Առաջնորդութիւնը Առնող Տեսուչներ—Ծառայութեան Տեսուչը
1 Ծառայութեան տեսուչը ժողովքին նշանակուած թաղամասին մէջ աւետարանելու գործին յառաջդիմութեան հետ կապ ունեցող ամէն բանով մեծապէս կը հետաքրքրուի։ Հետեւաբար ան կենսական դեր մը կը խաղայ մեզի օգնելով, որ բարի լուրը քարոզելու մեր պատասխանատուութիւնը լիովին կատարենք։ Նախանձախնդիր աւետարանիչ մը ըլլալով, ան ծառայութեան վերաբերող բոլոր հարցերը կազմակերպելու մէջ առաջնորդութիւնը կ’առնէ։ Ատակ ուսուցիչ մը ըլլալով, ան իւրաքանչիւր հրատարակիչի կ’օգնէ ծառայութեան մէջ իր ազդուութիւնը բարելաւելու։—Եփ. 4։11, 12
2 Այս երէցն է որ ուղղակիօրէն կը վերահսկէ գրականութեան, պարբերաթերթերուն եւ թաղամասերուն հոգ տանելու նշանակուած օգնական ծառաներուն աշխատանքը։ Ան պատասխանատու է վստահ ըլլալու թէ մեր գործածութեան համար բաւարար գրականութիւններ, պարբերաթերթեր եւ ծառայութեան պատճեններ ամէն ամիս մատչելի են։ Տարին անգամ մը ան վերաքաղ կ’ընէ թաղամասերու թղթածրարը, աչքէ անցընելով այն հասցէները, որոնց նկատմամբ մեզի ըսուած է չայցելել, եւ ատակ եղբայրներ կը նշանակէ որ այդ տուները այցելեն։
3 Ծառայութեան տեսուչը պատասխանատու է ծառայութեան զանազան մարզերուն վերահսկելու, ի ներառեալ առեւտրական թաղամասերը, փողոցի եւ հեռաձայնով ծառայութիւնը։ Ան ուշադիր է շաբթուան ընթացքին, ինչպէս նաեւ արձակուրդներուն համար ծառայութեան գործնական ժողովներ կազմակերպելու։ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան գործունէութեան հանդէպ հարազատ հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերէ։ Ծառայութեան մէջ անկանոն կամ անգործունեայ դարձողներուն հոգեւոր աջակցութիւն տալու զանազան կերպեր կը փնտռէ։ Ան ռահվիրաներու աշխատանքով գործնականօրէն կը հետաքրքրուի, եւ Ռահվիրաները Ուրիշներուն կ’Օգնեն յայտագրին կը վերահսկէ։
4 Ժողովքի Ծառայութեան Յանձնախումբին մէկ անդամը ըլլալով, ծառայութեան տեսուչը Ժողովքի Գրքի Ուսումնասիրութեան խումբերուն մէջ կարիքին համաձայն վերաճշդումներ կ’առաջարկէ։ Եթէ ձեր խումբը այցելէ, վստահ եղէք ներկայ գտնուելու եւ իր հետ ծառայութեան մասնակցելու։
5 Ժողովքի բոլոր անդամներն ալ ծառայութեան տեսուչին կողմէ տրուած ուղղութեանց հետ յօժարակամօրէն պէտք է համագործակցին։ Ասիկա աշակերտելու գործին մէջ մեր ազդուութիւնը աւելցնելու եւ մեր ծառայութեան մէջ աւելի մեծ ուրախութիւն գտնելու պիտի նպաստէ։