Ո՛Վ ՊԱՏԱՆԻՆԵՐ, ՁԵՐ ՔԱՅԼԵՐԸ ՀՄՏՈՒԹԵԱՄԲ ԱՌԱՋՆՈՐԴԵՑԷՔ
1 Մեր Հայրը՝ Եհովան՝ անձնապէս կը հետաքրքրուի պատանիներու հոգեւոր յառաջդիմութեամբ։ Իմաստութեամբ անոր սիրալիր հրահանգներուն մտիկ ընելով, պատանիները ոչ միայն իր սիրտը կ’ուրախացնեն, այլ նաեւ՝ իրենց անձերուն հանգստութիւն կը գտնեն։ (Առ. 27։11. Մատթ. 11։28–30) Անոնք թոյլ կու տան որ Եհովա հմուտ առաջնորդութիւն հայթայթէ իրենց քայլերուն համար։—Առ. 16։9
2 Քրիստոս Յիսուս օրինակ հանդիսացաւ իր պատանեկութեան ատեն որպէս անձ մը որ թէ՛ Աստուծմէ եւ թէ մարդոցմէ շնորհք գտաւ։ (Ղուկ. 2։52) Այսօր, պատանիները պէտք է ջանան նոյնը ընել։ Պատանի անձի մը քայլերուն հմուտ ուղղութիւնը պէտք է յայտնի ըլլայ իր հետապնդումով հոգեւոր բաներու։ 12 տարեկանին, Յիսուս ճանչցուած էր թէ ուրիշներու հետ Եհովայի մասին խօսելու փափաք ունէր։ (Ղուկ. 2։46, 47) Պատանիները այսօր նմանապէս կը փափաքին իրենց հաւատքը ուրիշներու բացատրել։—Դիտ. 7/1/90 էջ 29–30 [Անգլ.]. Դիտ. 12/1/87 էջ 21 [Անգլ.]։
3 Ո՛վ պատանիներ, ի՞նչ կրնաք ընել ճիշդ հիմա եւ մասնաւորաբար յառաջիկայ ամառուան ամիսներուն ընթացքին, ‘Եհովան պատուելու ձեր ստացուածքներովը’։ (Առ. 3։9) Ինչո՞ւ չաւելցնէք այդ ժամանակը որ սովորաբար կը յատկացնէք քարոզչութեան գործին եւ բարի լուրը սորվեցնելուն, թերեւս որպէս օժանդակ ռահվիրայ մը ծառայելով։ Կարելի է որ անակնկալի գաք տեսնելով աւելցած ուրախութիւնը եւ ուրիշ օգուտներ, որոնք բնականօրէն յառաջ կու գան աւելի բաժին բերելէն դաշտի ծառայութեան մէջ։ Ասիկա ձեզի նաեւ պատեհութիւն պիտի տայ դաշտի ծառայութեան մէջ աշխատելու շատ մը տարբեր հրատարակիչներու հետ։ Կրնաք հիմա սկսիլ, հրաւիրելով փորձառու մէկ կամ երկու հրատարակիչներ որ ձեր հետ աշխատին այս շաբաթավերջը։
4 Ծնողներ կրնան շատ քաջալերութիւն եւ օգնութիւն տալ իրենց զաւակներուն, փորձի նիստեր կարգադրելով եւ դաշտի ծառայութեան մէջ անոնց հետ ընկերանալով։ Ժողովքին մէջ ուրիշ հասուն անհատներ կրնան նախաքայլը առնել պատանիներէն խնդրելով որ իրենց հետ ընկերանան դռնէ–դուռ ծառայութեան եւ վերայցելութեան ու Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան գործին ընթացքին։ Սերտ ընկերակցութիւնը այսպիսի հոգեւորապէս զօրաւոր հրատարակիչներու հետ պիտի կերտէ պատանիները եւ իրենց օգնէ որ ‘դէպի հասունութիւն դիմեն’։—Եբր. 6։1
5 Իւրաքանչիւր Քրիստոնեայ կարիքը ունի իր ուսուցանելու կարողութիւնը բարելաւելու։ Պատանիները բացառութիւն մը չեն։ Ո՛վ պատանիներ, լման կերպով կը նախապատրաստուի՞ք երբ առանձնաշնորհում կ’ունենաք նշանակումներ ներկայացնելու Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցին մէջ։ Կանոնաւոր յայտագիր ունի՞ք կարդալու եւ անձնական ուսումնասիրութեան ինչպէս նաեւ խոկալու համար։ Ձեր կարդացած նիւթին համար շուտով անձնական կիրարկում կ’ընէ՞ք։ Ժողովներուն համար լաւ կը պատրաստուի՞ք այնպէս որ լման կերպով նիւթը հասկնաք եւ մեկնաբանութիւններ տալու պատրաստ ըլլաք։ Ժողովներուն ընթացքին արտայայտուած օգտակար կէտերը կը նոթագրէ՞ք եւ Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւն թերթիկին մէջ ներկայացուած առաջարկները կը փորձէ՞ք գործածել։
6 Առիթներ մի փախցնէք բաժին բերելու Թագաւորութեան Սրահը մաքրելու մէջ եւ տարիքոտ կամ ֆիզիքապէս տկար եղբայրներուն եւ քոյրերուն օգնելու օրական գործերու մէջ կամ ուրիշ գործնական կերպերով։ Մի անտեսէք ձեր կանոնաւոր նուիրատուութիւնները հոգ տանելու համար Թագաւորութեան Սրահին ծախսերուն եւ Ընկերութեան աշխարհածաւալ գործին։
7 Եթէ շարունակենք ‘Եհովայի խօսքին համեմատ զգուշութիւն ընել’ եւ իրեն թոյլ տալ որ մեր քայլերը ուղղէ, ան մեզ պիտի առաջնորդէ դէպի ուրախութիւն եւ ծառայութեան յաւելեալ առանձնաշնորհումներ։—Սաղմ. 119։9