ԱՌԱՏԱՁԵՌՆՈՒԹԵԱՄԲ ՑԱՆԵՆՔ ԲԱՅՑ՝ ԶԱՏՈՐՈՇՈՒՄՈՎ
1 Ամէն հողագործ գիտէ թէ եթէ սերմը առատութիւնով սերմանէ, հաւանական է որ առատ հունձք պիտի հնձէ, բայց եթէ խնայելով սերմանէ, վստահաբար խնայելով պիտի հնձէ։ (Բ. Կորն. 9։6) Հողագործերը ուշադիր են որ սերմերը չվատնեն սերմանելով ուր աճումը անկարելի է։ Նոյնանման զատորոշումի մը կարիքը կայ երբ մեր գրականութիւնները կ’առաջարկենք դաշտին մէջ։ Մեր փափաքն է գրականութիւններ ձգել անոնց հետ որոնք հետաքրքրուած են զանոնք կարդալով։ Կ’ուզենք արժանի եղողներուն պատեհութիւնը տալ սորվելու Եհովայի անարժան ողորմութեան եւ Թագաւորութեան յոյսին մասին։
2 Արդեօք կը տեսնէ՞ք թէ պարբերաթերթեր, գրքոյկներ եւ ուրիշ գրականութիւններ կը կուտակուին դարակի մը վրայ տան մէջ, երբ կրնան գործածուիլ ձեր թաղամասին մէջ արժանի եղողներուն ճշմարտութեան գիտութիւնը բերելու։ (Բաղդատել Մատթէոս 25։25։) Արդեօք երբեմն կը քաշուի՞ք պարբերաթերթեր կամ ուրիշ գրականութիւններ առաջարկելէ քանի որ անվայելուչ կը նկատէք նուիրատուութիւն մը խնդրել ներկայացուած գրականութեան համար։ Փորձառու հրատարակիչներ գտած են թէ գնահատող տանուտէրները կ’ընդառաջեն պարզ, ուղղակի արտայայտութեան երբ իրենց կ’ըսուի ինչպէ՛ս մեր Թագաւորութեան գործը կը կատարուի։
3 Կրնաք ըսել.
◼ «Թերեւս հարց կու տաք թէ ինչպէ՛ս կրնանք չնչին գինով գրականութիւններ ներկայացնել։ Անիկա երկրածաւալ դաստիարակչական գործի մը մէկ մասն է, որ կը հոգածուի յօժարակամ նուիրատուութեամբ։ Եթէ կը փափաքիք այս գրականութիւնը ստանալ, ուրախ պիտի ըլլամ ընդունելով . . . որպէս նուիրատուութիւն»։
4 Շատ մը տանուտէրներ պիտի հարցնեն թէ գրականութեան ծախքը որքա՛ն է։
Կրնաք պատասխանել.
◼ «Գրականութեան գինը չնչին է քանի որ մեր գործը կը հոգածուի յօժարակամ աշխատանքով։ Ձեր նուիրատուութիւնը պիտի գործածուի երկրածաւալ քարոզչական գործին համար»։
Կամ կրնաք ըսել.
◼ «Մեր գրականութիւնները մատչելի կ’ընենք բոլոր անոնց որոնք հետաքրքրուած են Աստուածաշունչին մասին աւելի սորվելով։ Եթէ կը փափաքիք այս չնչին նուիրատուութիւնը ընել, ուրախ պիտի ըլլամ գրականութիւնը ձեզի տալով»։
5 Երբեք պէտք չէ քաշուինք Թագաւորութեան սերմը ցանելէ քանի որ կը դժկամակինք գրականութիւններուն համար նուիրատուութիւն խնդրել։ Միեւնոյն ժամանակ, զատորոշումին հարկը կայ որպէսզի մեր գրականութիւնները չկորսուին «ապառաժուտ տեղերու վրայ»։ (Մար. 4։5, 6, 16, 17) Անոնք որոնք կը գնահատեն մեր բերած բարի լուրը, կ’ուրախանան պատեհութիւն ունենալով որ անոր նիւթական հոգածութեան մասնակցին։—Բաղդատել Մատթէոս 10։42։