Ձեր Գտած Հետաքրքրութիւնը Հետապնդեցէք
1 Երբ տունէ տուն կ’աշխատինք, սովորաբար սահմանափակ ժամանակ ունինք զոր կրնանք յատկացնել հետաքրքրուած անհատի մը։ Ընդհանրապէս իրական սորվեցնելու գործը կը կատարուի երբ վերայցելութիւններ կ’ընենք ու Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ կը վարենք։ (Մատթ. 28։19, 20) Որպէսզի ազդուօրէն սորվեցնենք վերայցելութեան ատեն, պէտք է վերաքաղ ընենք ինչ որ նկատի առինք առաջին հանդիպումին եւ ապա պատրաստուինք յաւելեալ խօսակցութեան մը։
2 Եթէ խօսեցար ընտանեկան կարգադրութեան անկայունութեան մասին, կրնաս տեղեկութիւններ գործածել Յաւիտեան Ապրիլ գրքին 29–րդ գլուխէն։ Կրնաս ըսել.
◼ «Նախապէս խօսեցանք թէ իմաստութիւն է հետեւիլ Աստուածաշունչի խրատին որպէսզի ուրախ ընտանեկան կեանք մը ունենանք։ Ի՞նչ կը խորհիս որ բանալին է ընտանիքները միացնելու այսօր»։ Թոյլ տուր որ պատասխանէ։ Ակնարկէ 27–րդ պարբերութեան էջ 247–ին մէջ եւ կարդա Կողոսացիս 3։12-14։ Յաւելեալ մեկնաբանութիւններ ըրէ որոնք ցոյց կու տան թէ ինչպէ՛ս անկեղծ սէրը կրնայ ընտանիքները միացնել։ Բացատրէ թէ ինչպէ՛ս Յաւիտեան Ապրիլ գիրքը կարգաւ ուսումնասիրելը կրնայ օգնել խնդիրներ լուծելու։
3 Եթէ առաջին հանդիպումին նկատի առիր աշխարհի վատթարացած վիճակը, կրնաս խօսակցութիւնը շարունակել ըսելով.
◼ «Վստահ եմ որ պիտի համաձայնիս թէ պէտք է մեծ փոփոխութիւններ տեղի ունենան որպէսզի խաղաղութեամբ ապրինք։ Աստուածաշունչը կը յայտնէ որ Սատանան մեր խնդիրներուն գլխաւոր պատճառն է։ Շատեր հարց կու տան թէ ինչո՞ւ Աստուած թոյլատրեց որ ան գոյատեւէ այսքան ժամանակ։ Ի՞նչ կը խորհիս»։ Թոյլ տուր որ պատասխանէ։ Բաց Յաւիտեան Ապրիլ գրքին 20–րդ էջը, 14 եւ 15–րդ պարբերութիւնները, եւ բացատրէ թէ ինչո՛ւ Սատանան մինչեւ հիմա չէ կործանուած։ Ապա կարդա Հռովմայեցիս 16։20, որ ցոյց կու տայ ինչ որ կրնանք ակնկալել մօտ ապագային։
4 Եթէ խօսեցար այն օրհնութիւններուն մասին որոնք պիտի իրագործուին Թագաւորութեան իշխանութեան ներքեւ, վերայցելութեան ատեն կրնաս ըսել.
◼ «Աստուծոյ Թագաւորութիւնը սքանչելի օրհնութիւններ պիտի բերէ երկրին ու մարդկութեան։ Այս օրհնութիւնները լաւ կերպով լուսաբանուած են այս 12 եւ 13–րդ էջերուն մէջ։ Քեզ հետաքրքրող ի՞նչ բան կը տեսնես։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Երեւակայէ ապրիլ ասոր նման աշխարհի մը մէջ»։ Կարդա 12–րդ պարբերութիւնը։ Եթէ հետաքրքրութիւն կայ, 13–րդ պարբերութեան հարցումը ուղղէ եւ պատասխանը նկատի առ։ Նշէ որ այս գլուխը կը պատասխանէ Թագաւորութեան օրհնութիւններուն մասին եղած յաւելեալ հարցումներու եւ ուրախ պիտի ըլլաս զանոնք նկատի առնելով յաջորդ այցելութեանդ ատեն։
5 Թերեւս ուսումնասիրութիւն մը սկսիս հետեւեալը ըսելով.
◼ «Շատ մը անհատներ այս գիրքը գործածելով իրենց սուրբ գրային հարցումներուն պատասխաններ գտած են»։ Բաց բովանդակութեան ցանկը եւ հարցուր. «Ո՞ր նիւթը հոս մեծապէս կը հետաքրքրէ քեզ»։ Թոյլ տուր որ պատասխանէ, բաց այն գլուխը որ իր ուշադրութիւնը գրաւեց եւ առաջին պարբերութիւնը կարդա։ Բացատրէ թէ ինչպէ՛ս իւրաքանչիւր էջին վարը գտնուած հարցումները ցցուն կ’ընեն իւրաքանչիւր պարբերութեան գլխաւոր կէտերը։ Լուսաբանէ նկատի առնելով յաւելեալ մէկ կամ երկու պարբերութիւններ, ապա կարգադրութիւն ըրէ կրկին այցելելու համար։
6 Յաւիտեան Ապրիլ գրքին հանդէպ եղած հետաքրքրութիւնը հետապնդելը կ’ապացուցանէ մեր փափաքը որ մեր ծառայութիւնը լման կերպով կատարենք։ (Բ. Տիմ. 4։5, ՆԱ) Թերեւս կրնանք մեր ունկնդիրներուն օգնել որ յաւիտենական կեանքին տենչան։—Յովհ. 17։3