Սրբազան ծառայութեան առանձնաշնորհումները մեծապէս արժեւորենք
ՍՐԲԱԶԱՆ ծառայութեան նշանակումներուն արժէքը թեթեւի պէտք չէ առնենք։ Երբ վաղեմի Հրէաստանի մէջ քահանաները Եհովայի տաճարին կապակցաբար իրենց առանձնաշնորհումներուն հանդէպ անտարբեր գտնուեցան, ան զօրաւոր կերպով յանդիմանեց զիրենք։ (Մաղաքեայ 1։6-14) Իսկ երբ Իսրայէլի մէջ ոմանք Ուխտաւորները քաջալերեցին որ սրբազան ծառայութեան կապակցաբար իրենց ստանձնած պատասխանատուութիւնները թեթեւի առնեն, Եհովա սաստեց այդ մեղաւոր Իսրայելացիները։ (Ամովսեայ 2։11-16) Ճշմարիտ Քրիստոնեաներն ալ սրբազան ծառայութիւն կը մատուցանեն եւ զայն լուրջի կ’առնեն։ (Հռովմայեցիս 12։1, ՆԱ) Այս սրբազան ծառայութեան երեսակները շատ են եւ բոլորն ալ կարեւոր են։
Երբ Յիսուս տակաւին երկրի վրայ էր իր հետեւորդներուն հետ, զանոնք մարզեց որ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ծանուցանեն։ Ժամանակի ընթացքին, անոնց պատգամը պիտի հասնէր մինչեւ երկրին ծայրերը։ (Մատթէոս 28։19, 20. Գործք 1։8) Այս քարոզչութիւնը շատ աւելի ստիպողական դարձած է իրերու ներկայ դրութեան վերջին օրերուն ընթացքին։
Բոլոր Եհովայի Վկաները կը մասնակցին այս գործին։ Հարիւր հազարաւորներ որպէս ռահվիրաներ ասիկա ընելու ուրախութիւնը կը վայելեն։ Համաշխարհային գործին անհրաժեշտ կարիքները լեցնելու համար, հազարաւոր անհատներ իրենք զիրենք մատչելի դարձուցած են լիաժամ մասնաւոր ծառայութեան, Պէթէլի մէջ, որպէս շրջանային ու նահանգային տեսուչներ՝ ուղեւորութեան գործին, կամ միսիոնարական ծառայութեան համար։ Այսպիսի մասնաւոր ծառայութեան մէջ շարունակել փափաքողներուն համար ասիկա ի՞նչ կը պահանջէ։
Երբ Ընտանեկան Ստիպողական Կարիքներ Կան
Անհատ մը լիաժամ մասնաւոր ծառայութեան մը ձեռնարկելէ առաջ, սովորաբար իր պարագաներուն մէջ վերաճշդումներ պէտք է ընէ։ Ամէն մարդ չի կրնար ասիկա ընել։ Անհատի մը ունեցած սուրբ գրային պարտականութիւնները կրնան ասիկա անկարելի դարձնել։ Սակայն ի՞նչ կը պատահի, երբ արդէն մասնաւոր ծառայութեան մէջ եղողներ թերեւս տարեց ծնողներու հոգատարութեան նման ընտանեկան ստիպողական կարիքներու դիմաց գտնուին։ Աստուածաշունչի հետեւեալ սկզբունքները եւ խրատները հարկ եղած առաջնորդութիւնը կու տան։
