ՁԵՐ ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻ ԱՇԱԿԵՐՏԻՆ ՍՐՏԻՆ ՀԱՍԷՔ
1 Կ’ուզէ՞ք որ ձեր Աստուածաշունչի աշակերտը գործադրէ ինչ որ կը սորվի։ Ան պէտք է այդպէս ընէ որպէսզի իր ձեռք ձգած գիտութենէն օգտուի։ Որպէսզի մղէք ձեր Աստուածաշունչի աշակերտը գործելու, պէտք է անոր սրտին հասնիք։ Հ.Դ. 33–ի Պէնտէկոստէին, Պետրոսի խրախուսիչ ճառախօսութիւնը շուրջ 3,000 անհատի «սրտերուն» ազդեց, որոնք «սրտանց ընդունեցին անոր խօսքերը» եւ այն օրը մկրտուեցան։ (Գործք 2։37, 41) Ինչպէ՞ս կրնաք ձեր Աստուածաշունչի աշակերտին սրտին հասնիլ։
2 Լիովին Պատրաստուեցէք. Մի փորձէք ա՛յնքան շատ նիւթեր ծածկել որ քիչ ժամանակ մնայ տեղեկութիւններուն մասին աշակերտին հետ պատճառաբանելու։ Նախապէս որոշեցէք թէ ո՛ր կէտերը կ’ուզէք ցցուն ընել եւ վստահ եղէք որ համարները կը հասկնաք ու կրնաք ազդուօրէն կիրարկել։ Առաջուընէ նկատի առէք այն հարցումները որոնք կրնան յարուցուիլ աշակերտին մտքին մէջ իր միջավայրին պատճառաւ։ Եթէ լաւ կերպով քաջածանօթ էք ձեր աշակերտին հետ, այս գիտութիւնը ձեզի պիտի օգնէ որ պատրաստուիք այն տեղեկութիւններով որոնք յատկապէս անոր յարմար պիտի ըլլան։
3 Ընդօրինակեցէք Յիսուսի Սորվեցնելու Մեթոտը. Յիսուս օրինակներ գործածեց որպէսզի դժուար կէտերը պարզէ ու իր աշակերտներուն օգնէ որ իմաստը ըմբռնեն ու պարագան ապրին։ (Ղուկ. 10։29-37) Նմանապէս, կրնաք ձեր Աստուածաշունչի աշակերտին սրտին վրայ ընտիր ուսուցումները տպաւորել ձեր օրինակները պարզ պահելով, զանոնք կեանքի հասարակ բաներէն առնելով եւ մասնայատուկ կերպով աշակերտին պարագաներուն կիրարկելով։
4 Հարցումները մասնաւորաբար օգնական են Աստուածաշունչի աշակերտներուն սրտերուն հասնելու, ինչպէս Յիսուս յաճախ ապացուցանեց։ (Ղուկ. 10։36) Բայց մի գոհանաք եթէ աշակերտը պարզապէս գրքէն պատասխանը կը կարդայ։ Առաջնորդող հարցումներ գործածեցէք անոր միտքը ուղղելու եզրակացութեան մը որու մասին թերեւս նախապէս չէր մտածած։ Այս կերպը նաեւ կ’օգնէ աշակերտին որ մտածելու կարողութիւնը զարգացնէ։ Տեսակէտ յայտնող հարցումներ ուղղեցէք որպէսզի գիտնաք թէ ան անձամբ ի՛նչ կը հաւատայ նիւթին մասին։ Այն ատեն կրնաք զատորոշել մարզեր ուր օգնութեան կարիքը կայ եւ կրնաք շարունակել աւելի մասնայատուկ օժանդակութիւն հայթայթելով։
5 Եթէ Աստուածաշունչի աշակերտ մը չի յառաջդիմեր, հարկ կայ որ իրմէ հասկնաք պատճառները։ Ասիկա կրնայ պարփակել այցելութիւն մը ընել այնպիսի ատեն մը որ կանոնաւոր ուսումնասիրութեան ժամանակէն տարբեր է։ Ան ինչո՞ւ կը վարանի գործի լծուելու։ Սուրբ գրային կէտ մը կա՞յ զոր չի հասկնար։ Ան կը դժկամակի՞ իր ապրելակերպին մէջ որոշ վերաճշդումներ ընելու։ Եթէ Աստուածաշունչի աշակերտը կը փորձէ ‘երկու մտքի վրայ կաղալ’, իրեն օգնեցէք որ գիտակցի այդպէս ընելու վտանգին։—Գ. Թագ. 18։21
6 Պօղոս առաքեալ գիտակցեցաւ թէ հետաքրքրուող անհատներուն Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնները սորվեցնելը կենսապահ գործ մըն է, ուստի բոլոր Քրիստոնեաներուն խրատ տուաւ որ ‘զգուշութիւն ընեն իրենց վարդապետութեանը’։ (Ա. Տիմ. 4։16) Անոնք որոնց հետ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ կը վարէք, պէտք է իւրացնեն աւելին քան պարզապէս իրողութիւններ Աստուածաշունչին մասին եւ աշխարհի դէպքերուն մասին։ Անոնք պէտք է Եհովայի ու Յիսուսի մասին մանրակրկիտ գիտութիւն ձեռք ձգեն եւ օգնութիւն ստանան իրենց հետ անձնական ջերմ յարաբերութիւն մը զարգացնելու համար։ Միայն այդպէս ընելով է որ պիտի մղուին իրենց հաւատքը գործերով ապացուցանելու։ (Յակ. 2։17, 21, 22) Երբ աշակերտին սրտին կը հասնիք, ան պիտի մղուի այն ընթացքին հետեւելու որ Եհովան կը պատուէ ու իր կեանքը կը պահպանէ։—Առ. 2։20-22