ս օգնել այն եղբայրներուն կամ քոյրերուն, որոնք հիւանդ կամ տարեց են, կամ ալ ուրիշ պէտքեր ունին։ Անոնց հոգ տանողներուն կրնա՞ս օգնել։ Նայէ թէ ժողովքիդ մէջ ո՛վ օգնութեան պէտք ունի։ Թերեւս կայ քոյր մը, որ իր տարեց ծնողքին հոգ կը տանի։ Կրնա՞ս անոր ծնողքին հետ ժամանակ անցընել, որպէսզի քոյրը կարենայ ուրիշ գործեր կարգի դնել։ Կամ թերեւս կրնաս մէկու մը օգնութեան ձեռք երկարել, զինք տանելով ժողովի, գնումի, դուրսի գործերը կատարելու կամ հիւանդանոց՝ մէկու մը այցելելու։ Այսպէս ընելով, թերեւս Եհովային հետ աշխատած կ’ըլլաս, որ մէկու մը աղօթքին պատասխանէ (կարդա՛ Ա. Կորնթացիս 10։24)։

ՀԻՒՐԱՍԷՐ ԵՂԻՐ

6. Հիւրասէր ըլլալը ի՞նչ կը պարփակէ։

6 Աստուծոյ գործակիցները ճանչցուած են իրենց հիւրասիրութեամբ։ Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւններուն մէջ, «հիւրասիրութիւն» թարգմանուած բառը կը նշանակէ՝ «օտարներու հանդէպ ազնուութիւն» (Եբ. 13։2)։ Աստուծոյ Խօսքին մէջ կան օրինակներ, թէ ինչպէ՛ս կրնանք այս ազնուութիւնը ցոյց տալ (Ծն. 18։1-5)։ Պէտք է առիթներ փնտռենք որ ուրիշներուն օգնենք, մեր հաւատակիցները ըլլա՛ն կամ ոչ (Գաղ. 6։10)։

7. Ի՞նչ օգուտներ կը քաղես, հիւրասիրելով այցելու լիաժամ ծառաները։

7 Կրնա՞ս Եհովային հետ աշխատիլ, հիւրասիրելով այցելու լիաժամ ծառաները (կարդա՛ Գ. Յովհաննէս 5, 8)։ Ասիկա առիթ մըն է որ փոխադարձ քաջալերութիւն ստանաք (Հռով. 1։11, 12)։ Նկատի առ Օլաֆին փորձառութիւնը։ Երբ ան երիտասարդ էր, ամուրի շրջանային տեսուչ մը իր ժողովքին այցելեց։ Ան մնալու տեղ չունէր, բայց ժողովքին մէջ ո՛չ մէկը կրնար անոր օգնել։ Օլաֆ իր Վկայ չեղող ծնողքին հարցուց, որ արդեօք շրջանային տեսուչը կրնա՞յ իրենց տունը մնալ։ Անոնք համաձայնեցան բայց Օլաֆին ըսին, որ ինք պիտի ստիպուէր տիվանին վրայ պառկիլ։ Օլաֆ ընդունեց եւ բնա՛ւ չզղջաց ատոր համար։ Ան կը պատմէ. «Ի՜նչ աղուոր շաբաթ մըն էր։ Շրջանային տեսուչը եւ ես առտուն կանուխ կ’արթննայինք եւ նախաճաշի ատեն շատ մը հետաքրքրական նիւթեր կը խօսէինք։ Իր տուած քաջալերութիւնը մէջս արթնցուց լիաժամ ծառայելու փափաքը»։ Վերջին 40 տարիներուն, Օլաֆ որպէս միսիոնար ծառայած է շատ մը երկիրներու մէջ։

8. Ինչո՞ւ պէտք է ազնիւ ըլլանք, նոյնիսկ երբ սկիզբը դիմացինը չգնահատէ զայն. օրինակ մը տուր։