Մեր ամբողջ կեանքը պէտք է դառնայ Եհովայի հետ մեր ունեցած յարաբերութեան շուրջ։ (Ժողովողի 12։13. Մարկոս 12։28-30) Մեզի յանձնուած սրբազան բաները մեծապէս պէտք է արժեւորենք։ (Ղուկաս 1։74, 75. Եբրայեցիս 12։16) Առիթով մը, իր նախասիրութիւնները փոխելու հարկը ունեցող մարդու մը, Յիսուս ըսաւ որ լման ժամանակով Աստուծոյ Թագաւորութիւնը քարոզելով պէտք է զբաղի։ Ակներեւաբար, այս մարդը մտադրած էր յետաձգել ասիկա, մինչեւ իր հօրը մահը։ (Ղուկաս 9։59, 60) Իսկ միւս կողմէ, Յիսուս քօղազերծեց սխալ մտածելակերպը այն անհատներուն, որոնք կը դաւանին որ իրենց բոլոր ունեցածը Աստուծոյ նուիրած են եւ ‘բան մը չեն ըներ իրենց հօրը կամ իրենց մօրը’։ (Մարկոս 7։9-13) Պօղոս առաքեալ ալ ցոյց տուաւ որ «իրեններուն», մէջը ըլլալով ծնողներու եւ մեծ–ծնողներու հոգ տանիլը, լուրջ պատասխանատուութիւն մըն է։—Ա. Տիմոթէոս 5։3-8
Ասիկա կը նշանակէ՞ թէ երբ ստիպողական կարիքներ ծագին, մասնաւոր ծառայութեան մէջ եղողները իրենց նշանակումները ձգելով հոգատարներ պիտի ըլլան։ Այս հարցումին պատասխանը շատ մը բաներէն կախեալ է։ Նախ այս որոշումը անհատական բան մըն է։ (Գաղատացիս 6։5) Շատեր խորհած են որ իմաստութիւն է իրենց ծնողներուն մօտ ըլլալ, որպէսզի անոնց պէտք եղած օգնութիւնը տան, հակառակ անոր որ կը սիրեն իրենց նշանակումը։ Ինչո՞ւ։ Թերեւս մասնայատուկ կարիք մը երեւան եկած է եւ ընտանիքի ուրիշ անդամներ չկան, որոնք կրնան հոգ տանիլ, կամ տեղւոյն ժողովքը պէտք եղածը ընելու կարող չէ։ Ոմանք կրցած են իրենց ռահվիրայութիւնը շարունակել, այս օգնութիւնը տալով մէկտեղ։ Ուրիշներ կրցած են իրենց լիաժամ մասնաւոր ծառայութիւնը շարունակել, ընտանեկան պարագային հոգատարութիւնը վերջանալէ ետք։ Սակայն, շատ մը պարագաներուն, կարելի եղած է կացութիւնը ուրիշ կերպերով ձեռք առնել։
Իրենց Պատասխանատուութիւնը Կրել
Երբ ստիպողական պարագաներ յարուցուած են, լիաժամ մասնաւոր ծառայութեան մէջ եղողներէն ոմանք կրցած են այդ պարագաները ձեռք առնել, առանց իրենց նշանակումը ձգելու։ Հիմա այդ բազմաթիւ օրինակներէն քանի մը հատը նկատի առնենք։
Զոյգ մը որ Եհովայի Վկաներու համաշխարհային կեդրոնատեղիին մէջ կը ծառայէ, Պէթէլի ծառայութեան ձեռնարկած է 1978–ին, արդէն շրջանային եւ նահանգային գործին մասնակցելէ ետք։ Եղբայրը աստուածպետական կազմակերպութեան մէջ ծանր պատասխանատուութիւն ունի։ Բայց իր ծնողներն ալ օգնութեան կարիքը ունեցան։ Այս զոյգը ծնողներուն հոգ տանելու համար ամէն տարի երեք կամ չորս անգամ կը ճամբորդեն, երթուդարձ ընդամէնը 3,500 քմ. ընելով։ Անձնապէս տուն մը շինեցին, ծնողներուն կարիքին գոհացում տալու համար։ Բժշկական շտապ օգնութեան համար անոնց քով շտապած են։ Շուրջ 20 տարիներ, գրեթէ իրենց ամբողջ արձակուրդը անցուցած են այս պատասխանատուութեան հոգ տանելու համար։ Անոնք իրենց ծնողները կը սիրեն եւ կը պատուեն, բայց իրենց սրբազան ծառայութեան առանձնաշնորհումներն ալ կ’արժեւորեն։
