ԵՀՈՎԱՆ ՓԱՌԱԲԱՆԵԼ ՈՐՊԷՍ ՕԺԱՆԴԱԿ ՌԱՀՎԻՐԱՆԵՐ ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ ԱՄՍՈՒԱՆ ԸՆԹԱՑՔԻՆ
1 Տակաւին կը վայելենք ամառուան եղանակը եւ կլիման արգելք չի հանդիսանար որ ազատօրէն տունէն դուրս ելլենք։ Ի՜նչ լաւ բան մըն է որ վայելենք հոգեւոր գործունէութեան ուրիշ ամիս մը կամ ամիսներ մեր մեծ Աստուծոյն՝ Եհովային՝ աւելի փառաբանելով, այսինքն ծառայելով որպէս օժանդակ ռահվիրաներ ամիս մը կամ աւելի։—Սաղմ. 145։2
2 Երբ այս հարցը լրջօրէն աղօթքով նկատի առնենք, քանի որ կ’ուզենք մեր թաղամասին մէջ ցրուած ոչխարներուն վրայ փնտռել, անկասկած Եհովա պիտի օգնէ որ մեր սրտի փափաքը կատարուի։—Սաղմ. 145։21
3 Տարեց ռահվիրայ մը կը վերյիշէ թէ շատ տարիներ առաջ երբ լսեց Եսայեայ 6։8–ի կոչը, «ո՞վ ղրկեմ եւ մեզի համար ո՞վ պիտի երթայ», ինք եւ իր եղբայրները հաւաքուեցան եւ որոշեցին որ իրենց պզտիկ եղբայրը կրնայ իր ժամանակը տրամադրել ռահվիրայական ծառայութեան։ Ան ըսաւ. «Եհովայէն ի՜նչ օրհնութիւն մըն է, զոր բնաւ պէտք չէ լքել՝ յաւիտեան»։
4 Ի՞նչ կրնաք ըսել այս առաջարկին մասին։ Որպէս ընտանիք մը ինչո՞ւ չհաւաքուիք տեսնելու համար թէ ո՛վ ձեզմէ կրնայ օժանդակ ռահվիրայութեան մասնակցիլ կամ մէկ տարի ծառայել որպէս ռահվիրայ մը։ Ջերմեռանդօրէն Եհովային աղօթելով, ան ճամբան կը հարթէ իր կամքը կատարելու համար, ինչ որ անկասկած զինք կը հաճեցնէ։—Եբր. 10։7, 9
5 Անոնք որոնք տարեց են նաեւ կրնան վայելել ծառայութեան այս առանձնաշնորհումը որ իրենց միշտ զբաղած պիտի պահէ աշխարհի ամենակարեւոր գործին մէջ։ Եհովա կը վարձատրէ անոնց որոնք զինք կը փառաբանեն։—Սաղմ. 148։12, 13
6 Թող Սեպտեմբեր ամիսը իրական օրհնութեան ամիս մը ըլլայ մեր սիրելի շատ մը եղբայրներուն եւ քոյրերուն համար, բաժին բերելով ամենակարեւոր գործին մէջ՝ օժանդակ եւ կանոնաւոր ռահվիրայութեան ծառայութեան մէջ։ Թող որ բոլորս ալ բաժին բերենք մեր երկնաւոր սիրելի Հօր՝ Եհովային՝ անունը փառաբանելու մէջ։