Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 3/93 էջ 8
  • ՁԵՐ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ՃԿՈՒՆ ԵՂԷՔ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • ՁԵՐ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ՃԿՈՒՆ ԵՂԷՔ
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1993)
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Պատանի հրատարակիչ մը կրնայ ըսել.
  • ԲԱՑՈՒՄՆԵՐ ՀԵՏԱՔՐՔՐՈՒԹԻՒՆ ԳՐԳՌԵԼՈՒ
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1992)
  • Ինչպէ՛ս ազդու բացումներ պատրաստել
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2013)
  • ՊԱՐԶ ԵՒ ԱԶԴԵՑԻԿ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄՆԵՐ
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1993)
  • ՄՂԻՉ ԲԱՑՈՒՄ ՄԸ ԶԱՐԳԱՑՈՒՑԷՔ
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1992)
Տես աւելին
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1993)
թծ 3/93 էջ 8

ՁԵՐ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ՃԿՈՒՆ ԵՂԷՔ

1 Ըսուած է թէ այլազանութիւնը կեանքի համեմն է։ Յաճախ, տարբեր մօտեցում մը կրնայ նիւթ մը աւելի հետաքրքրական դարձնել։ Ասիկա ճշմարիտ է մեր ծառայութեան պարագային ալ։ Եթէ ուշադիր չենք, մեր տունէ–տուն ներկայացումները միօրինակ կ’ըլլան։ Նոյն բացումները եթէ միշտ կրկնուին կրնան ձանձրացուցիչ ըլլալ թէ՛ մեզի եւ թէ տանուտէրներուն։ Հետեւաբար, ձեր ծառայութեան մէջ ճկուն եղէք։ Բայց ինչպէ՞ս կրնաք ասիկա կատարել։

2 Փոխանակ այսպիսի բան մը ըսելու. ‘Բարի լոյս։ Մեր դրացիներուն կ’այցելենք Թագաւորութեան բարի լուրով’, ինչո՞ւ չմտածէք կերպերու մասին որպէսզի ձեր բացման խօսքերը փոխէք։ Պատճառաբանել գիրքը կը բովանդակէ տեղեկութիւններու հարստութիւն մը բացումներու մասին։ 9–15 էջերուն վրայ, 18 տարբեր նիւթերու մասին բացումներ կան։ Նիւթերուն մեծամասնութեան համար երկու, երեք, կամ աւելի բացումներ կան։

3 Զոր օրինակ, էջ 13–ի [էջ 11, Արբ.] վրայ «Կեանք/Երջանկութիւն» բաժինէն այս բացումը կրնայ օգտակար ըլլալ.

◼ «Կը խօսինք անհատներու հետ որոնք իրապէս մտահոգ են կեանքի որակին նկատմամբ այսօր։ Շատեր հարց կու տան թէ արդեօք հարազատօրէն ուրախ կեանք մը կարելի՞ է»։ Թոյլ տուէք որ պատասխանէ։ Ետքը կրնաք բացատրել ինչ որ տեղի պիտի ունենայ նոր աշխարհին մէջ Թագաւորութեան ներքեւ։

4 Կարգ մը Թագաւորութեան հրատարակիչներ—մանաւանդ պատանիներ եւ նորեկներ, բայց չափահասներ ալ—գտած են թէ դռներու առջեւ հետաքրքրական մօտեցում մը կարելի է ընել խօսելով ընտանեկան կեանքի մասին։

Պատանի հրատարակիչ մը կրնայ ըսել.

◼ «Հակիրճ պատգամ մը ունիմ ձեզի համար թէ Աստուած ինչպէ՛ս կրնայ ընտանիքները ուրախութեան մէջ միացնել։ Աստուածաշունչը ուղղութիւն կը հայթայթէ ամուսինին, կնոջ եւ զաւակներուն պատշաճ դերին մասին ընտանեկան կարգադրութեան մէջ։ Քանի որ Աստուած է ընտանիքին սկիզբ տուողը, չէ՞ք համաձայնիր թէ ան մեծապէս ի վիճակի է մեզի ըսելու թէ ընտանիքը ինչպէս պէտք է գործէ։ Կը փափաքիմ ձեր կարծիքը առնել ընտանիքի անդամներուն Աստուածաշունչի տուած յստակ խրատին շուրջ»։ Ապա կարդացէք Եփեսացիս 5։22, 23, 28–31

5 Ուրիշ մօտեցում մըն է ցցուն ընել Յայտնութիւն 21։3, 4–ին մէջ յիշուած դրական տեսակէտը ապագային մասին։ Տանուտիրոջ հարցուցէք եթէ իրապաշտական է հաւատալ թէ Աստուած այս խոստումները պիտի կատարէ։ Հակիրճ բացատրութիւն մը Աստուածաշունչի այն մարգարէութիւններուն մասին որոնք արդէն կատարուած են, պէտք է զօրացնէ տանուտիրոջ վստահութիւնը Աստուծոյ կարողութեան հանդէպ մարդկութիւնը օրհնելու։

6 Թագաւորութեան բոլոր հրատարակիչները կ’ուզեն բաժին բերել աստուածպետական շահերը յառաջ տանելուն մէջ, ճշմարտութեան սերմերը ցանելով ուր որ կարելի է եւ յայտնաբերուած հետաքըրքրութիւնը մշակելով։ Մեր դերը կատարելով, կրնանք ուրախութեամբ Եհովայի նայիլ գալիք որեւէ աճման համար։ Լաւագոյն լուրերը ունինք մեր դրացիներուն հետ բաժնելու։ Միշտ պատրաստուած ըլլալով, կրնանք ճկուն ըլլալ Թագաւորութեան պատգամը ներկայացնելուն մէջ։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել