Յաւիտեան Ապրիլ Գիրքը Ազդուօրէն Ներկայացնենք
1 Յիսուս բացումներ գործածելուն մէջ հմուտ էր։ Ան գիտէր ի՛նչ ըսել հետաքրքրութիւնը շարժելու համար։ Առիթով մը ան Սամարացի կնոջ մը հետ սկսաւ խօսիլ պարզապէս խմելու ջուր խնդրելով։ Ասիկա անմիջապէս անոր ուշադրութիւնը գրաւեց, քանի որ ‘Հրեաները Սամարացիներուն հետ չէին հաղորդակցեր’։ Խօսակցութեան շարունակութիւնը վերջապէս անոր եւ շատ մը ուրիշներու օգնեց որ հաւատացեալներ ըլլան։ (Յովհ. 4։7-9, 41) Անոր օրինակէն կրնանք սորվիլ։
2 Երբ պատրաստութիւն կը տեսնես Յաւիտեան Ապրիլ գիրքը ներկայացնելու, դուն քեզի հարցուր. ‘Մեր թաղամասին մէջ եղող մարդոց անմիջական հետաքրքրութիւնները ի՞նչ են։ Ի՞նչ բան կրնայ պատանիի մը, տարեցի մը, ամուսինի մը կամ կնոջ մը ուշադրութիւնը գրաւել’։ Կրնաս մի քանի բացումներ պատրաստել եւ ծրագրել որ պարագային ամենաշատ յարմար եղողը գործածես։
3 Քանի որ ընտանեկան կեանքին վատթարացումը շատեր կը մտահոգէ, կրնաս ըսել.
◼ «Կեանքի առօրեայ դժուարութիւնները մեծ ճնշում բանեցուցած են ընտանիքներուն վրայ։ Անոնք ո՞ւր կրնան օգնութիւն գտնել։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Աստուածաշունչը կրնայ իրական օգնութիւն մը ըլլալ մեզի։ [Կարդա Բ. Տիմոթէոս 3։16, 17։] Սուրբ գրութիւնները օգտակար ուղեգծեր կը մատուցանեն որոնք կրնան ընտանիքներուն օգնել որ վերապրին։ Նկատէ ինչ որ ըսուած է այս գրականութեան 238–րդ էջին 3–րդ պարբերութեան մէջ, որու խորագիրն է՝ Դուք Կրնաք Յաւիտեան Ապրիլ Երկրային Դրախտի մը մէջ»։ Կարդա 3–րդ պարբերութիւնը ու գիրքը ներկայացուր։
4 Եթէ տեղական տեղեկագիր մը կը գործածես, կրնաս ըսել.
◼ «Արդեօք լսեցի՞ր լուրերը [յիշէ տեղականօրէն կարեւորութիւն ունեցող լուր մը] մասին։ Ի՞նչ մտածեցիր անոր նկատմամբ։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Ասիկա կը ձգէ որ հարց տանք թէ աշխարհը դէպի ո՞ւր կ’ուղղուի, այդպէս չէ՞։ Աստուածաշունչը գուշակեց այսպիսի բաներ որպէս ապացոյց թէ մենք վերջին օրերուն մէջ կ’ապրինք»։ Ապա նկատի առ տեղեկութիւններ Յաւիտեան Ապրիլ գրքէն, էջեր 150-3։
5 Շատեր մտահոգ են ոճիրին խնդրին նկատմամբ որ երթալով կը մեծնայ։ Կրնաս առաջին բացումը գործածել «Ոճիր/Ապահովութիւն» ենթագլուխին ներքեւ, Պատճառաբանել գրքին 10–րդ էջին մէջ.
◼ «Մենք մարդոց հետ կը խօսակցինք անձնական ապահովութեան հարցին մասին։ Մեր շուրջ շատ ոճիր կայ, եւ ան մեր կեանքին կ’ազդէ։ Ի՞նչ կը խորհիս որ պէտք է կատարուի, քեզի ու ինծի պէս անհատներու համար, որպէսզի ապահով զգանք գիշերը փողոցներուն մէջ»։ Կրնաս կարդալ Սաղմոս 37։10, 11–ը եւ ցոյց տալ այն օրհնութիւնները զորս Աստուծոյ Թագաւորութիւնը պիտի բերէ, գործածելով Յաւիտեան Ապրիլ գրքին 156-8 էջերը։
6 Եթէ կը նախընտրես պարզ մօտեցում մը, կրնաս բացում մը գործածել որ կը նմանի Պատճառաբանել գրքին 12–րդ էջին վերը գտնուած բացումին.
◼ «Մեր դրացիները կը քաջալերենք որ նկատի առնեն այն հոյակապ ապագան զոր Աստուածաշունչը կը վերապահէ մեզի։ [Կարդա Յայտնութիւն 21։3, 4։] Ասիկա քեզի լաւ կը թուի՞։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Այս գրականութեան 19–րդ գլուխը ցցուն կ’ընէ ուրիշ օրհնութիւններ զորս հնազանդ մարդկութիւնը պիտի վայելէ Աստուծոյ Թագաւորութեան ներքեւ»։ Եթէ հետաքրքրութիւն կայ, Յաւիտեան Ապրիլ գիրքը ներկայացուր։
7 Ազդեցիկ բացում մը պատրաստելը կրնայ քեզի օգնել որ հասնիս անոնց որոնք արդարութեան անօթի են։—Մատթ. 5։6