ՈՒՐԻՇՆԵՐՈՒ ՕԳՆԵՑԷՔ ՈՐ ՄԵԾԱԳՈՅՆ ՄԱՐԴՈՒՆ ՄԱՍԻՆ ՍՈՐՎԻՆ
1 Շատեր որոնք կարդացած են Մեծագոյն Մարդը Որ Ապրած Է գիրքը, անկեղծ գնահատութիւն արտայայտած են իրենց կեանքերուն վրայ անոր ունեցած ազդեցութեան համար։ Անձ մը գրեց. «Երբ գրքին վերջաւորութեան հասայ, զգացի թէ Յիսուսի կողմէ կարծես թէ հրաւիրուած էի իր հետ ընկերակցելու, իր կողքին ապրելու, իր տառապանքները, խորունկ զգացումները եւ ծառայութեան ամէն երեսակները բաժնեկցելու։ . . . Գիրքը կարդալը կը նմանի Յիսուսի կեանքին մասին շարժապատկեր մը դիտելու»։
2 Մեծագոյն Մարդը գիրքը մեզի կ’օգնէ ոչ միայն Յիսուսի հետ աւելի լաւ քաջածանօթ ըլլալու, այլ նաեւ՝ Եհովայի հետ։ (Յովհ. 14։9) 12 տարեկան անհատ մը գրքին նկատմամբ ըսաւ. «Անիկա ա՛յնքան զիս մխիթարեց որ ուրախութեան արցունքներով Եհովայի աղօթեցի անմիջապէս որ զայն կարդացի։ Խոր ներսիդիս, քաջալերուեցայ գիտնալով թէ Եհովա եւ Յիսուս մեր վրայ կը հսկեն»։ Յիսուս ըսաւ, ինչպէս Յովհաննու 17։3–ին մէջ արձանագրուած է, որ Եհովան եւ իր Որդին ճանչնալը մեզի յաւիտենական կեանք կը նշանակէ։ Այս գիրքը սերտելը, որ Յիսուսի կեանքին մասին է, մեզի կու տայ մասնայատուկ ներատեսութիւն Եհովայի անձնաւորութեան մասին, որովհետեւ Յիսուս «իր էութեան բուն պատկեր»ն է։—Եբր. 1։3
3 Մեծագոյն Մարդը գիրքէն աւելի քան 19 միլիոն օրինակներ տպագրուած են, աւելի քան 70 լեզուներով։ Ասիկա ցոյց կու տայ թէ որքա՛ն լաւ կերպով գիրքը կ’ընդունուի։ Շատեր ամբողջ գիրքը կը կարդան անմիջապէս որ զայն ստանան։ Հետաքրքրուած անձ մը ամբողջ գիրքը կարդացած էր զայն ստանալէն երկու շաբաթ ետք։ Կղերական մը որ գիրքը ընդունեց, ըսաւ. «Չեմ կրնար գիրքը ձեռքէս հեռացնել։ Անկողին չգացած, ամէն գիշեր ես եւ կինս այս գիրքէն մաս մը կը կարդանք»։
4 Անպաշտօն Վկայութիւն. Եղբայր մը իր աշխատած վայրին մէջ անհատներու ցուցուց Մեծագոյն Մարդը գիրքը։ Շուտով տարածուեցաւ թէ ինք այս գիրքը ունէր եւ անոր բովանդակութիւնը ինչ էր։ Իր գործակիցները ցանկ մը պատրաստեցին թէ որո՛նք օրինակ մը կ’ուզէին։ Ան 461 գրքեր տեղաւորեց։ Գիրքը ստացողներէն 5 անհատներ այժմ կ’ուսումնասիրեն։ Քոյր մը, մինչ օդանաւով կը ճամբորդէր, Մեծագոյն Մարդը գիրքը մատուցանեց քահանայի մը որ նոր կարդինալի մը ձեռնադրութեան ներկայ պիտի գտնուէր։ Քահանան 40 տարի Վատիկանի մէջ էր։ Բոլորս ալ պէտք է առիթները լման կերպով օգտագործենք գիրքը ուրիշներու յանձնարարելու։
5 Պատանիները կը Գնահատեն Զայն. Դեռատիները շատ հետաքրքրութիւն կը յայտնեն այս գրքին հանդէպ։ Ինը տարեկան պզտիկ մը գրեց. «Մեծագոյն Մարդը Որ Ապրած Է գիրքը նախասիրած գրականութիւնս է, որովհետեւ անկէ շատ բան կը սորվիմ»։ Դաշտի ծառայութեան մէջ երբ պզտիկներու կը հանդիպինք, պէտք է ժամանակ տրամադրենք, եթէ անոնց ծնողքը յօժար են, գիրքը ցոյց տալու եւ անոր կարգ մը աչքառու կէտերը եւ պատկերները վերաքաղ ընելու։ Թերեւս կարենանք գիրքեր տեղաւորել այս պզտիկներուն հետ։ Երբ առիթը տրուի Յիսուսի մասին գիտնալու, դեռատիները այսօր կրնան կապ ունենալ իրեն հետ։ Յիսուս դիւրամերձ անձ մըն էր։—Մատթ. 19։14, 15
6 Մեծագոյն Մարդը գիրքը կարդալը կրնայ մարդոց կեանքը փոխել։ Փորձեցէք անոր բովանդակութիւնը ծանօթացնել ձեր կրցածին չափ շատ անհատներու։ Գործածեցէք գրքի յառաջաբանին վերջին էջին տեղեկութիւնները, «Օգտուեցէք Անոր Մասին Սորվելով» ենթագլուխին տակ։ Այս նիւթը պիտի օգնէ մարդոց որ յստակօրէն տեսնեն ինչ կրնան ձեռք ձգել այս գիրքը կարդալով։ Շատեր ձեր թաղամասին մէջ կրնան բացագանչել ինչպէս անձ մը գիրքը կարդալէն ետք բացագանչեց. «Ամենալաւ գիրքն է զոր մինչեւ հիմա կարդացած եմ։ Ան իմ կեանքս փոխեց»։