ԱՍՏՈՒԱԾՊԵՏԱԿԱՆ ԼՈՒՐԵՐ
Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ վարելու ուշագրաւ գործունէութիւն Նոյեմբերին տեղեկագրուեցաւ հետեւեալ երկիրներէն, ուր մեր աշխատանքը վերջերս պաշտօնապէս ճանչցուեցաւ.
Ալպանիա. 99 հրատարակիչներ վարեցին 210 Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ։
Պալթեան Երկիրներ. Այս երկիրները տեղեկագրեցին 2,199 հրատարակիչներ եւ 4,632 Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ։
Պուլկարիա. Անոնց 296 հրատարակիչները տեղեկագրեցին 657 Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ։
Կարգ մը քաջալերական տեղեկագիրներ նաեւ Ափրիկէէն եկած են.
Կեդրոնական Ափրիկէ Հանրապետութիւն. 1,600 հրատարակիչներու նոր գագաթ մը արձանագրուեցաւ Հոկտեմբերին եւ անոնք տեղեկագրեցին 2,966 Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ։
Չատ. Հոկտեմբերին 345 հրատարակիչներ կային, իսկ անոնց վեց մէկ–օրուայ մասնաւոր համաժողովներուն 654 անհատներ ներկայ եղան։
Րուանտա. Նոյեմբերին 1,762 հրատարակիչներ վարեցին 6,270 Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ։
Այս տեղեկագիրները զօրաւոր կերպով կը փաստեն թէ Եհովա ներկայիս կը կատարէ իր խոստումը որ հունձքի գործը արագացնէ մեր օրերուն մէջ։—Եսայ. 60։22