Ուրիշ եղբայր մը 36 տարի ուղեւորութեան գործին մէջ ըլլալէ ետք, դէմ յանդիման գտնուեցաւ՝ իր նկարագրութեամբ՝ իր կեանքին ամենադժուարին կացութեան հետ։ Իր 85 տարեկան զոքանչը՝ որ Եհովայի հաւատարիմ ծառայ մըն էր, կարիքը ունեցաւ մէկու մը հետ ապրելու, որ կարենար օգտակար ըլլալ իրեն։ Այդ ժամանակ, այս քրոջ զաւակներուն գրեթէ բոլորը խորհեցան թէ յարմարութիւն չունէին որ ան իրենց քով բնակէր։ Ազգականներէն մէկը այս ճամբորդող տեսուչին ըսաւ որ ինք եւ իր կինը իրենց ծառայութիւնը պէտք էր դադրեցնէին եւ ընտանիքին տեղ իրենք մօրը հոգ տանէին։ Բայց այս զոյգը իրենց թանկագին ծառայութիւնը չդադրեցուցին, ոչ ալ իրենց մօրը կարիքները թեթեւի առին։ Յաջորդ ինը տարիներու ընթացքին, ան գրեթէ միշտ իրենց հետ էր։ Անոնք նախ ապրեցան շարժուն–տան մը մէջ, ապա շրջաններուն կողմէ տրամադրուած տարբեր յարկաբաժիններու մէջ։ Երկար ժամանակ, այն ատեն նահանգային տեսուչ եղող եղբայրը, իր նշանակումներուն առանձին գնաց, մինչ կինը իր մօրը հետ մնաց, անոր սիրալիր եւ լիաժամ հոգատարութիւն տալու համար։ Ամէն շաբաթ, Կիրակի օրուան ժողովներէն ետք, ամուսինը երկար ճամբորդութիւն մը ընելով, կու գար որ օգտակար ըլլար իրենց։ Կացութենէն տեղեակ եղողներէն շատեր խոր գնահատութիւն յայտնեցին այս զոյգին արարքին հանդէպ։ Ժամանակի ընթացքին, ընտանիքի անդամներէն ուրիշներ ալ օգնութիւն տալու համար քայլեր առին։ Եհովայի ծառաներէն հազարաւորներ կը շարունակեն օգտուիլ այդ անձնազոհ զոյգին մատուցած ծառայութենէն, քանի որ անոնք լիաժամ մասնաւոր ծառայութեան իրենց առանձնաշնորհումին կառչած մնացին։
Ընտանեկան Համագործակցութեամբ
Երբ ընտանիքի տարբեր անդամներ գնահատեն լիաժամ մասնաւոր ծառայութեան արժէքը, անոնք կրնան համագործակցիլ, որպէսզի իրենցմէ առնուազն քանի մը հոգին անոր մասնակցին։
Ընտանեկան համագործակցութեան այսպիսի հոգի մը օգտակար եղած է Գանատացի զոյգի մը, որ Արեւմտեան Ափրիկէի մէջ որպէս միսիոնարներ կը ծառայեն։ Անոնք չսպասեցին որ ստիպողական պարագայ մը ծագի, պարզապէս խորհելով որ բան մը չի պատահիր։ Անոնք օտարութեան մէջ ծառայելու համար Դիտարանի Աստուածաշունչի Գաղաադու Դպրոց յաճախելէ առաջ, ամուսինը իր կրտսեր եղբօրը հետ խօսեցաւ իրենց մօր հոգատարութեան մասին, հիւանդ կամ անկարող ըլլալու պարագային։ Իրենց մօրը հանդէպ սէր, ինչպէս նաեւ միսիոնարական գործին արժէքին հանդէպ գնահատութիւն ցոյց տալով, կրտսեր եղբայրը ըսաւ. «Հիմա ես ընտանիք մը եւ զաւակներ ունիմ։ Ես չեմ կրնար հեռաւոր տեղեր երթալ եւ ձեր ըրածը ընել։ Ուստի, եթէ մամային բան մը պատահի՝ ես հոգ կը տանիմ իրեն»։
