ԲՈԼՈՐ ՀԵՏԱՔՐՔՐՈՒԱԾ ԱՆՀԱՏՆԵՐՈՒՆ ՕԳՆԵՆՔ
1 Մեր հաւատքը եւ մեր սէրը ուրիշներու հանդէպ պիտի մղեն մեզ Մարտ ամսուան ընթացքին որ օգնենք ու Յիշատակատօնին հրաւիրենք բոլոր անոնց որոնք հետաքրքրուեցան Թագաւորութեան պատգամով։ Այսպիսիներ կարիքը ունին առաջնորդուելու Եհովայի փրկութեան հայթայթումին, որ կը կեդրոնանայ Քրիստոսի փրկանքի զոհին վրայ։—Եբր. 9։28
2 Լաւ գաղափար մըն է որ ցանկ մը պատրաստէք անոնց անուններով որոնց կ’ուզէք Յիշատակատօնին հրաւիրել։ Պարփակեցէք ոեւէ անհատ որ երբեմն ժողովներուն ներկայ կը գտնուի, ինչպէս նաեւ անոնց որոնք նախապէս սերտած են կամ ուրիշ կերպերով հետաքրքրութիւն յայտնած են։ Մի մոռնաք անհաւատ կողակիցները եւ ընտանիքի միւս անդամները։ Ձեր ցանկը պատրաստելէ ետք, մասնաւոր ջանք թափեցէք իւրաքանչիւրին այցելելու։ Կրնաք երէցներէն խնդրել որ ձեզի օգնեն որոշ այցելութիւններ ընելու։
3 Ի՞նչ կրնաք ըսել այցելութեան ատեն։
Ջերմ բարեւ մը տալէ ետք, կրնաք ասոր նման բան մը ըսել.
◼ «Անցեալին, հետաքրքրուած էիք հոգեւոր բաներով, եւ մտածեցի թէ պիտի գնահատէք այս հրաւէրը մասնաւոր առիթի մը։ Քրիստոսի մահուան Յիշատակատօնը միակ առիթն է որ Տէր Յիսուս Քրիստոս պատուիրեց իր հետեւորդներուն որ տօնեն։ Մենք հաճոյքով կը սպասենք վերաքաղ ընել ինչ որ Քրիստոս իր մահով կատարեց եւ թէ ինչպէս կրնանք յաւիտենական կեանք շահիլ անոր միջոցաւ։ Անցեալ տարի, աւելի քան 11 միլիոն անհատներ այս մասնաւոր ժողովին ներկայ էին։ Ուրախութեամբ կը հրաւիրեմ ձեզ որ միասնաբար ներկայ գտնուինք այս տարի»։ Վստահ եղէք յիշելու ժամանակն ու վայրը ուր ձեր ժողովքը պիտի տօնակատարէ Յիշատակատօնը։ Նաեւ, փոխադրութեան համար կարգադրութիւն ըրէք եթէ հարկ կայ։
4 Երբ նորեկներ Յիշատակատօնին ներկայ կը գտնուին, պէտք է անոնց բարի գալուստ մաղթենք։ Անոնց օգնեցէք որ ծանօթանան տեղական հրատարակիչներուն ինչպէս նաեւ ոեւէ հետաքրքրուած անհատի որ իրենց տան մօտ կը բնակի։ Անոնք պիտի քաջալերուին գիտնալով թէ կարգ մը անհատներ իրենց շրջակայքին մէջ ճշմարտութեամբ հետաքրքրուած են։ Եթէ կարելի է, զանոնք հրաւիրեցէք որ ձեր ընտանիքին հետ նստին Յիշատակատօնի տօնակատարութեան ընթացքին։
5 Անշուշտ, Յիշատակատօնին պարզապէս ներկայ ըլլալը իրենց փրկութիւն պիտի չապահովէ։ Բայց ձեր հրաւիրած շատերուն համար, այդ կրնայ անոնց առաջին քայլը ըլլալ Յիսուսի թափած արեան հաւատք ընծայելու։ Ժողովէն տուն վերադառնալու ատեն, այցելուին հարցուցէք եթէ կ’ուզէ ներկայ ըլլալ Հանրային Ժողովին եւ Դիտարանի Ուսումնասիրութեան յաջորդ Կիրակի։ Ջերմ ու յարմարող եղէք։ Թոյլ տուէք որ գիտնայ թէ յօժար էք օգնելու որեւէ կերպով որ կրնաք։ Որքան կանուխ ան սկսի մեզի հետ կանոնաւորաբար ընկերակցիլ այդքան արագ պիտի ըլլայ իր հոգեւոր յառաջդիմութիւնը։ Ի՜նչ ուրախութիւն եւ գոհունակութիւն պիտի ունենանք վերապրելով «մեծ նեղութենէն» շատ մը ուրիշներու հետ որոնց կրցանք օգնել։—Յայտ. 7։9, 14