‘‘ԱՍԻԿԱ ԸՐԷՔ ԶԻՍ ՅԻՇԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ’’
1 Յիսուս պատուիրեց իր հետեւորդները որ տօնակատարեն իր մահուան տարեդարձը։ (Ղուկ. 22։19) Այս տօնակատարութիւնը պիտի ծառայէր որպէս յիշեցում մը այն մեծ զոհագործութեան զոր Յիսուս ըրաւ մարդկութեան ի նպաստ։ Այս տարի Եհովայի Վկաները համայն աշխարհի մէջ պիտի տօնակատարեն Քրիստոսի մահուան Յիշատակատօնը Ուրբաթ օր՝ Ապրիլ 17–ին, արեւնամուտէն ետք։
2 Անհատական Նախապատրաստութիւն. Ինչպէ՞ս կրնանք նախապատրաստուիլ այս կարեւոր առիթին պատշաճ տօնակատարութեան մը համար։ Կերպերէն մէկն է խոկալ աղօթքի կեցուածքով Յիսուսի երկրային կեանքին ու ծառայութեան վրայ։ Ան մարդկութեան փրկիչը եղաւ իր կատարեալ մարդկային կեանքը զոհելով։ (Մատթ. 20։28) Օգնելու որ ամէն ոք գնահատէ այս հայթայթումը, կը յանձնարարենք նկատի առնել Մեծագոյն Մարդը որ Ապրած Է գրքին 112-116–րդ գլուխները։
3 Այս տարի Յիշատակատօնէն առաջ մեր Աստուածաշունչի ընթերցումը, ինչպէս որ կը նկատուի Եհովայի Վկաներու 1992–ի Օրացոյցին մէջ եւ 3/1/1992 Դիտարանին մէջ՝ էջ 32, կը բաղկանայ Աստուածաշունչի Մարկոս Աւետարանէն ընտրուած համարներէ։ Այս Աստուածաշունչի մասնաւոր ընթերցումը յայտագրուած է 6 օրուան ընթացքին՝ Կիրակի օրէն մինչեւ Ուրբաթ, Ապրիլ 12-17։ Բոլորս ալ պիտի ուզենք բաւարար ժամանակ յատկացնել խոկալու այս լուրջ դէպքերուն վրայ։
4 Լման Պատրաստութիւն Երէցներուն Կողմէ. Վստահ եղէք թէ բաւարար նստելու տեղ կայ բոլոր անոնց համար որոնք կ’ակնկալուին որ ներկայ ըլլան։ Ուր որ մէկէ աւելի ժողովքներ սրահը պիտի գործածեն, կարիքը կայ կարգաւորեալ կարգադրութիւններուն այնպէս որ իւրաքանչիւր ժողովք ունենայ բաւարար ժամանակ Յիշատակատօնը տօնակատարելու։ Անոնք որոնք կը ծառայեն որպէս հիւրընկալներ պէտք է տեղեակ ըլլան իրենց պարտականութիւններէն։ Անոնք պիտի ուզեն նախաքայլը առնել բարի գալուստ մաղթելու նորեկներուն որոնք ներկայ կ’ըլլան։ Պէտք է ընտրել մեծապէս որակելի դասախօս մը որ պիտի ներկայացնէ տեղեկութիւնները յստակօրէն ու Սուրբ Գրայինօրէն։ Նշանակեցէք պատասխանատու երէցներ կամ օգնական ծառաներ խորհրդանիշերը հրամցնելու։ Պէտք է գործածել անխմոր հաց եւ կարմիր զուտ գինի։ Յաւելեալ յիշեցումներու համար, նկատի առէք 2/15/1985 Դիտարանը, էջ 19։
5 Առաջուընէ լման պատրաստութիւն տեսնելով, պիտի ապացուցանենք թէ լիովին կը գնահատենք այս մասնաւոր առիթին կարեւորութիւնը եւ թէ կը փափաքինք Քրիստոսի մահուան Յիշատակատօնը տօնակատարել Յիսուսի պատուէրին հնազանդելով։—Ա. Կորնթ. 11։23-26
[Շրջանակ՝ էջ 3]
1. Բոլորն ալ, մէջը ըլլալով դասախօսը, տեղեա՞կ են տօնակատարութեան ճիշդ ժամանակէն ու վայրէն։ Դասախօսը փոխադրութեան միջոց ունի՞։
2. Խորհրդանիշերը ապահովելու համար որոշ կարգադրութիւններ եղա՞ծ են։
3. Կարգադրութիւններ եղա՞ծ են որ անհատ մը ապահովէ սեղանի մաքուր ծածկոց մը եւ պահանջուած գաւաթներն ու ամանները։
4. Ի՞նչ կարգադրութիւններ եղած են սրահը մաքրելու Յիշատակատօնէն առաջ եւ անկէ ետք թեթեւ մաքրութեան մը՝ եթէ ուրիշ ժողովք մը պիտի գործածէ սրահը նոյն իրիկունը։
5. Հիւրընկալներն ու խորհրդանիշերը ներկայացնողները նշանակուա՞ծ են։ Յիշատակատօնէն առաջ անոնց հետ ժողով մը յայտագրուա՞ծ է անոնց պատասխանատուութիւնները վերաքաղ ընելու։ Ե՞րբ։ Ի՞նչ մեթոտ պիտի գործածուի վստահ ըլլալու թէ խորհրդանիշերը բոլորին պիտի ներկայացուին։
6. Վերջնական կարգադրութիւններ եղա՞ծ են օգնելու տարեց ու անկարող եղբայրներուն ու քոյրերուն։ Կարգադրութիւններ եղա՞ծ են խորհրդանիշերը ներկայացնելու օծեալ ոեւէ անհատի որ անկարող է Թագաւորութեան Սրահը գալու։