Հարցումի Տուփ
◼ Երբ հեռաձայնով վկայենք, նուիրատուութեան կարգադրութիւնը պէ՞տք է յիշենք։
Երբ անհատի մը վկայութիւն տանք, թերեւս կարելի ըլլայ բացատրել թէ Եհովայի Վկաներու աշխարհածաւալ դաստիարակչական գործը, ամբողջովին յօժարակամ նուիրատուութիւններով յառաջ կը տարուի, եւ թէ այսպիսի նուիրատուութիւններ սիրով կ’ընդունինք։ Սակայն, հեռաձայնով վկայելու ատեն նուիրատուութեան կարգադրութեան մասին բան մը պէտք չէ յիշուի, քանի որ ասիկա հեռաձայնով հանգանակութիւն ընելու մէկ ձեւը կրնայ նկատուիլ։ Եհովայի Վկաներու ծառայութիւնը որեւէ կերպով առեւտրական չէ։—Բ. Կորն. 2։17
◼ Երբ հեռաձայնով կը վկայենք, ի՞նչ պէտք է ընենք եթէ անհատը խնդրէ որ Եհովայի Վկաները անգամ մը եւս չհեռաձայնեն։
Անհատին փափաքը պէտք է յարգուի։ Թաղամասին պահարանին մէջ անհատին անունը նշող թուակիր նշմար մը պէտք է դրուի, որպէսզի հրատարակիչները հետագային այդ թիւին չհեռաձայնեն։ Տարին անգամ մը, պէտք է աչքէ անցընել այն ցանկը, որ կը նշէ թէ որո՛նք խնդրած են որ իրենց չհեռաձայնենք։ Ծառայութեան տեսուչին առաջնորդութեան ներքեւ, փորձառու ու փափկանկատ հրատարակիչներ կրնան նշանակուիլ որ այս անհատներուն հեռաձայնեն, տեսնելու համար թէ ներկայիս ի՛նչ է իրենց փափաքը։—Տես՝ Յունիս 1994–ի Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկը, Հարցումի Տուփ։