8 Կրնաս շատ մը կերպերով ազնուութիւն ցուցնել օտարներուն, նոյնիսկ եթէ սկիզբը ջանքերդ չգնահատեն։ Օրինակ, Սպանիոյ մէջ քոյր մը Սուրբ Գիրքը կը սերտէր Էքուատորէն եղող Եսիքա անունով կնոջ մը հետ։ Օր մը, ուսումնասիրութեան ատեն, Եսիքան լացա՜ւ ու լացաւ։ Քոյրը իրեն հարցուց որ ինչո՛ւ կու լար։ Եսիքան պատմեց որ Սպանիա գալէն առաջ, շատ աղքատ էր։ Անգամ մը, ո՛չ մէկ ուտելիք ունէր որ իր աղջիկին կերցնէր, բացի ջուրէն։ Ան փորձեց օրօրելով պառկեցնել աղջիկը, մինչ աղօթքով օգնութիւն կը խնդրէր Աստուծմէ։ Շատ չանցած, երկու Վկաներ իր դուռը զարկին եւ պարբերաթերթ մը տուին։ Բայց ան անքաղաքավար գտնուեցաւ անոնց հանդէպ եւ պարբերաթերթը պատռելով ըսաւ. «Կ’ուզէք որ ասիկա՞ կերցնեմ աղջիկիս»։ Քոյրերը փորձեցին զինք մխիթարել, բայց օգուտ մը չըրաւ։ Ետքը, քոյրերը կողով մը ուտելիք ձգեցին իր դուռին առջեւ։ Իսկ հիմա, մինչ կ’ուսումնասիրէին, ան ազդուեցաւ եւ լացաւ, քանի որ անդրադարձաւ որ Աստուած իր աղօթքին պատասխանած էր, բայց ինք չէր նկատած։ Ան իր միտքը դրաւ որ Եհովային ծառայէ։ Այդ քոյրերուն առատաձեռնութիւնը ի՜նչ աղուոր արդիւնք տուաւ (Ժող. 11։1, 6)։

ԱՍՏՈՒԱԾՊԵՏԱԿԱՆ ԾՐԱԳԻՐՆԵՐՈՒ ՄԱՍՆԱԿՑԷ

9, 10. ա) Իսրայէլացիները ի՞նչ առիթներ ունեցան որ կամաւոր կերպով օգնութիւն տային։ բ) Եղբայրները ի՞նչ կերպերով կրնան օգնութեան ձեռք տալ ժողովքին մէջ։

9 Անցեալին, իսրայէլացիները շատ մը առիթներ ունէին, որ կամաւոր կերպով օգնութիւն տային (Ել. 36։2. Ա. Մն. 29։5. Նէ. 11։2)։ Այսօր ալ բազմաթիւ առիթներ ունիս, որ ժամանակդ, նիւթականդ եւ կարողութիւններդ տրամադրես, օգնելու համար եղբայրներուդ ու քոյրերուդ։ Այսպիսով, շատ ուրախ պիտի ըլլաս եւ ճոխ օրհնութիւններ պիտի ստանաս։

10 Աստուծոյ Խօսքը կը քաջալերէ ժողովքի տղամարդիկը, որ Եհովային հետ աշխատին, ուրիշներուն ծառայելով որպէս օգնական ծառաներ եւ երէցներ (Ա. Տիմ. 3։1, 8, 9. Ա. Պետ. 5։2, 3)։ Ասիկա ընողները կ’ուզեն ուրիշներուն օգնել գործնական կերպերով, ինչպէս նաեւ հոգեւոր հարցերու մէջ (Գործք 6։1-4)։ Երէցները քեզմէ խնդրա՞ծ են որ հիւրընկալ ըլլաս, կամ հրատարակութիւններուն հոգ տանիս, թաղամասերը բաժնես, նորոգութիւններ կամ ուրիշ բաներ ընես։ Անոնք որոնք այսպիսի պարտականութիւններ ունին, կ’ըսեն որ շատ հաճոյք կ’առնեն ատոնցմէ։

Երկու քոյրեր աստուածպետական ծրագիրի մը մէջ միասին կ’աշխատին եւ բարեկամուհիներ կը դառնան

Անոնք որոնք կամաւորաբար աստուածպետական ծրագիրներու կը մասնակցին, նոր բարեկամութիւններ կը հաստատեն (տե՛ս պարբերութիւն 11)

11. Քոյր մը ինչպէ՞ս օգտուած է այն բարեկամութիւններէն, որ հաստատած է շինարարական ծրագիրներու ընթացքին։