Հարաւային Ամերիկայի մէջ ծառայող զոյգ մը, կնոջ ընտանիքին կողմէ շատ մեծ աջակցութիւն գտաւ, անոր տարեց մօրը հոգ տանելու մէջ։ Կնոջ քոյրերէն մէկը եւ անոր ամուսինը մօրը հոգ տարին, մինչեւ որ այդ քոյրը մահաբեր հիւանդութեամբ մը զարնուեցաւ։ Անկէ ետք ի՞նչ ըրին։ Անոնց մտահոգութիւնը մեղմացնելով, այս քրոջ քեռայրը գրեց. «Ա՛յնքան ատեն որ ես եւ զաւակներս ողջ ենք, դուք ձեր միսիոնարական ծառայութիւնը ձգելու բնաւ կարիքը չունիք»։ Ընտանիքին կողմէ յաւելեալ օգնութիւն հասաւ, երբ այս կնոջ ուրիշ մէկ քոյրը եւ ամուսինը իրենց տունը ձգելով փոխադրուեցան մօրը բնակած շրջանը, որպէսզի մօրը հոգ տանին մինչեւ անոր մահը։ Համագործակցութեան ի՜նչ գեղեցիկ հոգի մը։ Բոլորն ալ նեցուկ կանգնեցան միսիոնարական ծառայութեան։
Ծնողներ՝ Որոնք Յօժարակամօրէն կու Տան Եհովայի
Յաճախ ծնողներ աչքառու գնահատութիւն ցոյց կու տան սրբազան ծառայութեան հանդէպ։ Եհովան պատուելու համար իրենց ամենաթանկագին ստացուածքներուն մաս կը կազմեն իրենց զաւակները։ (Առակաց 3։9) Քրիստոնեայ ծնողներէն շատեր իրենց զաւակները կը քաջալերեն որպէսզի լիաժամ ծառայութեան ձեռնարկեն։ Իսկ անոնցմէ ոմանք Աննայի նման կը զգան, որ իր որդին՝ Սամուէլը՝ Եհովայի ծառայութեան տուաւ «միշտ», այսինքն, «իր բոլոր կեանքին մէջ»։—Ա. Թագաւորաց 1։22, 28
Այսպիսի ծնող մը Ափրիկէի մէջ իր աղջկան հետեւեալը գրեց. «Եհովայի շնորհակալութիւն կը յայտնենք քու ունեցած հոյակապ առանձնաշնորհումիդ համար։ Ասկէ աւելի լաւ բան մը չէինք սպասեր»։ Իսկ ուրիշ առիթով մը ան ըսաւ. «Ճիշդ է որ իրարմէ բաժնուիլը զոհողութիւն մըն է, բայց ի՜նչ ուրախութիւն է տեսնել թէ Եհովա ինչպէս հոգ կը տանի քեզի»։
Իր տարեց ծնողներուն հոգ տանելու համար յարուցուած տարբեր պարագաները աչքէ անցընելով, Էքուատորի մէջ ծառայող միսիոնար մը գրեց. «Կը խորհիմ որ մեծագոյն օգնութիւնը զոր ես ու իմ կինս ունեցանք՝ իմ հօրս աղօթքներն էին։ Իր մահուընէ ետք, մայրս մեզի ըսաւ. ‘Օր մը չէր անցներ որ հայրդ չաղօթէր որ Եհովա ձեր երկուքին թոյլ տայ որ շարունակէք ձեր նշանակումը’»։
Գալիֆորնիոյ մէջ, Ա.Մ.Ն., տարեց զոյգի մը համար հաճոյք էր տեսնել որ իրենց տղոցմէ մէկը լիաժամ ծառայութեան մէջ է։ Երբ մայրը մահացաւ, այդ տղան եւ իր կինը Սպանիա կը գտնուէին։ Ընտանիքի միւս անդամները խորհեցան որ կարգադրութիւններ պէտք էր ըլլային իրենց հօրը հոգ տանելու համար։ Քանի որ իրենք աշխարհային գործով եւ զաւակներ մեծցնելով զբաղած էին, զգացին որ այդ պատասխանատուութիւնը