ԱՍՏՈՒԱԾՊԵՏԱԿԱՆ ԼՈՒՐԵՐ
Էգուաթոր. Յիշատակատօնին ներկայ եղողներուն թիւը այս տարի 99,987 հոգի էր։ Ապրիլին՝ 21,734 հրատարակիչներու նոր գագաթին հետ, յարատեւ աճում կ’ակնկալուի։
Նիգարակուա. Նոր գագաթներ ձեռք ձգուեցան Թագաւորութեան ծառայութեան գրեթէ ամէն երեսակի մէջ Ապրիլ ամսուան ընթացքին։ 9,629 հրատարակիչներ տեղեկագրեցին, իսկ Յիշատակատօնին ներկայ եղողներուն թիւը հրատարակիչներուն թիւին հինգ անգամն էր։
Չեխոսլավաքիա. 25,111 հրատարակիչներու նոր գագաթ մը տեղեկագրուեցաւ Մարտ ամսուան մէջ։ Ասիկա 9 առ հարիւր յաւելում մըն էր անցեալ տարուան միջինին վրայ։
Պենին. Ապրիլ ամսուան տեղեկագիրը ցոյց կու տայ թէ 2,793 հրատարակիչներ 4,442 Աստուածաշունչի տան ուսումնասիրութիւններ վարեցին եւ 30,814 վերայցելութիւններ ըրին։ Այս թիւերը երեք նոր գագաթներ կը ներկայացնեն։
Պուլկարիա. Միայն մէկ տարուայ մէջ, հրատարակիչներու թիւը աւելցաւ 107–էն 218, որոնք Մարտ ամսուան մէջ տեղեկագրեցին։ Ասիկա 104 առ հարիւր յաւելում մըն էր։ Հրատարակիչներու դաշտի ծառայութեան միջինն էր՝ 19.7 ժամ եւ 585 Աստուածաշունչի տան ուսումնասիրութիւններ վարեցին։ Անոնց առաջին մէկ օրուայ մասնաւոր համաժողովը տեղի ունեցաւ Մարտ ամսուան մէջ եւ 900 հոգի ներկայ եղաւ։