ՀԵՏԱՔՐՔՐՈՒՈՂ ԱՆՀԱՏՆԵՐՈՒՆ ՆԿԱՏՄԱՄԲ ՀՈԳԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ ՑՈՒՑԱԲԵՐԵՑԷՔ
1 Բոլորէն աւելի, Եհովա առատաձեռն եղած է մարդոց նկատմամբ հոգատարութիւն ցուցաբերելուն մէջ։ Ան ոչ միայն հայթայթած է առատապէս նիւթական բաներ, այլ նաեւ՝ մեզի տուած է այն հոգեւոր բաները որոնց պէտք ունինք եւ կը վայելենք զանոնք։ Ան այնքա՛ն հետաքրքրուած է մեզմով որ նոյնիսկ կը քննէ ինչ որ մեր սրտերուն մէջ կայ։—Սաղմ. 139։23
2 Երբ Յիսուս երկրի վրայ էր, իր Հօր օրինակին կատարելապէս հետեւեցաւ, ուրիշներու նկատմամբ հոգատարութիւն ցուցաբերելով։ Կը յիշէ՞ք այն մարդը որ Յիսուսին ըսաւ, «Տէ՛ր, եթէ ուզես, կրնաս զիս մաքրել»։ Յիսուս պատասխանեց, «Կ’ուզե՛մ»։ (Մատթ. 8։1–3) Երբ Յիսուս տեսաւ վշտագին որբեւարի մը, ի՞նչ ըրաւ։ Ան կանգ առաւ իրեն օգնելու։ (Ղուկ. 7։11–15) Կրնա՞ք աւելի ուշադիր ըլլալ հետաքրքրուող անհատներու նկատմամբ հոգատարութիւն ցուցաբերելու։
3 Ընդօրինակելով մեր Հայրը՝ Եհովան, եւ իր Որդին՝ Քրիստոս Յիսուս, մենք ալ պէտք է ուրիշներու նկատմամբ անձնական հետաքրքրութիւն ցուցաբերենք։ Ասիկա կ’ընենք պահելով տունէ–տուն ծառայութեան ճշգրիտ արձանագրութիւն մը։ Ասիկա կը պարփակէ գրել հետաքրքրուող անհատին անունը եւ ճիշդ հասցէն, ինչպէս նաեւ առաջին հանդիպումին նկատի առնուած նիւթը։ Ետքը, վերայցելութիւնը ընելէ առաջ, լաւ կերպով նախապատրաստուեցէք։ Եթէ պարբերաթերթեր տեղաւորեցինք նախորդ այցելութեան ատեն, մեր վերայցելութիւնը կարելի է որ հիմնենք յօդուածներէն մէկուն մէջ արտայայտուած մասնայատուկ գաղափարի մը վրայ։ Նկատեցէք ի՛նչպէս ասիկա կարելի է ընել։
4 Եթէ տեղաւորեցիք Հոկտեմբեր 1, 1992, Դիտարանի թիւը [Անգլ.] եւ կեդրոնացաք «Մարդկութիւնը Ի՞րապէս Մեսիայի մը Կարիքը Ունի» յօդուածին վրայ, կրնաք նախապատրաստուիլ ցցուն ընելու Յայտնութիւն 21։4–ը եւ Յովհաննու 17։3–ը ձեր վերայցելութեան ատեն։
Զոր օրինակ, Յայտնութիւն 21։4–ը կարդալէ ետք, կրնաք հարցնել.
◼ «Այսպիսի աշխարհի մը մէկ մասը ի՞նչպէս կրնանք ըլլալ։ [Թոյլ տուէք որ պատասխանէ։] Մտիկ ըրէք ինչ որ Մեսիան ըսաւ թէ անհրաժեշտ է որպէսզի կեանք ձեռք ձգենք ասոր նման աշխարհի մը մէջ»։ Ապա կարդացէք Յովհաննու 17։3, աչքառու դարձնելով թէ յաւիտենական կեանքը խաղաղ նոր աշխարհի մը մէջ կարելի է ձեռք ձգել գիտութիւն առնելով Աստուծոյ եւ Քրիստոսին մասին։ Եթէ որոշ հետաքրքրութիւն կայ, փորձեցէք ուսումնասիրութիւն մը սկսիլ գործածելով Կեանքը՝ Խաղաղ Նոր Աշխարհի մը Մէջ թերթիկը։
5 Կարելի է որ լաւ ընդառաջում մը գրգռէք ընտրուած կէտի մը մասին խօսակցելով՝ «Ժխտական Յուզումները Կրնաք Յաղթահարել» նիւթէն, Հոկտեմբեր 8, 1992, Զարթի՛րի թիւին մէջ։ Երբ կը վերայցելէք, կրնաք ձեր խօսակցութիւնը հիմնել Փիլիպպեցիս 4։6, 7–ի վրայ։
Կրնաք հարցնել.
◼ «Ժխտական յուզումները այսօր յաղթահարելու համար, ի՞նչ բան կը խորհիք թէ լուծումն է»։ Գնահատեցէք պատասխանը, ապա ըսէք. «Հետաքրքրական է որ Աստուածաշունչը կ’ուրուագծէ սկզբունքներ, որոնք երբ կը կիրարկուին, կը նպաստեն մտքի ու սրտի խաղաղութեան։ [Ուշադրութեան յանձնեցէք յարմար կէտեր Փիլիպպեցիս 4։6, 7–էն։] Աստուածաշունչը կը մատնանշէ ժամանակ մը երբ բոլոր մարդիկ պիտի ապրին Աստուածաշունչի սկզբունքներուն համաձայն եւ պարագաներ պիտի չըլլան որոնք ժխտական յուզումներ յառաջ կը բերեն»։ Ապա ցցուն ըրէք ուրիշ ապագայ օրհնութիւններ, նկատի առնելով Կեանքը՝ Խաղաղ Նոր Աշխարհի մը Մէջ թերթիկը, եւ ուսումնասիրութեան մը առաջնորդեցէք։
6 Ի՞նչ ընել եթէ տանուտէրը արդէն մեր գրականութիւններէն մէկը ունի։ Ինչո՞ւ զայն չգործածել ուսումնասիրութիւն մը սկսելու համար։ Եթէ ան Յաւիտեան Ապրիլ գիրքն է, բացէք բովանդակութեան ցանկը եւ հարցուցէք տանուտիրոջ թէ ո՞ր նիւթը կը փափաքի խօսակցիք անոր մասին։ Այն ատեն կրնաք ուսումնասիրութիւն մը սկսիլ նկատի առնելով մէկ կամ երկու պարբերութիւններ։
7 Հետաքրքրուող անհատներուն նկատմամբ հոգատարութիւն ցուցաբերելը, լաւ նախապատրաստուելով եւ ազդեցիկ վերայցելութիւններ ընելով, կ’ապացուցանէ թէ մենք կ’ընդօրինակենք Աստուած եւ Քրիստոս, եւ կ’ուզենք կարելի եղածին չափ շատ մարդիկ փրկուին։—Բ. Պետ. 3։9