ՄԵՐ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ Կ’ԱՐԺԵՒՈՐԷ՞Ք
1 Ադամանդը եւ միւս թանկագին քարերը արժէքաւոր են ոչ միայն իրենց գեղեցկութեան համար, այլ նաեւ՝ զանոնք գտնելու եւ պեղելու մեծ ծախքին պատճառաւ։ Եհովայի ու Յիսուս Քրիստոսի մասին եղած գիտութիւնը ա՛լ աւելի արժէքաւոր է, եւ մեր գրականութիւնները միակն են աշխարհի մէջ որոնք խորապէս ու աստուածային իմաստութեամբ կը բացատրեն այս հոգեւոր հարստութիւնը։ (Հռովմ. 11։33. Փիլ. 3։8) Ինչպէ՞ս կրնանք իսկական գնահատանք ապացուցանել մեր գրականութիւններուն հանդէպ։
2 Գնահատանք ապացուցանելու մէկ կերպն է ընտրողական ըլլալ դաշտի ծառայութեան մէջ մեր հանդիպած մարդոց գրականութիւններ ներկայացնելու նկատմամբ։ Մեր մտքէն չանցնիր սուղ ադամանդ մը տալ մանուկի մը որ չի կրնար անոր արժէքը ըմբռնել։ Ոչ ալ արժէքաւոր գրականութիւններ կու տանք անհատներու որոնք հոգեւոր բաներուն հանդէպ գնահատանք չունին։ (Բաղդատել Եբրայեցիս 12։16։) Մեր անձնազոհութիւնը եւ մեր գրականութիւնները առատաձեռնօրէն տալը պէտք է խորատես կեցուածքով մը կանոնաւորել։ Տանուտէրը յօժա՞ր է խօսակցելու։ Ուշադրութիւն կ’ընէ՞ երբ կը խօսինք, մեր ուղղած հարցումներուն կը պատասխանէ՞, եւ մեր հետ կը հետեւի՞ մինչ Աստուածաշունչէն կը կարդանք։ Եթէ այսպիսի հետաքրքրութիւն մը յայտնաբերուած է, մենք կ’ուրախանանք նպատակայարմար գրականութիւն մը տեղաւորելով։ Երբ մեր գրականութիւններով ուսումնասիրութիւններ կը վարենք, մարդիկ օգնութիւն կը ստանան սորվելու ինչ որ Աստուածաշունչը կ’ուսուցանէ եւ իրենց համար ճամբան բաց է որ Եհովայի հետ յարաբերութիւն մը կերտեն։ Մեր գրականութիւններէն քաղուած իսկական օգուտը կախեալ է անոնց գործածելուն կերպէն։
3 Այն գրականութիւնը որ պահարանին մէջ կը ձգուի Թագաւորութեան Սրահին մէջ կամ մեր տան մէջ իր նպատակը չի կատարեր, եւ իր արժէքը ճանչցուած չէ։ Նոյնիսկ պարբերաթերթերու, գրքոյկներու, գրքերու, եւ թերթիկներու հին թիւերը պէտք է լաւ կերպով գործածուին։ Ե՞րբ վերջին անգամ համրեցինք այն գրականութիւնները որոնք ձեռքի տակ ունինք։ Թերեւս զարմացանք տեսնելով որքա՜ն շատ կուտակուած են։ Մեր ունեցած գրականութիւնները դեռ լա՞ւ վիճակի մէջ են—չեն դեղինցած, պատռուած, կամ աղտոտուած։ Եթէ պարագան այդպէս է, պէտք է ամէն ջանք թափենք զանոնք բաշխելու դաշտի ծառայութեան ընթացքին։ Վնասուած գրականութիւնները կարելի է պահել անձնական գործածութեան համար կամ յարմար կերպով նետել։ Մինչ կը կեդրոնանանք գլխաւորաբար ընթացիկ ներկայացումին վրայ, երբեմն կրնանք որոշել տարբեր գրականութիւն մը գործածել։
4 Միշտ ուշադրութեամբ մտածեցէք թէ որքա՛ն գրականութիւն իսկապէս պէտք ունիք բաշխելու նպատակով։ Լաւ դատողութիւնը անհրաժեշտ է։ Մինչ բաւարար քանակ մը կարեւոր է, մանաւանդ եթէ ռահվիրայութիւն կ’ընէք, պէտք չկայ գրականութիւններու անձնական մեծ մթերք մը ունենալ, քանի որ կրնաք աւելին ստանալ Թագաւորութեան Սրահին մէջ ժողովներէն առաջ ու վերջ։ Ամսուան սկիզբը դուք ձեզ բաւարար գրականութեամբ պատրաստեցէք եւ աւելին առէք մինչ ձեր մթերքը կը վերջանայ։
5 Մեր գրականութիւնները մեծապէս արժէքաւոր են երբ այն մարդոց կը տրուին որոնք Աստուծոյ ճշմարտութեան Խօսքը կը գնահատեն։ Թող բոլորս ալ իմաստուն ու խոհեմ ըլլանք հայթայթուած բաները գործածելուն նկատմամբ, այսպիսով ցոյց կու տանք թէ մեր գրականութիւնները մեծապէս կ’արժեւորենք։