«Ի՞ՆՉՊԷՍ ՊԻՏԻ ԼՍԵՆ՝ ԱՌԱՆՑ ՄԷԿՈՒՆ ՔԱՐՈԶԵԼՈՒՆ»
1 Ի՜նչ մեծ առանձնաշնորհում մը ունինք Աստուծոյ Խօսքին՝ Աստուածաշունչին՝ միջոցաւ յաւիտենական կեանքի առաջնորդող ճամբան ուրիշներու ցոյց տալու։ (Հռովմ. 10։14) Մեր գիտութիւնը կրնանք տալ թէ՛ երախաներուն եւ թէ չափահասներուն, գործածելով գեղեցիկ նոր գրականութիւնը՝ Աստուածաշունչի Պատմութիւններու Հաւաքածոյ գիրքը։ Հիմա որ քաջածանօթ եղանք այս նոր գրքի բովանդակութեան, պիտի ուզենք ուրախանալ այս տեղեկութիւնները ուրիշներու հետ բաժնելով վերայցելութիւններուն եւ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններուն ընթացքին։
2 Անհամբեր կը սպասէինք այս ժամանակը որպէսզի կարելի եղած չափով շատ անհատներու պատեհութիւնը տանք այս ուշագրաւ գրականութիւնը ստանալու իր 116 կենսունակ պատմութիւններով, որոնք ընթերցողին գաղափար մը կու տան Աստուածաշունչի բովանդակութեան մասին։ Մինչ անհատներու հետ կը խօսակցիք վերայցելութեան մը ատեն, նախ Աստուածաշունչի Պատմութիւններու Հաւաքածոյ գիրքը ներկայացուցէք։ Թէեւ այս գիրքը կը բովանդակէ հետաքրքրական տեղեկութիւններ թէ՛ երախաներուն եւ թէ չափահասներուն համար, սակայն պիտի նկատէք թէ կարգ մը տարեցներ պիտի ըսեն թէ զաւակներ կամ թոռներ չունին։ Ուստի անոնց ցոյց տուէք թէ ի՛նչպէս գիրքը կրնայ իրենց ալ օգտակար ըլլալ։ Թերեւս անհատներ գտնուին որոնք Աստուածաշունչ չունին եւ կը նախընտրեն ստանալ Աստուածաշունչը եւ Աստուածաշունչի Պատմութիւններու Հաւաքածոյ գրքէն օրինակ մը։ Հետեւաբար, դիւրաթեք եղէք այլազան պարագաներ դիմագրաւելու համար։
3 Մեկնաբանութիւններ Աստուածաշունչի Պատմութիւններու Հաւաքածոյ Գրքին Մասին. Որքա՜ն մեր սրտերը հրճուեցան երբ դասախօսը յայտարարեց այս նոր գրքին հրատարակութիւնը, ըսելով. «Մեր երկնաւոր սիրալիր Հայրը եւ իր Որդին գիտեն ձեր պատասխանատուութիւնը, ո՛վ ծնողներ, ժողովքին մէջ։ Անոնք կ’ուզեն ձեզի օգնել։ Հաւատարիմ ու իմաստուն ծառային միջոցաւ այս նոր գրականութիւնը, մասնաւորաբար երախաներու համար, կը հրատարակուի։ Անոր խորագիրն է՝ Աստուածաշունչի Պատմութիւններու Հաւաքածոյ»։ Անկէ ի վեր, Ընկերութիւնը ստացած է գնահատանքի շատ մը արտայայտութիւններ այս գրականութեան համար։ Այս մեկնաբանութիւններէն մի քանի հատը լսելը պէտք է գրգռէ մեր նախանձախնդրութիւնը մինչ կը գործածենք այս նոր գիրքը վերայցելութիւններու ատեն Սեպտեմբեր ամսուան ընթացքին։
4 Երէց մը ըսաւ. «Ի՜նչ ուրախութիւն է որ Ընկերութիւնը այժմ կրնայ գիրք մը հրատարակել որ տեսողութեամբ կոչ կ’ընէ մեր երախաներուն։ Այս հոյակապ գրականութիւնը, գունագեղ պատկերներով գրեթէ ամէն էջի մէջ, մեր ուսուցումը կը խորացնէ։ Որքա՜ն ուրախ ենք որ մեր զաւակները, որոնք այժմ տեսողութեամբ կը սորվին դպրոցին մէջ հեռատեսիլին միջոցաւ, կրնան օգտուիլ այս տեսողական հոյակապ օժանդակէն»։
5 Կարգ մը մանկահասակներ կարդացին ամբողջ գիրքը մի քանի օրուայ մէջ։ Պատանի մը ըսաւ. «Լաւ գիրք մըն է. Աստուածաշունչի ամբողջ պատմութիւններուն մասին կը խօսի»։ Ուրիշ դեռահասակ մը մեկնաբանեց. «Գիրքը կը հաւնիմ քանի որ բաները իրարմէ կ’անջատէ այնպէս որ կրնամ աւելի լաւ կերպով զանոնք հասկնալ։ Աստուածաշունչին մէջ բառեր կը գտնէք զորս չէք հասկնար։ Այս գիրքը կը գործածէ մեզի համար հասկնալի դիւրին լեզու մը»։ Ծնող մը բացագանչեց. «Աստուածաշունչի Պատմութիւններու Հաւաքածոյ գեղեցիկ գրքէն, որ մասնաւորաբար մանկահասակներու համար պատրաստուած է, հաճոյք առի նոյնքան իմ եօթը տարեկան տղաս»։
6 Ուրիշ քոյր մը ըսաւ. «Ես տարեց մըն եմ, բայց ձեզի շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Աստուածաշունչի Պատմութիւններու Հաւաքածոյ գրքին համար։ Մեծ տառերով տպուիլը եւ սիրուն պատկերները կը գնահատեմ։ Ասիկա դիւրին կը դարձնէ իրիկունը կարդալը երբ շատ յոգնած կ’ըլլամ»։ Այս տարեց քոյրը աւելցուց. «Տղաս որ տպագրիչ է արտայայտեց իր հիացումը գրքին ճարտարութեան որակին նկատմամբ»։
7 Մենք ունինք, ինչպէս անհատ մը նշեց, «հոգեւոր ուշագրաւ նուէր մը Եհովայէն»։ Կ’աղօթենք որ Եհովա օրհնէ ձեր ջանքերը գործածելով Աստուածաշունչի Պատմութիւններու Հաւաքածոյ գիրքը ուրիշներու օգնելու որ իր բարութիւնն ու նպատակը գնահատեն։—Սաղմ. 40։9, 10