11 Անոնք որոնք կամաւորաբար կը մասնակցին աստուածպետական ծրագիրներու, շատ անգամ նոր բարեկամութիւններ կը հաստատեն։ Նկատի առ Մարճի անունով քրոջ մը օրինակը, որ 18 տարի աշխատած է Թագաւորութեան սրահներ շինելու ծրագիրներու մէջ։ Տարիներու ընթացքին, ան շատ մը երիտասարդ քոյրեր մարզած է։ Ան կ’ըսէ որ այս ծրագիրները շատ հիանալի կերպ մըն են, որ մասնակցողները հոգեւորապէս իրար քաջալերեն (Հռով. 1։12)։ Երբ Մարճին իր կեանքին մէջ դժուարութիւններէ կ’անցնէր, քաջալերութիւն կը ստանար այն բարեկամներէն, որոնց ծանօթացած էր շինարարական ծրագիրներու ընթացքին։ Դուն ալ մասնակցա՞ծ ես շինարարական ծրագիրի մը։ Նոյնիսկ եթէ որոշ տաղանդ մը չունիս, կրնա՛ս կամաւորաբար մասնակցիլ։

12. Ինչպէ՞ս կրնաս օգնել աղէտէ մը ետք։

12 Նաեւ կրնանք Եհովային հետ աշխատիլ, մեր եղբայրներուն օգնելով աղէտներէ ետք։ Օրինակ, կրնանք նիւթական օգնութիւն տալ (Յովհ. 13։34, 35. Գործք 11։27-30)։ Նաեւ կրնանք մաքրութեան կամ շինարարութեան մէջ բաժին բերել։ Լեհաստանի մէջ Կապրիէլա անունով քրոջ մը տունը գրեթէ քանդուեցաւ հեղեղի պատճառով։ Ան շատ ուրախացաւ երբ մօտակայ ժողովքներէն եղբայրներ եկան իրեն օգնելու։ Ան կը պատմէ. «Պիտի չխօսիմ կորսնցուցածներուս մասին. ատոնք պարզապէս նիւթական բաներ են։ Հապա կ’ուզեմ խօսիլ շահածներուս մասին։ Այս փորձառութիւնը զիս համոզեց, որ քրիստոնէական ժողովքին մէկ մասը ըլլալը յատուկ առանձնաշնորհում մըն է եւ ուրախութեան աղբիւր է»։ Աղէտէ մը ետք օգնութիւն ստացողներէն շատեր այսպէս կը զգան։ Իսկ անոնք որոնք Եհովային հետ կ’աշխատին այդ հաւատակիցներուն օգնելու համար, շատ գոհունակ կը զգան (կարդա՛ Գործք 20։35. Բ. Կորնթացիս 9։6, 7)։

13. Եհովային հանդէպ մեր սէրը ինչպէ՞ս կը զօրանայ, երբ կամաւորաբար կ’օգնենք. օրինակ մը տուր։

13 Սթեֆանի անունով քոյր մը եւ ուրիշ հրատարակիչներ Աստուծոյ հետ աշխատեցան, օգնելով այն Վկաներուն, որոնք Միացեալ Նահանգներ եկած էին որպէս գաղթականներ, քանի որ իրենց երկրին մէջ պատերազմ կար։ Անոնք գաղթականներուն օգնեցին որ տուն գտնեն եւ կահկարասի ապահովեն։ Սթեֆանին կ’ըսէ. «Ազդուեցանք երբ տեսանք որ որքա՜ն գնահատեցին եւ ուրախացան, երբ շօշափեցին համաշխարհային եղբայրութեան սէրը։ Անոնք կը կարծեն որ մե՛նք իրենց օգնեցինք, բայց իրականութեան մէջ, անոնք շատ աւելի օգնեցին մեզի։ Այն սէրը, միութիւնը, հաւատքը եւ Եհովային հանդէպ վստահութիւնը որ տեսանք, շատ զօրացուցին Եհովային հանդէպ մեր սէրը։ Եւ ասիկա ձգեց որ ա՛լ աւելի արժեւորենք ամէն բան որ իր կազմակերպութեան միջոցաւ կը ստանանք»։

ԾԱՌԱՅՈՒԹԻՒՆԴ ԱՒԵԼՑՈՒՐ

14, 15. ա) Եսային ի՞նչ կեցուածք ունէր։ բ) Թագաւորութեան քարոզիչները ինչպէ՞ս կրնան Եսայիին կեցուածքը ունենալ։

