Պատրաստուինք Յիշատակատօնին Համար
Ամէն անհատ՝ դասախօսը ներառեալ՝ տեղեա՞կ է տօնակատարութեան ճիշդ ժամէն ու տեղէն։ Դասախօսը տեղեա՞կ է որ յայտագիրը պէտք չէ 45 վայրկեանը անցնի։
Մէկը նշանակուա՞ծ է խորհրդանիշերը ապահովելու համար։ (Տես Դիտարան Փետրուար 15, 1990–ի Անգլերէն թիւը, էջեր 16–18։) Կարգադրութիւններ եղա՞ծ են սեղանը պատրաստելու մաքուր սփռոցով մը եւ բաւարար գաւաթներով եւ պնակներով։
Ծրագիրներ եղա՞ծ են Թագաւորութեան Սրահը մաքրելու տօնակատարութենէն առաջ ու վերջ։ Հիւրընկալներն ու հրամցնողները նշանակուա՞ծ են։ Անոնց հետ հանդիպում մը եղա՞ծ է, վերաքաղ ընելով անոնց պարտականութիւնները։ Ի՞նչ մեթոտ պիտի գործածուի վստահ ըլլալու համար թէ խորհրդանիշերը բոլորին պիտի հրամցուին։
Կարգադրութիւններ եղա՞ծ են օգնելու համար տարիքոտ ու վատառողջ եղբայրներուն եւ քոյրերուն որ ներկայ ըլլան։ Եթէ օծեալներէն ոմանք անկողին ինկած են եւ անկարող են ներկայ գտնուիլ, պատրաստութիւններ եղա՞ծ են որ խորհրդանիշերը իրենց հրամցուին։