Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 11/94 էջ 1
  • Աստուծոյ Խօսքը Զօրութիւն Ունի

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Աստուծոյ Խօսքը Զօրութիւն Ունի
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1994)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Աստուածաշունչը—Կարդացուելիք գիրք մը
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1994
  • Ինչպէ՞ս կրնաս Սուրբ Գիրքէն ամէնէն շատ օգտուիլ
    Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն. Սուրբ Գիրքի դասընթացք
  • Աստուածաշունչի ընթերցանութիւն. օգտաւէտ եւ հաճելի
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2000
  • Աստուծոյ Խօսքէն Հաճոյք Առէք
    Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի կրթութենէն օգտուեցէք
Տես աւելին
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1994)
թծ 11/94 էջ 1

Աստուծոյ Խօսքը Զօրութիւն Ունի

1 Աստուածաշունչը մեծապէս ազդած է միլիոնաւորներու կեանքին։ Անոր ըսածը աւելի մղիչ է քան որեւէ բան զոր մարդը կրնար արտադրել։ (Եբր. 4։12) Նկատի առէք ինչ որ ան ըրած է մեզի համար։ Իսկապէս, անոր արժէքը անբաղդատելի է։

2 Եհովայի Վկաները Աստուածաշունչի առաջագոյն աշակերտներն ու պաշտպաններն են։ Աստուածաշունչի ընթերցումը պէտք է նկատենք որպէս մեր կանոնաւոր աստուածպետական յայտագրին կենսական մէկ մասը, զայն դասելով հեռատեսիլ դիտելէն ու մնացեալ բոլոր զբօսանքներէն առաջ։

3 Զայն Կանոնաւոր Սովորութիւն մը Դարձնենք. Եհովայի ժողովուրդը գնահատած է այն զօրեղ ազդեցութիւնը զոր Աստուածաշունչի կանոնաւոր ընթերցումը կրնայ բանեցնել։ Տարիներէ ի վեր, Պրուքլինի մէջ մեր տպարաններէն մէկուն վրայ մեծ ցուցանակ մը կը քաջալերէ անցորդները որ «Աստուածաշունչը՝ Աստուծոյ Խօսքը՝ Կարդացէք Ամէն Օր»։ Պէթէլի ընտանիքին նոր անդամներէն կը պահանջուի որ ամբողջ Աստուածաշունչը կարդան իրենց Պէթէլի ծառայութեան առաջին տարուան ընթացքին։

4 Հակառակ ձեր խճողուած յայտագրին, քայլ կը պահէ՞ք թելադրուած Աստուածաշունչի շաբաթական ընթերցումին հետ, որ ուրուագծուած է Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցի յայտագրին մէջ։ Եթէ դժուարութիւն ունեցած էք ասիկա ընելու համար, ինչո՞ւ չաշխատիք բարելաւել Նոյեմբեր ամսուան ընթացքին։ Ամբողջ ամսուան համար Աստուածաշունչի ընթերցումը Սաղմոս 95-109 է, ինչ որ կը պահանջէ կարդալ շուրջ երեք կամ չորս էջեր իւրաքանչիւր շաբաթ։ Ոմանք կ’ընտրեն քիչ մը կարդալ ամէն օր, թերեւս առտու կանուխ կամ իրիկունը քնանալէ առաջ։ Ի՛նչ կերպով ալ զանիկա ընէք, կարեւոր բանն է որ կը քաղէք այն առողջարար օգուտները որոնք ձեռք կը ձգուին Աստուծոյ Խօսքը կանոնաւորաբար կարդալով։

5 Նոյեմբեր Ամսուան Ընթացքին, Ուրիշներու Օգնենք որ Գնահատեն Աստուածաշունչին Արժէքը. Շատեր տակաւին յարգանք ունին Աստուածաշունչին հանդէպ եւ կը փափաքին լսել երբ անկէ կը կարդանք։ Նոյեմբերին ընթացքին պիտի ներկայացնենք Աստուածաշունչը Աստուծո՞յ Խօսքն Է, թէ՝ Մարդոց գիրքը։ Ասիկա հոյակապ պատեհութիւն մըն է պարկեշտ սրտով անհատներուն ցոյց տալու Աստուծոյ Խօսքին արժէքը։ Խանդավառութեամբ ասիկա ընենք։

6 Պատրաստեցէք խոհական մեկնաբանութիւններ Աստուածաշունչին ուշագրաւ երեսակներուն մասին։ Անոր գործնական արժէքը ցցուն ըրէք։ Ձեր խօսակցութեան մէջ գործածեցէք կարգ մը կէտեր Աստուածաշունչը Աստուծո՞յ Խօսքն Է, թէ՝ Մարդոց գրքէն։ Կամ կրնաք ապացուցանել Աստուածաշունչին արժէքը մեր արդի ժամանակներուն մէջ։ Կ’ուզենք բոլորին ցոյց տալ թէ Աստուծոյ Խօսքը ազդեցութիւն ունի նոյնիսկ մեր օրերուն համար։

7 Այո, Աստուածաշունչը Աստուծոյ Խօսքն է։ Եթէ զանիկա կարդանք, անոր հաւատանք եւ անոր խրատը կիրարկենք մեր կեանքին մէջ, մեծ օգուտներ պիտի քաղենք։ Անիկա գրուեցաւ որպէսզի մեզի հրահանգ եւ յոյս տայ։ (Հռովմ. 15։4) Կենսական է որ անկէ ամէն օր խրատ առնենք եւ պատրաստ ըլլանք զայն գործածելու ուրիշներու սորվեցնելու համար։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել