ՄՂԻՉ ԲԱՑՈՒՄ ՄԸ ԶԱՐԳԱՑՈՒՑԷՔ
1 Թէ՛ Դիտարանը եւ թէ Զարթի՛րը օգտակար են ճշմարտութեան սերմերը ցանելու ընթերցողներու սրտին ու մտքին մէջ։ Հետեւաբար, կ’ուզենք ազդեցիկ կերպեր զարգացնել որպէսզի այս պարբերաթերթերը հասցնենք այն մարդոց տուները որոնք կրնան օգտուիլ անոնց բովանդակած հոգեւոր գոհարներէն։
2 Ի՞նչպէս կրնանք տանուտէրները մղել որ մեր պարբերաթերթերը ընդունին ու կարդան։ Շատ բան կախեալ է զանոնք ի՛նչպէս ներկայացնելէն։ Ազդեցիկ բացումներ նախապատրաստելու համար ընտիր թելադրութիւններ կը գտնուին Պատճառաբանել գրքին մէջ, էջ 9–15։
3 Երբ նկատի կ’առնէք Հոկտեմբեր 1 Դիտարանի թիւը [Անգլ.], կրնաք գործածել երրորդ թելադրութիւնը «Ընթացիկ Դէպքեր» խորագրին տակ, Պատճառաբանել գրքի 10–11 էջերուն մէջ։
Դուք ձեզ ծանօթացնելէ ետք, կրնաք ըսել.
◼ «Եթէ կարենայիք ընտրել, հիմա աշխարհը դիմագրաւող շատ մը խնդիրներէն ո՞ր մէկը պիտի փափաքէիք լուծուած տեսնել ամենառաջ»։ Տանուտիրոջ պատասխանին մտիկ ըրէք, եւ գնահատեցէք իր մտահոգութիւնը։ Ապա կրնաք շարունակել, ասոր նման բան մը ըսելով. «Նկատի առէք ինչ որ Աստուածաշունչը որպէս լուծում կը ներկայացնէ այսպիսի խնդիրներու։ [Կարդացէք Եսայեայ 9։6, 7։] Ուստի մարդկութեան բոլոր խնդիրներուն լուծումը կը կայանայ Մեսիային՝ Յիսուս Քրիստոսին՝ արդար իշխանութեան մէջ»։ Ապա կրնաք գործածել մի քանի կէտեր 8–րդ էջէն եւ մանաւանդ՝ «Մեսիան—Իրակա՞ն Յոյս մը» յօդուածին վերջին երեք պարբերութիւնները։
4 Հոկտեմբեր 1 Դիտարանի թիւին հետ երկու ուրիշ բացումներ կրնաք գործածել, որոնք կը գտնուին Պատճառաբանել գրքի 11–րդ [9–րդ, Արբ.] էջին մէջ, «Գործ/Պատսպարում» խորագրին տակ։ Կրնաք արտայայտել այս գաղաբարները եւ հարցումները ձեր յատուկ բառերով կամ պարզապէս կրկնեցէք ինչ որ ըսուած է Պատճառաբանել գրքին մէջ։ Անհատին պատասխանը գնահատելէ ետք, շարունակեցէք բաժնեկցելով հետաքրքրական դիտողութիւնը որ յիշուած է 4–րդ էջին մէջ՝ «Լուծում Չկա՞յ» ենթագլուխին տակ, առաջին պարբերութեան մէջ։ Ապա կարդալով Եսայեայ 65։21–23, ցոյց տուէք Մեսիային իշխանութեան բերելիք օրհնութիւնները։
5 Եթէ կը գործածէք Հոկտեմբեր 8 Զարթի՛րի թիւը՝ «Ժխտական Յուզումները Կրնաք Յաղթահարել» նիւթին մասին, կրնաք փորձել երրորդ բացումը «Կեանք/Երջանկութիւն» խորագրին տակ, Պատճառաբանել գրքի 13–րդ [11–րդ, Արբ.] էջին մէջ։ Սաղմոս 1։1, 2–ը մէջբերելէ ետք, կրնաք Զարթի՛ր պարբերաթերթէն յարմար կէտ մը ուշադրութեան յանձնել։
6 Հաւանաբար պիտի հանդիպիք տանուտէրներու որոնք կ’ըսեն թէ իրենց կրօնական գրականութիւնները ունին։ Կրնաք բացատրել թէ մենք ալ ունինք գրականութիւններ որոնք միայն մեր գործածութեան համար են (ինչպէս՝ Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւն թերթիկը). սակայն, միլիոնաւոր անհատներ, որոնք Եհովայի Վկաներ չեն, մեր պարբերաթերթերը կը կարդան։
7 Ա. Կորնթացիս 3։6–ին մէջ Պօղոս ըսաւ. «Ես տնկեցի, Ապօղոս ջուր տուաւ, բայց Աստուած աճեցուց»։ Եթէ կ’ուզենք որ Եհովա ճշմարտութեան սերմերը աճեցնէ հետաքրքրուող անհատներու սրտերուն մէջ, պէտք է ուշադիր ըլլանք այս սերմերը ազդեցիկ կերպով ցանելու, մղիչ բացումներ գործածելով։