Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած մեր հրատարակութիւնները իմաստութեամբ գործածենք
1, 2. Շատեր մեր հրատարակութիւնները ի՞նչպէս կը նկատեն, եւ ասիկա ի՞նչ հարցում կը յարուցանէ։
1 Եհովայի Վկաներու կեդրոնատեղիին ստացած մէկ նամակին մէջ, մարդ մը հետեւեալը ըսաւ. «Ձեր հրատարակութիւնները 1965–էն ի վեր կը կարդամ։ Աստուածաշունչի նշուած համարները կը բանամ, եւ ի՛նչ որ ձեր հրատարակութիւնները կը յիշեն՝ ներդաշնակ է Աստուածաշունչին հետ։ Միշտ ուզած եմ Աստուծոյ եւ Յիսուսի մասին ճշմարտութիւնը գիտնալ, եւ անկեղծօրէն կրնամ ըսել թէ ձեր հրատարակութիւններուն ու Աստուածաշունչին միջոցով իսկական պատասխաններ կը գտնեմ»։ Ապա ան Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը խնդրեց։
2 Այդ երախտապարտ մարդուն նման, համայն աշխարհի մէջ միլիոնաւորներ կը գնահատեն «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ»ին կողմէ հայթայթուած Աստուածաշունչը սերտելու նպաստող հրատարակութիւնները։ (Մատթ. 24։45) Ամէն տարի, հրատարակութիւններու հսկայ քանակ մը կ’արտադրուի, պարկեշտամիտ անհատներու օգնելու որ «ճշմարտութիւնը ճանչնան»։ (Ա. Տիմ. 2։4) Ի՞նչպէս կրնանք Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած մեր հրատարակութիւնները իմաստութեամբ գործածել։
3. Ի՞նչպէս կրնանք հրատարակութիւնները չվատնել։
3 Վատնելէ խուսափինք. Ժամանակի ընթացքին կրնանք մեզի հարկ եղածէն աւելի հրատարակութիւններ կուտակել։ Ի՞նչ կրնանք ընել մեր արժէքաւոր հրատարակութիւնները չվատնելու համար։ Ծառայութեան մէջ գործածուելիք հրատարակութիւնները խորատեսութեամբ առնենք։ Փոխանակ ներկայացուելիք հրատարակութենէն բազմաթիւ օրինակներ առնելու, կրնանք միայն մէկ կամ երկու օրինակ առնել, զանոնք բաշխել, ապա յաւելեալ օրինակ մը առնել։ Ասիկա թոյլ պիտի չտայ որ մեր տուներուն մէջ շատ հրատարակութիւններ դիզուին։ Նոյնպէս, եթէ չբաշխուած շատ պարբերաթերթեր ունինք, ասիկա կը նշանակէ թէ հարկ կայ որ մեր ապսպրած քանակը նուազեցնենք։
4. Եթէ ժողովքի մը մէջ կարգ մը հրատարակութիւններ կուտակուած են, ի՞նչ կարելի է ընել։
4 Ժողովքին մէջ կուտակուած հրատարակութիւններ. Եթէ ժողովքը որոշ հրատարակութիւններէն մեծ քանակ ունի, հրատարակութիւնները համակարգող եղբայրը կրնայ մօտակայ ժողովքներուն հարցնել թէ կրնա՞ն յաւելեալ հրատարակութիւնները գործածել։ Հրատարակիչները կրնան հին հրատարակութիւններ ներկայացնել ընտանիքի անհաւատ անդամներուն, Աստուածաշունչի աշակերտներուն եւ ուրիշներու։ Ժողովքին հետ նոր ընկերակցող անհատները թերեւս փափաքին այս հին հրատարակութիւնները ունենալ, իրենց աստուածպետական գրադարանին համար։
5. Ի՞նչպէս կրնանք ցոյց տալ թէ մեր հրատարակութիւնները կը գնահատենք։
5 Կ’ուզենք որ մեր հրատարակութիւնները իրենց մտադրուած նպատակին ծառայեն, այսինքն՝ անկեղծ անհատներու օգնել որ Եհովայի սքանչելի նպատակներուն մասին աւելի սորվին։ Ինչպէս Յիսուս մեծ բազմութիւն մը հրաշալիօրէն կերակրելէ ետք աւելցած ուտելիքը չվատնեց, մեր նպատակակէտը պէտք է ըլլայ Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած թանկարժէք հրատարակութիւնները լաւագոյն կերպով գործածել։ (Յովհ. 6։11-13) Մեր հրատարակութիւններուն բովանդակած փրկաբեր պատգամը արդարամիտ մարդոց սիրտին չի կրնար դպչիլ, եթէ մեր դարակներուն կամ պայուսակին մէջ մնայ։ Հետեւաբար, ծառայութեան համար չափաւոր կերպով հրատարակութիւններ առնենք ու զանոնք իմաստութեամբ գործածենք որ ուրիշները օգտուին։—Փիլ. 4։5