ՎԵՐԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ԸՆԹԱՑՔԻՆ ՅԱՒԻՏԵԱՆ ԱՊՐԻԼ ԳԻՐՔԸ ԳՈՐԾԱԾԵՆՔ
1 Պօղոս առաքեալ գիտէր կարեւորութիւնը փութաջան ըլլալու հոգ տանելու մէջ անոնց որոնք հետաքրքրութիւն յայտնեցին ճշմարտութեան հանդէպ։ Անիկա անոնց նմանցուց թարմ բոյսերու, որոնք կանոնաւորաբար ջրուելու եւ մշակուելու կարիքը ունին։ (Ա. Կորնթ. 3։6–9) Նմանապէս այսօր, հետաքրքրուած անհատներ կարիքը ունին մեր տուած սիրալիր հոգածութեան երբ վերայցելութիւններ կ’ընենք անոնց հոգեւոր աճումը մշակելու։
2 Լաւ կ’ըլլայ որ ի մտի ունենանք թէ մեր այցելած անհատները յաճախ պէտք պիտի ունենան վերյիշեցումներու, որպէսզի մեր նախորդ խօսակցութեան մէջ բացատրուած կէտերը մտաբերեն։ Հետեւաբար, ամէն անգամ որ կը վերայցելէք, յարմար է որ հակիրճօրէն վերաքաղ ընէք ինչ որ բացատրեցիք նախորդ այցելութեան ատեն, կեդրոնանալով այն կէտերուն վրայ զորս տանուտէրը յատկապէս գնահատեց։ Տանուտէրը խօսակցութեան միջամուխ ըրէք եւ անյապաղ զատորոշեցէք անոր հետաքրքրութիւններն ու կարիքները։
3 «Յաւիտեան Ապրիլ» գրքով երբ վերայցելութիւն մը կ’ընէք, կրնաք այս ուղղակի մօտեցումը գործածել ուսումնասիրութիւն մը սկսելու համար.
◼ «Շատ մը մարդիկ որոնց հետ խօսեցանք, Աստուածաշունչի իրենց հարցումներուն պատասխաններ գտան այս գիրքը գործածելով»։ Ապա բանալով Յաւիտեան Ապրիլ գրքին բովանդակութեան ցանկը, կրնաք հարցնել. «Ո՞ր նիւթը հոս մեծապէս կը հետաքրքրէ ձեզ»։ Բացէք զինք հետաքրքրած գլուխը եւ ցոյց տուէք թէ ինչպէ՛ս պարբերութիւններուն թիւերը կը համապատասխանեն իւրաքանչիւր էջին վարը գտնուած հարցումներուն, այնպէս որ իւրաքանչիւր պարբերութենէն կրնայ ըմբռնել կարեւորագոյն կէտերը։ Նկատի առէք միայն մի քանի կէտեր եւ որոշ կարգադրութիւններ ըրէք կրկին այցելելու։
4 Ուրիշ մօտեցում մը.
◼ «Անցեալ շաբաթ մեր խօսակցութենէն իրապէս հաճոյք առի։ Շատ մը մարդիկ հարց կու տան թէ ինչո՞ւ կրկին անգամներ իրենց կ’այցելենք։ Մտածեցի որ այս գրքին՝ Դուք Կրնաք Յաւիտեան Ապրիլ Երկրային Դրախտի մը Մէջ, 29–րդ էջին մէջ յիշուած մեկնաբանութիւնը ձեզ պիտի հետաքրքրէ։ [Կարդացէք 11–րդ պարբերութիւնը։] Նկատի առնելով ինչ որ հոս կարդացինք, ի՞նչ պիտի ըսէք թէ պահանջուած է որպէսզի մեր պաշտամունքը Աստուծոյ քով ընդունելի ըլլայ։ [Թոյլ տուէք որ պատասխանէ եւ յետոյ տանուտէրը գովեցէք։] Յիսուսի օրերուն, կային անոնք որոնք կարծեցին թէ իրենց կրօնքը Աստուծոյ քով ընդունելի էր։ Նկատի առէք ինչ որ անոնց մասին ըսուած է այս գլուխին 2–րդ պարբերութեան մէջ»։ Կարդացէք ու մեկնաբանեցէք։
5 Երբ նորէն կ’այցելէք, կրնաք ըսել.
◼ «Վերջին անգամ երբ այցելեցի, խօսակցեցանք աշխարհի այն վիճակներուն մասին որոնց փոխուելու հարկը կայ։ Որեւէ մէկ ժամանակ հարց տուա՞ծ էք թէ ինչո՛ւ Աստուած չարութիւնը կը թոյլատրէ»։ Պատասխան առնելէ յետոյ, նկատի առէք էջ 99, 2–րդ պարբերութիւնը եւ ուսումնասիրութեան հարցումները։ Այս պարբերութիւնը կարդացէք ու բացատրեցէք, համարներն ալ բացէք։ Կրնաք խօսակցութիւնը ճոխացնել նկատի առնելով ընտրուած լուսաբանութիւններ գրքին մէջ, զոր օրինակ՝ էջ 78, 84–5, 119, 147, 149–53, եւ 156–8։
6 Ուր որ Թերթիկ մը Տեղաւորուած Է. Երբեմն թերթիկ մը կը տեղաւորենք վերայցելութեան ատեն։ Կրնաք թերթիկէն մէկ կամ երկու պարբերութիւններ բացատրել ինչպէս նաեւ մէջբերուած համարները։ Ետքը ցոյց տուէք թէ թերթիկին մէջ մէջբերուած համարներէն մէկը ի՛նչպէս բացատրուած է աւելի մանրամասնութեամբ Յաւիտեան Ապրիլ գրքին մէջ։ Եթէ անհատը հետաքրքրութիւն յայտնաբերէ, կրնաք Յաւիտեան Ապրիլ գիրքը ներկայացնել եւ կարգադրութիւններ ընել խօսակցութիւնը շարունակելու ձեր յաջորդ այցելութեան ատեն։
7 Մինչ հաւատարմօրէն հոգ կը տանինք որ ջրենք մեր հոգածութեան յանձնուած Քրիստոնէական հաւատքի թարմ բոյսերը, Աստուած պիտի աճեցնէ զանոնք իր փառքին համար։—Ա. Կորնթ. 3։7