Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 2/95 էջ 1
  • Թագաւորութեան Խօսքը Ըմբռնենք

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Թագաւորութեան Խօսքը Ըմբռնենք
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1995)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Աստուծոյ Թագաւորութեան իմաստը կ’ըմբռնէ՞ք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1996
  • ՕՐԱԿԱՆ ՀՈԳԵՒՈՐ ՍՆՈՒՆԴԸ—ԱՆՀՐԱԺԵՇՏ Է ՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ ԸՆՏԱՆԻՔԻՆ ՀԱՄԱՐ
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1992)
  • Ընտանեկան յայտագիր՝ օրուան համարը
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2005)
  • ‘Շարունակեցէք նախ Թագաւորութիւնը փնտռել’
    Միացած՝ միակ ճշմարիտ Աստուծոյ պաշտամունքին մէջ
Տես աւելին
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1995)
թծ 2/95 էջ 1

Թագաւորութեան Խօսքը Ըմբռնենք

1 Սերմնացանին իր առակին մէջ, Յիսուս ըսաւ որ «աղէկ հողի մէջ» ցանուածը պատկերացուց այն որ խօսքը լսեց ու զայն ըմբռնեց։ (Մատթ. 13։23) Թագաւորութեան մասին լսելէ ետք, զայն ըմբռնեցի՞նք։ Ան որքա՞ն կ’ազդէ մեր կեանքին։ Թագաւորութեան շահերը առաջնագոյն տեղը դրա՞ծ ենք, այսպիսով յայտնելով թէ պատգամը ըմբռնած ենք։

2 Թագաւորութեան պատգամը շիտակ կերպով հասկնալը անձնական ուսումնասիրութիւն կը պահանջէ։ Մենք պէտք է ժամանակ յատկացնենք հայթայթուած հոգեւոր սնունդին վրայ խոկալու։ Դիտարանը արագօրէն կարդալը կը նմանի համեղ ու սննդարար ճաշ մը լափելու։ Ժամանակ կը յատկացնէ՞ք որպէսզի հոգեւոր սնունդը լման կերպով նկատի առնէք։ Մեծագոյն օգուտը քաղելու համար, պէտք է մղում մը եւ առողջ հոգեւոր ախորժակ մը գտնուին։ Եթէ ատոնք պակաս են, միւս գործունէութիւնները կրնան անձնական ուսումնասիրութեան օգուտները նուազեցնել կամ անոր համար պէտք եղած ժամանակը սպառել։ Ուսումնասիրութեան լաւ յայտագրի մը կառչիլը դիւրին չէ։ Թէեւ անիկա կը պահանջէ նախապատուութիւններու ուշադիր հաւասարակշռութիւն մը, ձեռք ձգուելիք հոգեւոր հարստութիւնը անգին է։—Առ. 3։13-18. Կող. 1։27

3 Աստուածաշունչը Քննենք մեզի կ’օգնէ իւրաքանչիւր օր որ նկատի առնենք դրական, շինիչ խորհուրդներ Թագաւորութեան մասին։ Անոնք որոնք ‘իրենց հոգեւոր կարիքներուն գիտակից են’, կը ծրագրեն որ ամէն օր մի քանի վայրկեան յատկացնեն որպէսզի օրուայ համարն ու մեկնաբանութիւնները կարդան։ (Մատթ. 5։3, ՆԱ) Շատ մը համարներ կը բացատրեն Թագաւորութեան այլազան երեսակները։ Օրինակի համար, 22 Նոյեմբեր 1994–ին, օրուայ համարն էր Մատթէոս 13։4–ը։ Մեկնաբանութիւնը նկատի առաւ Թագաւորութեան յոյսը եւ մեզի վերյիշեցուց ազգականներուն եւ դրացիներուն հետ ապառողջ ընկերակցութիւն ունենալուն վտանգները։ Այն իրողութիւնը թէ Պէթէլի տուներու մէջ համայն աշխարհի մէջ, իւրաքանչիւր գործի-օր առաւօտուն օրուայ համարը 15 վայրկեան նկատի կ’առնուի, կը շեշտէ միասնաբար օրուայ համարը նկատի առնելուն օգուտները եւ լրջութիւնը։ Ձեր ընտանիքը իր առօրեայ սովորութեան մէջ նմանապէս կը պարփակէ՞ օրուայ համարը նկատի առնելը։

4 Մինչ Թագաւորութեան հանդէպ ձեր գնահատանքը կ’աւելնայ, աւելի մեծ մղում պիտի ունենաք Թագաւորութեան պատգամը ուրիշներու հետ բաժնելու։ Դիտարանն ու Զարթի՛րը կը հայթայթեն ինչ որ կրնայ նմանցուիլ մտային վառելանիւթին որ մեր մտքերը թարմ, այժմէական տեղեկութիւններով կը կերակրէ։ Անոնք մեզի կ’օգնեն որ խորապէս գիտակցինք թէ աշխարհը որքա՜ն Աստուծոյ Թագաւորութեան կարիքը ունի։ Անոնք մեզի կ’օգնեն որ հոգեւոր անհատներ ըլլանք, որոնք «Քրիստոսին միտքը ունին»։ (Ա. Կորն. 2։15, 16) Այս բոլորը կրնան մեզ զօրացնել ու մեր նախանձախնդրութիւնը աւելցնել որ Թագաւորութեան յոյսը ուրիշներու հետ բաժնենք։—Ա. Պետ. 3։15

5 Կենսական է որ անհատապէս Թագաւորութեան պատգամը ըմբռնենք։ Թագաւորութիւնը այն միջոցն է զոր Աստուած պիտի գործածէ որպէսզի իր գերիշխանութիւնը պաշտպանէ, չարութեան վերջ դնէ եւ նոր աշխարհ մը՝ դրախտ մը՝ բերէ։ Յիսուս մեզ պատուիրեց որ զայն առաջին տեղը դնենք մեր կեանքին մէջ։ Մենք պէտք է ոչխարանման հպատակներ ըլլանք որպէսզի անոր իշխանութեան ներքեւ ապրինք։ (Մատթ. 6։10, 33) Ձեր պատեհութիւնը լման կերպով օգտագործեցէք որպէսզի անոր օրհնութիւնները վայելէք։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել