Հարցումի տուփ
◼ Ի՞նչ բան կ’որոշէ թէ անհատին հրատարակութիւն պիտի տա՛նք կամ ոչ։
Գլխաւոր ազդակը անհատին հետաքրքրութիւնն է։ Եթէ ան հարազատ հետաքրքրութիւն ցուցաբերէ, կրնանք տալ երկու պարբերաթերթ, գրքոյկ մը, գիրք մը կամ ուրիշ հրատարակութիւն մը, որ կ’առաջարկենք։ Այսպէս կ’ընենք նո՛յնիսկ երբ զատորոշենք թէ անհատը համաշխարհային գործին համար նուիրատուութիւն ընելու չնչին կամ ոչինչ գումար ունի (Յոբ 34։19. Յայտ. 22։17)։ Միւս կողմէ, մեր թանկագին հրատարակութիւնները պիտի չյանձնենք զանոնք չգնահատողներուն (Մատ. 7։6)։
Տանտէրը ինչպէ՞ս կրնայ հետաքրքրութիւն ցուցաբերել։ Մեզի հետ խօսակցելու իր կամեցողութիւնը լաւ նշան մըն է։ Ուշադրութեամբ մտիկ ընելը մինչ կը խօսինք, հարցումներուն պատասխանելը եւ իր կարծիքը տալը, քննարկութեան մէջ մասնակցութիւն ցոյց կու տան։ Հետեւիլը՝ մինչ Աստուածաշունչէն կը կարդանք, Աստուծոյ Խօսքին հանդէպ յարգանք ցոյց կու տայ։ Յաճախ, օգտաշատ է հարցնելը, թէ արդեօք առաջարկուած հրատարակութիւնը կ’ուզէ՛ կարդալ։ Անհատին հետաքրքրութիւնը զատորոշելու համար, հրատարակիչները լաւ դատողութիւն պէտք է գործածեն։ Փողոցի ծառայութեան ընթացքին, զոր օրինակ, յարմար պիտի չըլլար պարբերաթերթեր, գրքոյկներ կամ գիրքեր անխտրաբար բոլոր անցորդներուն տալ։ Եթէ կարող չենք անհատին հետաքրքրութիւնը զատորոշել, լաւ կ’ըլլայ իրեն յայտաթերթիկ կամ թերթիկ տալ։
Նմանապէս, հրատարակութիւններու սեղանէն հրատարակիչին առած քանակը պէտք է ըլլայ իր դաշտի ծառայութեան կարիքին համաձայն, եւ ոչ թէ նուիրատուութիւն ընելու իր կարողութեան համաձայն։ Նուիրատուութիւնները հրատարակութիւններուն գինը վճարելու համար չեն, այլ՝ համաշխարհային քարոզչութեան բոլո՛ր երեսակներուն աջակցելու համար։ Ի՛նչ որ ալ ըլլան մեր նիւթական միջոցները, գնահատութիւնը մեզ պիտի մղէ, որ Թագաւորութեան շահերուն աջակցելու համար առատապէս տանք,– ոչ թէ մեր աւելորդ գումարներէն (Մար. 12։41-44. Բ. Կոր. 9։7)։ Ատիկա նաեւ մեզ պիտի մղէ որ միայն հարկ եղած հրատարակութիւնը առնենք, այսպէս՝ աստուածպետական ստացուածքները չվատնելով։
[Մէջբերում՝ էջ 2]
Հրատարակիչները լաւ դատողութիւն պէտք է գործածեն, անհատին հետաքրքրութիւնը զատորոշելու համար