Յունուար 6–ով սկսող շաբաթէն սկսեալ պիտի սերտենք Անձերնիդ Աստուծոյ սիրոյն մէջ պահեցէք գիրքը
1. «Անձերնիդ Աստուծոյ սիրոյն մէջ պահեցէք» գիրքը ի՞նչ նպատակի համար հրատարակուեցաւ։
1 Որքա՜ն անձկալից կը սպասենք, որ «Անձերնիդ Աստուծոյ սիրոյն մէջ պահեցէք» խորագրով նոր գիրքը ուսումնասիրենք՝ Աստուածաշունչի ժողովքային ուսումնասիրութեան մէջ յունուար 6–ով սկսող շաբաթէն սկսեալ։ Կառավարիչ մարմինին կողմէ Եհովան սիրող իւրաքանչիւր անհատի ուղղուած նամակը, սա խօսքերով կ’աւարտի. «Անկեղծօրէն կը յուսանք, որ այս հրատարակութիւնը քեզի օգնէ, որ շարունակես ճշմարտութիւնը կեանքիդ մէջ գործադրել եւ հետեւաբար՝ անձդ պահես «Աստուծոյ սիրոյն մէջ. . . սպասելով՝ յաւիտենական կեանքի» (Յուդա 21)։
2. Այս նոր գիրքը կեանքի ո՞ր մարզերուն մէջ մեզի պիտի օգնէ։
2 Ի՛նչ ակնկալել։ Աստուածաշունչի սկզբունքները ինչպէ՞ս կը կիրարկուին որոշ մարզերու մէջ, ինչպէս՝ ընկերակցութիւն, ժամանց, հեղինակութեան հանդէպ յարգանք, բնաւորութիւններ, ամուսնութիւն, խօսակցութիւն եւ սովորութիւններ։ Մեր խղճմտանքը Աստուծոյ Խօսքին բովանդակած արդարութեան վեհ չափանիշներուն համաձայն պիտի կաղապարուի (Սաղ. 19։7, 8)։ Մինչ Եհովայի մտածելակերպին նկատմամբ մեր հասկացողութիւնը կ’աւելնայ, կեանքի բոլոր մարզերուն մէջ մեր հնազանդութեան շարժառիթը պիտի ըլլայ զինք հաճեցնել (Առ. 27։11. Ա. Յովհ. 5։3)։
3. Ինչո՞ւ մեր լաւագոյնը պէտք է ընենք իւրաքանչիւր շաբթուան դասին մասնակցելու։
3 Վճռէ մասնակցիլ։ Մինչ նիւթը կը պատրաստես, նպատակ դիր Աստուած փառաբանել իր համախմբուած ծառաներուն հետ միասին (Եբ. 13։15)։ Ամբողջ ժողովքը այս նոր հրատարակութիւնը միասնաբար պիտի ուսումնասիրէ։ Նշանակուած նիւթը քիչ ըլլալով, պիտի կարենանք մանրակրկիտ կերպով պատրաստել ու մեր սորվածը վստահութեամբ ըսել։ Մեր լաւ պատրաստուած ու հակիրճ մեկնաբանութիւնները ուրիշները սիրոյ ու բարի գործերու պիտի մղեն եւ պիտի նպաստեն նիւթին վառ, իմաստալից քննարկութեան (Եբ. 10։24)։ Իսկ մեր ուրախութիւնը ամբողջական պիտի ըլլայ, մինչ անհատապէս մեր հաւատքը կ’արտայայտենք։
4. Ինչո՞ւ անհրաժեշտ է որ Եհովայի պատուիրանները պահենք։
4 Յիսուս իր մարդկային կեանքին վերջին գիշերը, Եհովայի պատուիրանները պահելը առնչեց Աստուծոյ սիրոյն մէջ մնալուն (Յովհ. 15։10)։ «Աստուծոյ սէրը» գրքին օգնութեամբ, ալ աւելի պիտի վճռենք Աստուածաշունչին սկզբունքները մեր ամէնօրեայ կեանքի մէջ կիրարկել եւ ‘մեր անձերը Աստուծոյ սիրոյն մէջ պահել’ (Յուդա 21)։