Ուրիշները Հրաւիրենք Որ Մեծագոյն Մարդուն Հետեւին
1 Ինչպէս որ արձանագրուած է Մատթէոս 5։14–ին մէջ, Յիսուս իր աշակերտներուն ըսաւ. «Դուք էք աշխարհի լոյսը»։ Յիսուսի հետեւորդները պէտք էր ամէնուրեք մարդոց պատմէին Եհովայի Թագաւորութեան մասին եւ Յիսուսի միջոցաւ փրկուելու Իր սիրալիր հայթայթումին մասին։ Այդ յանձնարարութիւնը ի մտի ունենալով, Դեկտեմբեր ամսուան ընթացքին պիտի ջանանք ուրիշներու հետաքրքրութիւնը շարժել որ մեծագոյն մարդուն հետեւին։ Ահաւասիկ կարգ մը առաջարկներ զորս կրնաք գործածել։
2 Դուք ձեզ ծանօթացնելէ ետք, կրնաք հետեւեալը ձեր բառերով արտայայտել.
◼ «Շատեր հարց տուած են թէ Յիսուս ի՛նչպիսի մէկն էր երբ ապրեցաւ որպէս մարդ այս երկրագունդին վրայ։ Ի՞նչ կերպերով կը խորհիք որ ան տարբեր էր ուրիշներէ։ [Թոյլ տուէք որ պատասխանէ։] Անոր կեանքին ու ծառայութեան մասին աչքառու կէտեր նկատի առնելը կը յայտնէ անոր անձնաւորութիւնը։ Յիսուսի մասին կարդալէ ետք, ոմանք զգացին թէ պատեհութիւն մը ունեցան անոր հետ անձամբ ընկերակցելու, անոր տառապանքին մասնակցելու եւ անոր ծառայութիւնը ուղղակի նկատելու։ Ի՞նչ կը խորհիք այս գաղափարին մասին»։ Թոյլ տուէք որ պատասխանէ։ Եթէ լաւ ընդառաջում կայ, խոստացէք որ յաջորդ անգամ ձեր հետ բերէք Մեծագոյն Մարդը որ Ապրած Է գիրքը։ Յիշեցէք թէ գրքին մէջ դէպքերը շարքաւորումով ներկայացուած են, անոնց տեղի ունեցած ժամանակին համաձայն։ Նաեւ, իւրաքանչիւր գլուխին վերջաւորութեան համարներու ցանկ մը կայ յաւելեալ տեղեկութիւններու համար։
3 Կամ կրնաք ասոր նման բան մը ըսել.
◼ «Այս օրերուն մարդիկ կը մտածեն Յիսուսին մասին։ Սակայն, քանի որ շատ մը գէշ բաներ տեղի կ’ունենան համայն աշխարհի մէջ, ոմանք հարց կու տան թէ Յիսուս իրապէս կը հոգա՛յ մեզի։ Ի՞նչ կը խորհիք ատոր մասին»։ Թոյլ տուէք որ պատասխանէ։ Յովհաննու 15։13–ին հիման վրայ, ամփոփ կերպով նկատի առէք թէ Յիսուս ինչո՛ւ երկիր եկաւ։ Շեշտեցէք ուրիշներու հանդէպ Յիսուսի սրտագին սէրը, որ զինք մեծագոյն մարդը դարձուց։ Վերայցելութիւն մը հաստատելու համար, անհատը քաջալերեցէք որ ետքը կարդայ Մատթէոս 4։23-25։
4 Ահաւասիկ ուրիշ առաջարկ մը.
◼ «Պատանիներուն մեծամասնութիւնը կը փնտռէ ընդօրինակուելիք տիպարներ, բայց դժուար է գտնել օրինակելի եղողները։ Յիսուս Քրիստոս կատարեալ օրինակը հանդիսացաւ ամէն անհատի։ [Կարդացէք Ա. Պետրոս 2։21։] Անոր ամբողջ կեանքը կեդրոնացած էր իր երկնաւոր Հօր պաշտամունքին վրայ։ Ըստ ձեր կարծիքին, արդեօք ի՞նչ վիճակ կ’ըլլայ եթէ աւելի անհատներ փորձեն զինք ընդօրինակել»։ Թոյլ տուէք որ պատասխանէ։ Բացատրեցէք թէ ինչպէս Աւետարանները կրնան բոլորիս օգնել որ աւելի լաւ Քրիստոնեաներ ըլլանք։ Խոստացէք Մեծագոյն Մարդը որ Ապրած Է գիրքը հայթայթել, որպէս օգտակար միջոց մը անոր անձնաւորութեան զանազան երեսակներուն հետ քաջածանօթ ըլլալու։
5 Թերեւս ուզէք ասոր նման բան մը գործածել.
◼ «Երբ մէկը Յիսուս Քրիստոսը յիշէ, շատեր անոր մասին կը մտածեն կա՛մ որպէս մանուկ մը եւ կամ որպէս տառապող մարդ մը որ մահամերձ է։ Անոնք կը մտապատկերեն միայն Յիսուսի ծնունդը եւ անոր մահը։ Անոր կեանքի տեւողութեան ընթացքին ըսած ու ըրած հոյակապ բաները յաճախ չեն նկատուիր։ Ինչ որ ան իրագործեց կ’ազդէ ամէն անհատի որ այս երկրագունդին վրայ ապրած է։ Ատոր համար կենսական է որ կարելի եղածին չափ շատ սորվինք այն սքանչելի բաներուն մասին զորս ըրաւ մեզի համար»։ Կարդացէք Յովհաննու 17։3–ը։ Բացատրեցէք թէ ինչպէ՛ս կարելի է Մեծագոյն Մարդը որ Ապրած Է գիրքը ձեռք ձգել ձեր յաջորդ այցելութեան ատեն եւ անձնական ուսումնասիրութեան համար գործածել։
6 Վստահ եղէք որ արձանագրութիւն մը պահէք հետաքրքրութեան մասին, որպէսզի կարենաք հետապնդել վերայցելութիւններ ընելով։ Մինչ տակաւին ժամանակ կայ, թող որ նախանձախնդրաբար փնտռենք պարկեշտ սրտով անհատներուն վրայ եւ անոնց օգնենք որ մեր Փրկիչին՝ Յիսուս Քրիստոսին՝ հետեւորդներ ըլլան։—Մատթ. 16։24