շալկելու կարող չեն։ Անոնք լիաժամ մասնաւոր ծառայութեան մէջ եղող զոյգին մեծապէս քաջալերեցին որ տուն վերադառնան եւ հօրը հոգ տանին։ Սակայն, հայրը՝ 79 տարեկան ըլլալով հանդերձ, լաւ առողջութիւն եւ հոգեւոր յստակ հայեացք ունէր։ Ընտանեկան ժողովի մը ընթացքին, տարբեր անդամներ իրենց միտքը արտայայտելէ ետք, հայրը ոտքի ելաւ եւ վճռականօրէն ըսաւ. «Ես կ’ուզեմ որ անոնք Սպանիա վերադառնան եւ իրենց գործը շարունակեն»։ Անոնք վերադարձան, բայց զգալի կերպերով օգնեցին ալ իրենց հօր։ Անոնք ներկայիս Սպանիոյ մէջ շրջանային գործին մէջ են։ Ընտանեկան այդ ժողովէն ի վեր, ընտանիքի ուրիշ անդամներ, օտարութեան մէջ ծառայող այս զոյգին ըրածը աւելի գնահատեցին։ Քանի մը տարի ետք, տղոցմէ մէկը հայրը իր տունը առաւ եւ անոր հոգ տարաւ մինչեւ անոր մահը։
Փէնսիլվանիոյ մէջ, Ա.Մ.Ն., օծեալ եղբայր մը, որ շուրջ 40 տարիներէ ի վեր ռահվիրայութիւն ըրած էր, 90 տարեկան էր երբ իր կինը ծանրօրէն հիւանդացաւ ու մահացաւ։ Ան հոգեւոր բազմաթիւ զաւակներու կողքին, ունէր տղայ մը եւ երեք աղջիկ։ Աղջիկներէն մէկը աւելի քան 40 տարիէ լիաժամ ծառայութեան մէջ էր, իր ամուսինին հետ միսիոնարական գործին, ուղեւորութեան գործին եւ Պէթէլի մէջ ծառայելով։ Ան կարգադրութիւններ ըրաւ որպէսզի հարկ եղած հոգածութիւնը տրուի իր հօր։ Տեղւոյն եղբայրներն ալ օգնեցին իրեն որ ժողովներուն ներկայ գտնուի Թագաւորութեան Սրահին մէջ։ Հետագային, երբ այս քրոջ ամուսինը մահացաւ, ան իր հօրը հարցուց որ կ’ուզէ՞ր որ ինք Պէթէլը ձգէր իրեն հոգ տանելու համար։ Եղբայրը մեծապէս կ’արժեւորէր սրբազան բաները, անոր համար խորհեցաւ որ իր կարիքները ուրիշ կերպերով ալ կարելի էր հոգացուիլ։ Ուստի պատասխանեց. «Անիկա ամենագէշ բանն է որ կրնաս ընել, իսկ եթէ ես ձգեմ որ անիկա ընես, տակաւին անկէ աւելի գէշը ըրած կ’ըլլամ»։
Նեցուկ Կանգնող Ժողովքներ
Կարգ մը ժողովքներ մեծապէս օգտակար եղած են լիաժամ մասնաւոր ծառայութեան մէջ գտնուողներու տարեց ծնողներուն հոգ տանելու մէջ։ Անոնք մասնաւորաբար կը գնահատեն բոլոր անոնք որոնք երկար տարիներ անցուցած են այս ծառայութեան մէջ։ Թէեւ ժողովքները չեն կրնար սուրբ գրային պատասխանատուութիւնները անոնց վրայէն վերցնել, սակայն շատ բան կրնան ընել որ անոնց բեռը թեթեւցնեն, որպէսզի զաւակները իրենց մասնաւոր նշանակումը ձգելու կարիքը չունենան։