14 Կ’ուզե՞ս ա՛լ աւելի աշխատիլ Եհովային հետ։ Կը փափաքի՞ս փոխադրուիլ ուր որ հրատարակիչներու աւելի պէտք կայ։ Ճիշդ է որ պէտք չունինք հեռու տեղեր երթալու, որպէսզի առատաձեռն գտնուինք, բայց կարգ մը եղբայրներու եւ քոյրերու պայմանները կը ներեն որ երթան։ Անոնք Եսայի մարգարէին կեցուածքը ունին։ Երբ Եհովան հարցուց. «Ո՞վ ղրկեմ եւ մեզի համար ո՞վ պիտի երթայ», ան պատասխանեց. «Ահաւասիկ ես. զի՛ս ղրկէ» (Եսա. 6։8)։ Կարողութիւնը եւ յօժարութիւնը ունի՞ս, որ Եհովայի կազմակերպութեան օգնես։ Ի՞նչ կերպերով կրնաս օգնել։

15 Յիսուս քարոզելու եւ աշակերտելու գործին մասին ըսաւ. «Հունձքը շատ է, բայց մշակները՝ քիչ, ուստի հունձքին Տէրոջը աղաչեցէք, որ մշակներ հանէ իր հունձքին» (Մատ. 9։37, 38)։ Կրնա՞ս որպէս ռահվիրայ ծառայել ուր որ աւելի պէտք կայ։ Կամ կրնա՞ս ուրիշի՛ն օգնել, որ այդ մէկը ընէ։ Բազմաթիւ եղբայրներ ու քոյրեր կ’ըսեն որ հրատարակիչներու աւելի պէտք ունեցող շրջանները ռահվիրայութիւն ընելը՝ լաւագոյն կերպն է որ Աստուծոյ եւ ուրիշներուն հանդէպ սէր ցուցնեն։ Ծառայութիւնդ աւելցնելու ուրիշ ի՞նչ կերպեր միտքէդ կ’անցնին։ Եթէ ծառայութիւնդ աւելցնես, շատ ուրախ պիտի ըլլաս։

16, 17. Ուրիշ ի՞նչ կերպերով կրնաս Եհովային աւելի ծառայել։

16 Կ’ուզե՞ս Բեթէլին մէջ ծառայել կամ շինարարական ծրագիրներու մէջ բաժին բերել։ Կրնաս կա՛մ ժամանակաւոր կերպով ծառայել, կամ ալ շաբաթը մէկ օր կամ աւելի։ Եհովայի կազմակերպութիւնը միշտ պէտք ունի անհատներու, որոնք պատրաստ են ծառայելու ո՛ւր որ կը նշանակուին, կամ՝ ընելու ի՛նչ որ կը խնդրուի իրենցմէ, նոյնիսկ եթէ ուրի՛շ մարզի մը մէջ վարպետ են։ Եհովան կը գնահատէ ամէն անձ, որ պատրաստ է զոհողութիւններ ընելու, որպէսզի ծառայէ ո՛ւր որ պէտք կայ (Սաղ. 110։3)։

17 Կը փափաքի՞ս աւելի մարզում առնել, որպէսզի աւելի լաւ կերպով Եհովային ծառայես։ Կրնաս Թագաւորութեան աւետարանիչներու դպրոցին դիմել։ Այս դպրոցը լիաժամ ծառայութեան մէջ եղող հասուն եղբայրներ ու քոյրեր կը մարզէ, որպէսզի Եհովայի կազմակերպութիւնը զիրենք ա՛լ աւելի գործածէ։ Անոնք որոնք այս դպրոցը կ’երթան, պէտք է յօժար ըլլան որեւէ նշանակում ընդունելու։ Կ’ուզե՞ս այս առիթը օգտագործել, որպէսզի Եհովային աւելի ծառայես (Ա. Կոր. 9։23)։

18. Ինչպէ՞ս կ’օգտուիս երբ ամէն օր Եհովային հետ կ’աշխատիս։

18 Քանի որ Եհովայի ժողովուրդն ենք, կը մղուինք առատաձեռն, բարի, ազնիւ եւ սիրալիր ըլլալու։ Միշտ ուրիշներով կը հետաքրքրուինք։ Ասիկա ուրախութիւն եւ խաղաղութիւն կը բերէ մեզի (Գաղ. 5։22, 23)։ Ի՛նչ ալ ըլլան կեանքի պայմաններդ, ուրախ պիտի ըլլաս այնքան ատեն որ կ’ընդօրինակես Եհովային առատաձեռնութիւնը եւ իր թանկագին գործակիցներէն մէկն ես (Առ. 3։9, 10)։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել