ՀԱՐՑՈՒՄԻ ՏՈՒՓ
◼ Ծառայութեան տեսուչը ինչպէ՞ս կրնայ հսկել գրականութիւններուն եւ պարբերաթերթերուն հոգ տանող օգնական ծառաներուն գործը։
Ծառայութեան տեսուչին հետաքրքրութեան շրջանակը սահմանափակուած չէ գրքի ուսումնասիրութիւններուն խումբերը ամէն ամիս այցելելով եւ դաշտի ծառայութեան համար կանոնաւոր ժողովներ կարգադրելով։ Այս նախանձախնդիր երէցը խորապէս հետաքրքրուած է ամէն բանով որ կրնայ ազդել քարոզչութեան գործին յառաջդիմութեան ժողովքին նշանակուած թաղամասին մէջ։
Անիկա վստահ պիտի ըլլայ թէ իւրաքանչիւր ամիս ներկայացուելիք գրականութիւններէն ու պարբերաթերթերէն բաւարար քանակ մը մատչելի է եւ շատ լաւ վիճակի մէջ է։ Այս նպատակով ան կը հսկէ գրականութիւններուն ու պարբերաթերթերուն հոգ տանելու համար նշանակուած օգնական ծառաներուն շատ մը պատասխանատուութիւնները։
Ծառայութեան տեսուչը մասնայատուկ ուշադրութիւն կ’ընծայէ հետագային ներկայացուելիք գրականութիւններուն մասին եղած ծանուցումներուն, երբ կը հրատարակուին Մեր Թագաւորութեան Ծառայութեան մէջ։ Անիկա եւ գրականութիւններուն հոգ տանող եղբայրը միասնաբար սերտօրէն կ’աշխատին վստահ ըլլալու թէ գրականութիւններէն բաւարար քանակ մը մատչելի պիտի ըլլայ գործածուելու համար, բայց պէտք է զգուշ ըլլան որ պէտք եղածէն աւելի չխնդրեն։ Եթէ գրականութիւն մը առաջին անգամ ըլլալով պիտի գործածուի դաշտին մէջ կամ անիկա մօտ ատենէն պիտի ուսումնասիրուի ժողովքին մէջ, պէտք է այս ազդակները նկատի առնուին երբ Ընկերութենէն գրականութիւններ կը խնդրուին։ Եթէ գրականութիւնը նախապէս ներկայացուած է, ժողովքին դաշտի ծառայութեան տեղեկագիրը այդ ամսուան համար ցոյց պիտի տայ թէ ներկայիս գտնուած քանակը բաւարա՛ր է կամ ոչ։ Անշուշտ, նկատի պէտք է առնել ուրիշ ազդակներ ալ, ինչպէս՝ հրատարակիչներուն թիւը որոնք պիտի ծառայեն որպէս օժանդակ ռահվիրաներ այդ ամիս, եւ գրականութիւնը վերջին անգամ ներկայացուելէն ի վեր հրատարակիչներու եւ կանոնաւոր ռահվիրաներու թիւին մէջ տեղի ունեցած աճումը։ Գրականութիւնները պէտք է մատչելի ըլլան ժողովքային ժողովներէն թէ՛ առաջ եւ թէ վերջ։ Գրականութիւններուն սնտուկները պէտք է պատշաճօրէն պահել մաքուր, չոր տեղ մը եւ դիզել առանց որեւէ վնաս հասցնելով։
Ծառայութեան տեսուչը պիտի համագործակցի նաեւ այն եղբօր հետ որ պարբերաթերթերուն հոգ կը տանի։ Ժամանակ առ ժամանակ, ծառայութեան տեսուչը եւ պարբերաթերթերուն հոգ տանող եղբայրը պէտք է բաղդատեն պարբերաթերթերուն խնդրուած թիւը իւրաքանչիւր ամիս՝ ծառայութեան մէջ իրապէս տեղաւորուած պարբերաթերթերուն թիւին հետ։ Թերեւս կարգ մը հրատարակիչներ պէտք է նուազեցնեն պարբերաթերթերու իրենց խնդրած քանակը եթէ ատոնք կանոնաւորաբար կը կուտակուին իրենց տուներուն մէջ։ Պարբերաթերթերը պէտք չէ վատնել։
Նոյն սկզբունքները ի մտի ունենալով, ծառայութեան տեսուչը պէտք է անձամբ քննէ ներկայացուելիք գրականութիւններուն քանակը զոր ժողովքը կը խնդրէ Գրականութիւններու Խնդրանքի «Ֆօրմ»ին (S–14) միջոցաւ։ Անկէ ետք, ան «ֆօրմ»ը պիտի յանձնէ ժողովքի քարտուղարին, որ ուշադրութեամբ պիտի քննէ «ֆօրմ»ին մնացած մասերը, մասնայատուկ ուշադրութիւն ընծայելով մասնակի խնդրանք եղող գրականութիւններուն քանակին։
Անշուշտ, գրականութիւններուն եւ պարբերաթերթերուն պատշաճօրէն հոգ տանիլը կը պահանջէ արձանագրութիւններ պահել։ Եթէ նշանակուած եղբայրները հարցումներ ունին ատոր եւ «ֆօրմ»երը գործածելուն առնչութեամբ, քարտուղարը ուրախ պիտի ըլլայ իրենց գործին այս երեսակին մէջ նեցուկ կանգնելով։