Քարոզելը՝ Պատուական Առանձնաշնորհում Մը
1 Բարի լուրին ծառայութիւնը պատուական առանձնաշնորհում մըն է զոր Եհովա մեզի շնորհած է։ (Հռովմ. 15։16. Ա. Տիմ. 1։12) Զանիկա այդ կերպո՞վ կը նկատէք։ Ո՛չ ժամանակին անցնումը եւ ոչ ուրիշներու ծաղրանքը պէտք է նուազեցնեն անոր կարեւորութիւնը մեր աչքին։ Աստուծոյ անունը կրելը պատիւ մըն է զոր միայն քիչերու տրուած է։ Ինչպէ՞ս կրնանք մեր գնահատանքը աւելցնել այս առանձնաշնորհումին հանդէպ։
2 Թագաւորութեան պատգամը քարոզելը աշխարհին հաճութիւնը մեզի չի բերեր։ Շատեր մեր գործին հանդէպ անտարբեր են։ Ուրիշներ զանիկա կը ծաղրեն կամ անոր կը հակառակին։ Այսպիսի հակառակութիւն մը կրնայ գալ մեր գործակիցներէն, դրացիներէն կամ նոյնիսկ ընտանիքի անդամներէն։ Անոնք մեզ կը նկատեն որպէս մոլորեալներ ու յիմարներ։ (Յովհ. 15։19. Ա. Կորն. 1։18, 21. Բ. Տիմ. 3։12) Անոնց վհատեցուցիչ մեկնաբանութիւնները ծրագրուած են որ մեր նախանձախնդրութիւնը տկարացնեն եւ պատճառ ըլլան որ դանդաղինք կամ մեր պատուական առանձնաշնորհումը զանց ընենք։ Ժխտական տեսակէտները յառաջ կը մղուին Սատանային կողմէ, որ «անհաւատներուն մտքերը կուրցուց, որպէսզի . . . աւետարանին փառքին լոյսը անոնց վրայ չծագի»։ (Բ. Կորն. 4։4) Ինչպէ՞ս կը հակազդէք։
3 Կարեւոր է որ մեր մտքին մէջ պահենք թէ Թագաւորութեան մասին մեր քարոզչութիւնը ամենէն կարեւոր գործն է զոր մեզմէ ոեւէ մէկը կրնայ ընել այսօր։ Կենսապահ պատգամ մը ունինք որ որեւէ ուրիշ միջոցով մատչելի չէ։ (Հռովմ. 10։13-15) Կարեւորը Աստուծոյ հաճութիւնը ունենալն է, ոչ թէ՝ մարդոց։ Աշխարհի բացասական տեսակէտը մեր քարոզչական գործունէութեան հանդէպ մեզ ետ չի կեցներ բարի լուրը համարձակութեամբ յայտարարելէ։—Գործք 4։29
4 Յիսուս մեծապէս գնահատեց իր Հօր կամքը ընելու իր առանձնաշնորհումը։ (Յովհ. 4։34) Ան բացարձակապէս անձնատուր եղաւ ծառայութեան եւ թոյլ չտուաւ ո՛չ զբաղումներուն եւ ոչ հակառակորդներուն որ զինք դանդաղեցնեն։ Թագաւորութեան պատգամը քարոզելը միշտ առաջին տեղը գրաւեց իր կեանքին մէջ։ (Ղուկ. 4։44) Մեզի պատուէր տրուած է որ անոր օրինակին հետեւինք։ (Ա. Պետ. 2։21) Այդպէս ընելով, մենք կը ծառայենք որպէս «Աստուծոյ գործակից»ներ։ (Ա. Կորն. 3։9) Այս առանձնաշնորհումը լման կերպով կ’օգտագործե՞նք։ Պատեհութիւններ կը փնտռե՞նք որպէսզի ուրիշներու հետ բարի լուրը բաժնենք թէ՛ պաշտօնական եւ թէ անպաշտօն կերպով։ Որպէս Եհովայի Վկաներ, պէտք է միշտ պատրաստ ըլլանք ‘իր անունը յայտարարելու’։—Եբր. 13։15
5 Ծառայութեան մեր մասնակցիլը մեծապէս կախեալ է մեր կեցուածքէն։ Խորապէս կը գնահատե՞նք ամէն ինչ որ Եհովա ըրած է մեզի համար։ Մեր սրտերուն մէջ Եհովայի հանդէպ այնպիսի սէր մը զարգացուցա՞ծ ենք որ մեզ կը մղէ որ իր ծառայութեան մէջ ընենք ամէն ինչ որ կրնանք։ Հիմա մեր վայելած օրհնութիւններուն մասին ինչպէս նաեւ ապագային նկատմամբ Եհովայի խոստումներուն մասին խոկալը, մեզի կ’օգնէ որ սիրով յորդինք մեր Ստեղծիչին հանդէպ։ Այսպիսի սէր մը մեզ կը մղէ որ գործի լծուինք—Թագաւորութիւնը քարոզելու գործին մէջ յարատեւող ու կանոնաւոր ըլլանք մեր պարագաներուն ներած չափով։ Մեր նախանձախնդրութիւնը պիտի ապացուցանէ մեր ունեցած սէրը Եհովայի ու մեր դրացիին հանդէպ։—Մար. 12։30, 31
6 Բանի մը նկատմամբ ի՛նչ որ կ’ընենք ու կ’ըսենք ցոյց կու տայ թէ որքան մեծապէս կ’արժեւորենք զանիկա։ Իրապէս կ’արժեւորե՞նք Թագաւորութեան մասին քարոզելու մեր առանձնաշնորհումը։ Մեր ծառայութիւնը կը մեծարե՞նք։ Հաստատամի՞տ ենք որ յարատեւենք այս կենսական գործին մէջ ի հեճուկս հակառակութեան։ Եթէ մեծապէս կը գնահատենք այս հոյակապ առանձնաշնորհումը, վստահաբար նախանձախնդիր ու խանդավառ պիտի ըլլանք։—Բ. Կորն. 4։1, 7