Գերմանիայէն զոյգ մը որ շուրջ 17 տարի օտար նշանակումի մէջ եղած է՝ գլխաւորաբար ուղեւորութեան գործին մէջ, յանկարծ եղբօր տարեց մօր հոգ տանելու հարցը ծագեցաւ։ Ամէն տարի անոնք իրենց արձակուրդը կը գործածէին մօրը հոգ տանելու համար։ Վկայ դրացիներ ալ սիրալիր աջակցութիւն կու տային։ Ապա, երբ մայրը ծանր վիճակի մէջ ըլլալուն պատճառաւ, լիաժամ ծառայութեան մէջ եղող զոյգը անոր քովն էր, տեղւոյն ժողովքի երէցները կարգադրեցին որ անոնց հետ հանդիպում մը ունենան։ Անոնք տեղեակ էին որ այս զոյգը կանոնաւորաբար հոգ կը տանէին իրենց մօր։ Անոնք կը գնահատէին նաեւ այդ զոյգին մատուցած մասնաւոր ծառայութեան արժէքը։ Ուստի երէցները մօրը հոգատարութեան համար ծրագիր մը առաջարկեցին եւ ապա ըսին. «Դուք հիմա ձեր ըրածէն աւելին չէք կրնար ընել, իրեն օգնելու համար. մենք կ’ուզենք ձեզի օգնել, որպէսզի դուք Սպանիոյ մէջ ձեր նշանակումին մէջ մնաք»։ Անցեալ եօթը տարիներու ընթացքին, այս երէցները շարունակած են ասիկա ընել։
Նոյն կերպով, եղբայր մը որ 1967–էն ի վեր Սենեկալի մէջ կը ծառայէ, իր հօրը գտնուած ժողովքէն շատ սիրալիր օգնութիւն ստացաւ։ Երբ դժուար պարագայ մը ծագեցաւ, ամուսինը՝ իր սիրալիր կնոջ համագործակցութեամբ, առանձին Միացեալ Նահանգներ գնաց իր ծնողքին օգտակար ըլլալու համար։ Ան անհրաժեշտ տեսաւ հոն մնալ քանի մը ամիս։ Կացութիւնը դժուար էր, բայց երբ իր ձեռքէն եկածը ըրաւ, ժողովքը մէջը մտաւ եւ անոր օգնեց, որպէսզի իր միսիոնարական ծառայութիւնը շարունակէ։ Շուրջ 18 տարիներ, ժողովքը անհամար կերպերով սիրալիր օգնութիւն մատուցանեց, նախ հօրը (հակառակ անոր որ ան այլեւս մէկը չէր ճանչնար), ապա՝ մօրը։ Ասիկա տղուն վրայէն պատասխանատուութիւնը վերցո՞ւց։ Ո՛չ. ան յաճախ Սենեկալէն կու գար եւ իր արձակուրդը կը գործածէր կարելի եղածին չափ օգտակար ըլլալու համար։ Սակայն այդ ժողովքէն շատեր ուրախութիւնը ունեցան գիտնալու թէ իրենց մասնակցութիւնը կը բերէին, որպէսզի ծանր աշխատող այդ զոյգը Սենեկալի մէջ իրենց լիաժամ մասնաւոր ծառայութիւնը շարունակէին։
Յիսուս ըսաւ որ անոնք որոնք բարի լուրին համար ամէն բան ձգեցին, հարիւրապատիկ եղբայրներ, քոյրեր, մայրեր եւ զաւակներ պիտի ունենային։ (Մարկոս 10։29, 30) Ասիկա իրապէս ճշմարիտ է Եհովայի Վկաներու մէջ։ Ներկայիս Պենինի մէջ, Արեւմտեան Ափրիկէ, ծառայող զոյգ մը, ասիկա մասնայատուկ կերպով զգաց, երբ իրենց ծնողքին ժողովքէն եղող երկու Վկաներ իրենց ըսին որ ծնողքին համար հոգ չընեն։ Անոնք աւելցուցին. «Ձեր ծնողքը՝ մեր ծնողքն ալ են»։
Այո, շա՛տ կերպերով կրնանք ցոյց տալ որ մեծապէս կ’արժեւորենք սրբազան ծառայութեան առանձնաշնորհումները։ Դուք ալ կարգ մը կերպերով կրնա՞ք աւելի լիովին արժեւորել զայն։
[Նկար՝ էջ 28]
Անոնք իրենք զիրենք մատչելի ըրած են լիաժամ մասնաւոր ծառայութեան համար