ԲԱՑՈՒՄՆԵՐ ՀԵՏԱՔՐՔՐՈՒԹԻՒՆ ԳՐԳՌԵԼՈՒ
1 Յիսուս բացումներ գործածելուն մէջ հմուտ էր։ Խօսելով մեծ խումբի մը կամ անհատի մը հետ, Յիսուս իր հանդիսականներուն ուշադրութիւնը գրաւեց անոնց անձամբ միջամուխ ընելով։ Ան իր ունկնդիրներուն ցոյց տուաւ իր նիւթին արժէքը։—Մատթ. 5։3–12. Ղուկ. 20։25–37. Յովհ. 4։7–30
2 Առաջուընէ Պատրաստուիլը Անհրաժեշտ Է. Որպէսզի հետաքրքրութիւն գրգռենք մեր պատգամին հանդէպ, կարիքը ունինք մեր բացումները յարմարցնելու այնպէս որ պարփակեն անհատը, անոր մտահոգութիւններուն հետ կապ ունենան, եւ ցոյց տան թէ Թագաւորութեան պատգամը իրեն անձամբ պիտի օգնէ։
3 Ծառայութեան համար պատրաստուելու ատեն, վերաքաղ ըրէք մարդոց անմիջական մտահոգութիւնները համայնքին մէջ։ Վերջին լուրերէն մէկը ամէն անհատի ուշադրութիւնը գրաւա՞ծ է։ Ի՞նչ բան հետաքրքրական պիտի ըլլայ պատանիի մը, տարեցի մը, ամուսիններու, կիներու, կամ ծնողներու։ Քան թէ գործածէք նոյն բացումը իւրաքանչիւր դրան առջեւ, սովորաբար աւելի ազդեցիկ է պատրաստէք մի քանի տարբեր բացումներ եւ զանոնք յարմարցնէք մինչ տանուտէրներու ընդառաջումը կը նկատէք։ Կարգ մը հրատարակիչներ լաւ յաջողութիւն ձեռք ձգած են Պատճառաբանել գրքէն այլազան բացումներ պատրաստելով ու գործածելով, ամէն անգամ որ տունէ տուն ծառայութեան կ’երթան։ (Պատճառաբանել էջ 9–15) Ասիկա իրենց մօտեցումը թարմ եւ հետաքրքրական կը պահէ։
4 Օգոստոս ամսուան ընթացքին, կրնաք ասոր նման ներկայացում մը գործածել.
◼ «Բարի լոյս։ Կարգ մը դրացիներուն հետ կը խօսակցէինք թէ ի՞նչ յատկութիւններ կ’ուզեն տեսնել անհատի մը մէջ որ ուրիշները կը կառավարէ։ Կրնա՞մ հարցնել թէ ի՛նչ մէկ կամ երկու յատկութիւններ կը խորհիք թէ կարեւորագոյնն են։ [Թոյլ տուէք որ պատասխանէ։ Եթէ յարմար կէտեր յիշէ, ցոյց տուէք թէ կը համաձայնիք։] Գիտէի՞ք որ Աստուածաշունչը կը նկարագրէ այն անձին որակումները որ ընդունուած է մարդկութեան իշխանը ըլլալու։ Անոր մասին յիշուած է Եսայեայ 9։6, 7–ին մէջ։ [Կարդացէք։] Այսպիսի իշխանի մը իշխանութեան ներքեւ ի՞նչ տեսակ կեանք մը կը խորհիք թէ պիտի ըլլայ»։ Թոյլ տուէք որ պատասխանէ, յետոյ ուշադրութիւնը ուղղեցէք Սաղմոս 146։3, 4–ին եւ Պատճառաբանել գրքի տեղեկութիւններուն էջ 153–4 [էջ 158–9, Արբ.], Յիսուսի իշխանութեան երաշխաւորուած որակին մասին։ Կամ եթէ հարազատ հետաքրքրութիւն զատորոշուի, կրնաք խոստանալ որ յաջորդ այցելութեան Յաւիտեան Ապրիլ գիրքը ներկայացնէք, որ մանրամասն կը բացատրէ այս նիւթը։
5 Եթէ կը խօսիք տնասէր մարդոց հետ, հետեւեալ ներկայացումը կրնայ յաջողիլ երբ Յաւիտեան Ապրիլ գիրքը ցցուն կ’ընէք։
Բարեւ տալէ յետոյ, կրնաք ըսել.
◼ «Նկատա՞ծ էք թէ առօրեայ ճնշումները եւ խնդիրները այսօր կը ներկայացնեն իսկական մարտահրաւէր մը ընտանիքներուն։ [Թոյլ տուէք որ պատասխանէ։] Որեւէ գաղափար ունի՞ք թէ ընտանիքները ո՛ւր կրնան դիմել առողջ խրատի համար։ [Թոյլ տուէք որ պատասխանէ։] Մենք ուշադրութիւնը կը դարձնենք այն բանին զոր Աստուածաշունչը կ’ըսէ այս նիւթին մասին։ Նկատի առէք ինչ որ ամուսնութեան սկիզբ Տուողը ըսաւ առաջին մարդկային զոյգին»։ Կարդացէք Ծննդոց 1։28–ն։ Կրնաք խօսակցիլ Յաւիտեան Ապրիլ գրքին 29–րդ գլուխէն նախապէս ընտրուած կէտերու մասին, եւ տեղաւորել զայն վերայցելութեան մը ատեն։
6 Ուշադրութիւնը գրաւելու եւ ունկնդիրները խօսակցութիւններուն միջամուխ ընելու Յիսուսի մեթոտները ընդօրինակելով, պարկեշտ սրտով անհատներու կը ցուցնենք հոգեւոր բաներուն արժէքը։