Յաճախ աշխատցուած թաղամասը ծառայենք
1 Կ’ուրախանանք տեղեկագիրներ ստանալով թէ բազմաթիւ ժողովքներ իրենց թաղամասը շատ անգամ կը ծառայեն։ (Մատթ. 24։14. Ա. Տիմ. 2։3, 4) Թէեւ ասիկա անզուգական մարտահրաւէր մը կը ներկայացնէ, փորձառութիւնը ցոյց տուած է որ կրնանք զայն յաջողութեամբ դիմագրաւել եթէ լաւ նախապատրաստուած ենք եւ զինուած ենք յարուցուած այլազան պարագաներ ձեռք առնելու։
2 Ազդեցիկ Բացումները Բանալին Են. Շատ կարեւոր է պատրաստուած ըլլալ գործածելու մէկ կամ աւելի բացումներ որոնք լաւ սերտուած են։ Անոնք պէտք է պարփակեն ուղղակի արտայայտութիւններ որոնք կը յստակացնեն մեր յաճախադէպ այցելութիւններուն լուրջ պատճառները։
3 Պատճառաբանել գիրքը կը հայթայթէ գործածուելիք յարմար բացումներու շատ մը ընտիր օրինակներ։ Երեք բացումներ արձանագրուած են 15–րդ էջին վրայ, «Յաճախ Աշխատցուած Թաղամասին մէջ» ենթագլուխին ներքեւ։ Փորձ ըրէք այն բացումները զորս պիտի գործածէք ձեր թաղամասին մէջ։
4 Հրատարակիչներէն ոմանք յաջողութիւն կը գտնեն գործածելով նիւթեր տեղական օրաթերթերէն որպէսզի խօսակցութիւններ սկսին յաճախ աշխատցուած թաղամասին մէջ։ Պատճառաբանել գիրքը երեք օրինակներ կու տայ ասոր առնչութեամբ։ Նկատի առէք 10–րդ էջին վրայ «Ոճիր/Ապահովութիւն» ենթագլուխին ներքեւ եղած երկրորդ բացումը եւ 10–րդ ու 11–րդ էջերուն վրայ «Ընթացիկ Դէպքեր» ենթագլուխին ներքեւ եղած առաջին երկու բացումները։
5 Ձեր Պատրաստած Բացումները. Ազատ զգացէք բացման խօսքեր զարգացնելու եւ գործածելու, որոնք Պատճառաբանել գրքին մէջ ներկայացուած բացումներուն նման են։ Զանոնք արտայայտեցէք ձեր բնական ոճով, գործածելով ձեր յատուկ բառերը։ Կրնաք զանոնք փորձ ընել փորձառու հրատարակիչի մը հետ, զանոնք դաշտին մէջ գործածելէ առաջ։
6 Զոր օրինակ, կրնաք ասոր նման բան մը ըսել.
◼ «Վերջին անգամ ձեզ այցելէ ի վեր, [յիշեցէք վերջերս պատահած դէպք մը որու մասին շատեր կը խօսին]։ Քանի որ բոլորս ալ կերպով մը կ’ազդուինք, մեր դրացիներէն շատեր լուրջ մտահոգութիւն արտայայտած են։ Թերեւս դուք ալ անոր մասին մտածեցիք։ [Կանգ առէք պատասխանի մը առիթ տալու։] Ներկայիս աշխարհի վիճակներուն ի տես, չէ՞ք համաձայնիր Երեմիա մարգարէին գրածին հետ՝ գլուխ 10, համար 23–ին մէջ»։ Համարը կարդալէ ետք, տանուտիրոջ գաղափարը առէք, ապա ուշադրութիւնը դարձուցէք մասնայատուկ համարի մը որ ցոյց կու տայ ինչպէ՛ս Եհովա պիտի լուծէ նկատի առնուած խնդիրը։
7 Կամ կրնաք ըսել.
◼ «Անկասկած այսօր նկատեցիք լուրերուն մէջ [յիշեցէք մասնայատուկ դէպք մը]։ Թերեւս կը համաձայնիք թէ ասիկա մեզի կ’ազդէ։ [Կանգ առէք պատասխանի մը առիթ տալու։] Կրնանք յուսալ որ հեղինակութիւնները կարճատեւ դարման մը հայթայթեն. սակայն, Աստուածաշունչը ցոյց կու տայ ինչպէ՛ս խնդիրը մնայուն կերպով պիտի լուծուի»։ Ուշադրութիւնը դարձուցէք մասնայատուկ համարի մը որ կը բացատրէ ինչ որ Աստուած պիտի ընէ։
8 «Ինչո՞ւ Այսքան Յաճախ կ’Այցելէք». Այս առարկութեան համար յարմար պատասխաններ տրուած են Պատճառաբանել գրքին էջ 20–ին վրայ, «Ինչո՞ւ Այսքան Յաճախ կ’Այցելէք» ենթագլուխին ներքեւ։ Նոյնիսկ առանց հարցուելու, կրնանք ընտիր վկայութիւն մը տալ եթէ ամէն յարմար առիթ օգտագործենք ուրիշներու օգնելու որ գնահատեն թէ անկեղծ սէրը Աստուծոյ եւ դրացիին հանդէպ մեզ կը մղէ որ յաճախ այցելենք։ Յովհաննու 21։15-17–ի մէջ արձանագրուած Յիսուսի խօսքերը նկատի առնելը կրնայ շատ օգտակար ըլլալ ասոր առնչութեամբ։
9 Մինչեւ որ Եհովա ըսէ թէ բաւարար է, թող որ շարունակենք դիմագրաւել յաճախ աշխատցուած թաղամասը ծառայելու մարտահրաւէրը։ Այս հաստատամտութեամբ, կրնանք վստահ ըլլալ անոր առաջնորդութենէն, պաշտպանութենէն եւ օրհնութենէն մինչեւ որ վախճանը գայ։—Մատթ. 28։19, 20