Ներկայիս Եհովայի կամքը որո՞նք կը կատարեն
1. Ե՞րբ պիտի սկսինք ուսումնասիրել Ներկայիս Եհովայի կամքը որո՞նք կը կատարեն գրքոյկը։ Ինչպէ՞ս պիտի օգտուինք անկէ։
1 Հոկտեմբեր 28–ով սկսող շաբաթէն սկսեալ, Ներկայիս Եհովայի կամքը որո՞նք կը կատարեն գրքոյկը պիտի սերտենք Աստուածաշունչի ժողովքային ուսումնասիրութեան ընթացքին։ Այս նոր գրքոյկը, որ «Սիրտդ պահէ՛» խորագրով նահանգային համաժողովին լոյս տեսաւ, պատրաստուած է Աստուածաշունչի աշակերտները կազմակերպութեան ուղղելու։ Այս հրատարակութիւնը ուսումնասիրելը ոչ միայն Եհովայի կազմակերպութեան մէկ անդամը ըլլալուն նկատմամբ մեր երախտագիտութիւնը պիտի աւելցնէ, այլ նաեւ մեզի պիտի օգնէ որ քաջածանօթ ըլլանք ծառայութեան համար պատրաստուած այս արժէքաւոր գործիքին (Սաղ. 48։13)։
2. Գրքոյկը ժողովքին մէջ ինչպէ՞ս պիտի ուսումնասիրուի։
2 Ինչպէ՛ս պիտի ուսումնասիրուի։ Ուսումնասիրութիւնը վարողը իր ժամանակը այնպէս մը պէտք է դասաւորէ, որ իւրաքանչիւր դասի նոյն չափով ժամանակ յատկացուի։ Ան 28 դասերէն իւրաքանչիւրը պիտի ներկայացնէ կարդալով դասին խորագիրը, որ ինքնին հարցում մըն է։ Յետոյ, ան ընթերցող եղբօրմէն պիտի խնդրէ որ առաջին պարբերութիւնը կարդայ։ Ապա, ան ներկաներուն պիտի ուղղէ հարցում մը, որ ի՛նք պատրաստած է առաջին պարբերութեան համար։ Անկէ ետք, սեւատիպ նախադասութեամբ սկսող իւրաքանչիւր հատուած առանձին պէտք է կարդացուի ու քննարկուի։ Հատուածը կարդացուելէ ետք, վարիչը ներկաներուն պիտի հարցնէ թէ անիկա ինչպէ՛ս կը պատասխանէ դասին խորագիրը կազմող հարցումին։ Գրքոյկը նաեւ ունի շատ մը պատկերներ, որոնց մասին կարելի է մեկնաբանութիւններ տալ։ Գլխաւոր համարները պիտի կարդացուին, որքան որ ժամանակը ներէ։ Յաջորդ դասին անցնելէ առաջ, վարիչը վերաքաղ մը պիտի ընէ՝ դասին վերջաւորութեան նշուած հարցումները ուղղելով։ Եթէ դասին մէջ կայ «Աւելի՛ն գիտնալու համար» շրջանակը, վարիչը զայն կարդալ պիտի տայ եւ ներկաներէն պիտի խնդրէ որ մեկնաբանեն, թէ Աստուածաշունչի աշակերտ մը ինչպէ՛ս պիտի օգտուի նշուած թելադրութեան հետեւելով։ Ուսումնասիրութեան վերջաւորութեան, եթէ ժամանակը ներէ, վարիչը կրնայ դասերուն խորագիրները գործածել որպէս վերաքաղի հարցումներ։ Ի մտի ունեցիր, թէ Աստուածաշունչի տնային ուսումնասիրութիւնը պայման չէ որ այս կերպով վարուի։
3. Ինչպէ՞ս կրնանք այս գրքոյկը ուսումնասիրելէն լիովին օգտուիլ։
3 Լիովին օգտուելու համար, ժողովներու լա՛ւ նախապատրաստուած եկուր։ Ջանա՛ մասնակցութիւնդ բերել մեկնաբանութիւններ տալով։ Քննարկութեան ընթացքին մտածէ թէ նիւթը ինչո՛ւ օգտակար է Աստուածաշունչի աշակերտներուն համար։ Թող որ այս նոր գրքոյկը նկատի առնելը մեզ ատակ դարձնէ, որ ուրիշներուն օգնենք Աստուծոյ կամքը կատարելուն մէջ մեզի միանալու, որպէսզի իրենք ալ կարենան յաւիտեան մնալու հեռանկարը ունենալ (Ա. Յովհ. 2։17)։