ՅԻՇԱՏԱԿԱՏՕՆԻՆ ՀԱՄԱՐ ՆԱԽԱՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻԼ
Ամէն ոք, դասախօսը ներառեալ, տեղեա՞կ են տօնակատարութեան ճիշդ ժամանակէն ու վայրէն։ Դասախօսը փոխադրութեան միջոց ունի՞։
Որոշ կարգադրութիւններ եղա՞ծ են խորհրդանիշերը ապահովելու համար եւ իրենց տեղը դրուելու որոշուած ժամանակին։
Կարգադրութիւններ եղա՞ծ են սեղանին համար որ առաջուընէ ծածկուի մաքուր սփռոցով մը եւ բաւարար գաւաթներ ու ամաններ դրուին։
Ի՞նչ կարգադրութիւններ եղա՞ծ են Թագաւորութեան Սրահը առաջուընէ մաքրելու։
Հիւրընկալները եւ հրամցնողները նշանակուա՞ծ են։ Ժողով մը յայտագրուա՞ծ է անոնց հետ Յիշատակատօնէն առաջ անոնց պարտականութիւնները վերաքաղ ընելու։ Ե՞րբ։ Ի՞նչ մեթոտ պիտի գործածուի վստահ ըլլալու թէ խորհրդանիշերը բոլորին պիտի հրամցուին։
Վերջնական կարգադրութիւններ եղա՞ծ են տարեց ու անկարող եղբայրներուն եւ քոյրերուն օգնելու։ Կարգադրութիւններ եղա՞ծ են խորհրդանիշերը հրամցնելու ոեւէ օծեալի մը որ անկողինի դատապարտուած է եւ անկարող է ժողովքին հետ ներկայ գտնուիլ։