Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 11/92 էջ 1
  • ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԻՆ ՈՅԺԸ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԻՆ ՈՅԺԸ
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1992)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՍԿՍԻԼ ՄԵԾԱԳՈՅՆ ՄԱՐԴԸ ԳՐՔՈՎ
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1993)
  • ՈՒՐԻՇՆԵՐՈՒ ՕԳՆԵՑԷՔ ՈՐ ՍՈՐՎԻՆ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՈՐԴՒՈՅՆ՝ ՅԻՍՈՒՍ ՔՐԻՍՏՈՍԻ՝ ՄԱՍԻՆ
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1993)
  • ՎԵՐԱԴԱՐՁԷՔ ՄԱՐԴՈՑ ՕԳՆԵԼՈՒ ՈՐ ՍՈՐՎԻՆ ԻՆՉՊԷՍ ԿՐՆԱՆ ՅԱՒԻՏԵԱՆ ԱՊՐԻԼ
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1993)
  • Օգնել անոնց՝ որոնք տակաւին պատրաստ չեն «Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ» գիրքը սերտելու
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2013)
Տես աւելին
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1992)
թծ 11/92 էջ 1

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԻՆ ՈՅԺԸ

1 Աստուծոյ Խօսքը զօրեղ է։ (Եբր. 4։12) Ասոր ապացոյցը կարելի է տեսնել միլիոնաւոր մարդոց կեանքին մէջ, որոնք աւելի լաւի փոխուեցան մինչ անձամբ կիրարկեցին ինչ որ Աստուածաշունչէն սորվեցան։ Նոյն բանը շիտակ էր առաջին դարուն երբ Յիսուսի աշակերտները բաժնեցին Աստուծոյ Խօսքին գիտութիւնը ուրիշներու հետ։—Հռովմ. 12։2

2 Որպէսզի մարդիկ օգտուին Աստուածաշունչի ուսուցումներէն, անոնք կարիքը ունին Աստուածաշունչը ճանչնալու որպէս Աստուծոյ Խօսքը։ (Ա. Թես. 2։13) Նոյեմբերին ընթացքին մարդոց պիտի տանք պատեհութիւնը Աստուածաշունչին արժէքին մասին աւելի սորվելու, մատչելի դարձնելով Աստուածաշունչը Աստուծո՞յ թէ Մարդոց Խօսքն Է գիրքը անոնց որոնք հարազատօրէն հետաքրքրուած են։

3 Ինչո՞ւ վերաքաղ չընէք Աստուծոյ Խօսքը գրքին կարգ մը հետաքրքրական մասերը։ Բովանդակութեան ցանկը ձեզ պիտի առաջնորդէ այն գլուխներուն որոնք կը բացատրեն հրաշքները, ենթադրեալ հակասութիւնները, գիտական ներդաշնակութիւնը, մարգարէութիւնները, եւ ուրիշ նիւթեր։ Շատ մը լուսանկարներ ու լուսաբանութիւններ կան։ Ուսումնական աղբիւրները ցուցակագրուած են գրքին վերջաւորութեան։ Այս աչքառու բաժինները մեզ կարող պիտի դարձնեն գիրքը ներկայացնել հարազատ խանդավառութեամբ, հաստատօրէն համոզուած թէ մեր թաղամասին մէջ մարդիկ պէտք ունին անոր բովանդակած բարի լուրին։

4 Այս գիրքը ինչպէ՞ս կրնանք գործածել երբ կը հանդիպինք տանուտիրոջ մը որ արդէն կը հաւատայ թէ Աստուածաշունչը Աստուծոյ Խօսքն է։ Հետաքրքրութիւնը կարելի է մշակել ցցուն ընելով կա՛մ 2–րդ գլուխը, որ կը պատմէ պատմական արձանագրութիւնը Աստուածաշունչի մղած պայքարին որ գոյատեւէ, եւ կամ 14–րդ գլուխը, որ ընթերցողը կը քաջալերէ օգնութիւն ընդունելու որպէսզի աւելի լաւ հասկացողութիւն ձեռք ձգէ Աստուածաշունչի նշանակութեան մասին մեզի համար այսօր։ 14–րդ գլուխին մէջ յիշուած համարները կարդալը պիտի վստահեցնէ տանուտիրոջ թէ ձեր բացատրութիւնը Աստուածաշունչին հիման վրայ է։

5 Շատեր կը մերժեն ընդունիլ Աստուածաշունչը որպէս Աստուծոյ խօսքը Քրիստոնեայ Աշխարհին ընթացքին պատճառաւ։ Այս պարագային 3–րդ գլուխը՝ «Աստուածաշունչին Սուտ Ընկերը», կարելի է ազդեցիկ կերպով գործածել։

6 Երբ Աստուածաշունչէն կը կարդանք, տանուտէրը թերեւս կարգ մը հարցումներ ունենայ։ Կամ կրնանք նկատել թէ տանուտէրը հետաքրքրուած է մեր պատգամով բայց Աստուածաշունչ մը չունի։ Այս պարագաներուն, կրնանք ցոյց տալ ինչպէ՛ս գործնական է Աստուածաշունչը մեր օրերուն համար։ Կրնանք նոյնիսկ Աստուածաշունչ մը տանուտիրոջ ներկայացնել։

7 Աստուածաշունչի միջոցաւ, Եհովա ճանչցուցած է իր գործառնութիւնները մարդկութեան հետ եւ այսպիսով իր սքանչելի անձնաւորութիւնը մեզի ծանօթացուցած է։ Թող որ ազդեցիկ կերպով գործածենք Աստուծոյ Խօսքը գիրքը ուրիշներու օգնելու որ սորվին Եհովայի եւ իր Խօսքին ոյժին մասին։—Բ. Կորն. 10։4

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել