Ծառայութեան Ժողովներ Փետրուար Ամսուան Համար
Փետրուար 6–ով Սկսող Շաբաթը
Երգեցողութիւն թիւ 32
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւն թերթիկէն ընտրուած Ծանուցումներ։ Ցոյց տուր թէ ինչպէ՛ս ամենավերջին պարբերաթերթերուն յօդուածները կարելի է ցցուն ընել տունէ–տուն ծառայութեան ատեն։
17 վյրկ. «Քարոզելը՝ Պատուական Առանձնաշնորհում մը»։ Հարց պատասխանով։ Յաւելեալ մեկնաբանութիւններ ըրէ օգտագործելով Դիտարանի 1 Սեպտեմբեր 1990–ի թիւը, էջ 19, պարբերութիւններ՝ 13-16։
18 վյրկ. «Յաւիտեան Ապրիլ Գիրքը Ազդուօրէն Ներկայացնենք»։ Ունկնդիրներուն հետ գլխաւոր կէտերը վերաքաղ ըրէ, պարփակելով մեկնաբանութիւններ Դպրոցի Դասագիրքէն, էջեր 46-7, պարբերութիւններ 9-12։ Բացատրէ թէ ի՛նչ տեսակ բացում կրնայ ազդեցիկ ըլլալ ձեր թաղամասին մէջ։ Կարգադրէ որ մէկ կամ երկու ներկայացումներ ցուցադրուին։
Երգեցողութիւն թիւ 162 եւ փակման աղօթք։
Փետրուար 13–ով Սկսող Շաբաթը
Երգեցողութիւն թիւ 46
5 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Հաշիւի տեղեկագիրը եւ նուիրատուութիւններու ընկալագիրը։
10 վյրկ. Տեղւոյն կարիքներ։ Կամ դասախօսութիւն «Ինչո՞ւ Խօսիլ Աստուծոյ Մասին» յօդուածին մասին, Զարթի՛րի 22 Սեպտեմբեր 1994–ի թիւին մէջ, էջեր 13-15։
15 վյրկ. «Թագաւորութեան Խօսքը Ըմբռնենք»։ Հարց պատասխանով։ Կարգադրէ որ երկու կամ երեք անհատներ պատմեն թէ ինչպէ՛ս եւ ե՛րբ յայտագիր կ’ընեն իրենց անձնական ուսումնասիրութեան համար կամ օրուայ համարը նկատի առնելու համար։
15 վյրկ. «Ուրիշներու Հանդէպ Նկատառութիւն Ցոյց Տանք—Մաս Բ»։ Դասախօսութիւն եւ խօսակցութիւն երէցի մը կողմէ։ Նշէ տեղականօրէն նկատուած որեւէ խնդիր եւ յարմար խրատ տուր։
Երգեցողութիւն թիւ 28 եւ փակման աղօթք։
Փետրուար 20–ով Սկսող Շաբաթը
Երգեցողութիւն թիւ 28
12 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Ցոյց տուր ընթացիկ պարբերաթերթերէն յօդուածներ որոնք տեղական թաղամասին յարմար են։ Ցուցադրէ ներկայացումներ։
15 վյրկ. «Պարզում 1995–ի Նահանգային Համաժողովին Առնչութեամբ»։ Յաւելուածական։ Դասախօսութիւն 1-8 պարբերութիւններուն մասին, վերակացու տեսուչին կողմէ։ Շեշտէ ճաշի սպասարկութիւն չըլլալուն դրական օգուտները։
18 վյրկ. «Ձեր Գտած Հետաքրքրութիւնը Հետապնդեցէք»։ Ունկնդիրներուն հետ յօդուածը նկատի առ։ Յիշէ մեկնաբանութիւններ որոնք երախտապարտութիւն ցոյց կու տան Յաւիտեան Ապրիլ գիրքը ստանալուն համար։ (Տես Դիտարանի 15 Մայիս 1986–ի թիւը էջ 32 եւ Դիտարանի 1 Մարտ 1987–ի թիւը էջ 32, Անգլերէնով։) Կարգադրէ մէկ կամ երկու ցուցադրութիւններ որոնք ցոյց կու տան ինչպէ՛ս գործածել թելադրուած ներկայացումները։ Բոլորը քաջալերէ որ փորձեն ուսումնասիրութիւններ սկսիլ հետաքրքրուող անհատներուն հետ։
Երգեցողութիւն թիւ 63 եւ փակման աղօթք։
Փետրուար 27–ով Սկսող Շաբաթը
Երգեցողութիւն թիւ 59
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Նկատի առ «Վերստուգուած Հանրային Դասախօսութիւններէն Օգտուինք»։
20 վյրկ. «Պարզում 1995–ի Նահանգային Համաժողովին Առնչութեամբ»։ Յաւելուածական։ Ժողովքի քարտուղարը հարց պատասխանով նկատի կ’առնէ 9-19 պարբերութիւնները։ Եզրափակութեան ատեն ուշադրութիւն հրաւիրէ վերյիշեցումներու շրջագիծին։ Շեշտէ հանճարեղութիւն գործածելը համաժողովին բերելու համար միայն անհրաժեշտ կերակուրը եւ կապ ունեցող առարկաները։
15 վյրկ. Յայտնութեան Յանգումը Գիրքը Ներկայացնենք Մարտ Ամսուան Ընթացքին։ Բոլորը քաջալերէ որ խանդավառ ըլլան զայն ներկայացնելու նկատմամբ։ Վերաքաղ ըրէ անոր հրատարակութեան պատճառները, ինչպէս որ բացատրուած են գրքին 8–րդ էջին մէջ։ Պատմէ երախտապարտութեան արտայայտութիւններ գրքին համար։ (Տես Դիտարանի 15 Մարտ 1989–ի թիւը էջ 32, եւ Դիտարանի 15 Ապրիլ 1989–ի թիւը էջ 32։) Վերաքաղ ըրէ ու հակիրճօրէն ցուցադրէ այն ներկայացումը որ կը սկսի սա հարցումով. «Լսա՞ծ էք Յայտնութեան չորս հեծեալներուն մասին»։ (Տես Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւն թերթիկին Մարտ 1994–ի թիւը, էջ 4։) Բոլորին վերյիշեցուր որ օրինակներ առնեն գործածելու համար ծառայութեան մէջ այս շաբաթավերջը։
Երգեցողութիւն թիւ 14 եւ փակման աղօթք։