Ձեր Ժամանակը Օգտագործեցէք
1 Եհովա ժամանակին ուշադրութիւն ընծայող է։ Ան կ’ուզէ որ մենք ալ ժամանակին առնչութեամբ գիտակից ըլլանք։ Իր կազմակերպութեան միջոցաւ մեզի կ’օգնէ որ ժամանակին նկատմամբ արթուն ըլլանք։ Մեզի միշտ քաջալերութիւն տրուած է որ «[աւելնանք] Տէրոջը գործին մէջ»։ (Ա. Կորն. 15։58) Այս կերպով, կրնանք աւելի ազդեցիկ ըլլալ Եհովայի ծառայութեան մէջ։
2 Իւրաքանչիւրս նոյն չափով ժամանակ ունինք ամէն շաբաթ—168 ժամ։ Մեր ժամանակը որքա՞ն լաւ կը գործածենք։ Ցոյց կու տա՞նք թէ իրապէս գիտենք ի՛նչ ժամանակի մէջ ենք Եհովայի տեսանկիւնէն դիտուած։ Զբաղա՞ծ ենք ոչ–անհրաժեշտ գործունէութիւններով։
3 Կարեւոր է որ լաւ կազմակերպուած ըլլանք։ Շատեր կը փորձեն առաջնակարգ բաներու ցանկ մը պահպանել։ Իւրաքանչիւրը կը դրուի ցանկին մէջ իր կարեւորութեան համաձայն։ Ատիկա ինչպէ՞ս կարելի է որոշել։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ թէ մարդ մը պէտք է «իր բոլոր աշխատութենէն բարիք [վայելէ]»։ (Ժող. 3։13) Կարգ մը գործեր աւելի լաւ արդիւնքներ կու տան քան ուրիշներ։ Նկատի առէք այն արդիւնքները զորս իւրաքանչիւրը յառաջ պիտի բերէ։ Աշխատանքը վերջացնելը կարեւոր օգուտներ պիտի արտադրէ՞։ Ձեր աշխատութենէն ‘բարիք պիտի վայելէ՞ք’։ Եթէ ոչ, ատիկա կրնայ առաջնակարգ գործ մը չըլլալ։
4 Մեր Ծառայութեան մէջ. Մենք կը գնահատենք երբ ուրիշներ ճիշդ ժամանակին ներկայ կ’ըլլան ծառայութեան համար եղած ժողովներուն, հրահանգներուն ուշադրութեամբ մտիկ կ’ընեն եւ շուտով թաղամաս կ’երթան։ Կը նախընտրենք քարոզչութեամբ զբաղիլ քան սպասել։ Պօղոս բացայայտօրէն շեշտեց կարիքը լաւ կարգապահութեան երբ գրեց. «Միայն թէ ամէն բան վայելչութեամբ եւ կարգաւ թող ըլլայ»։—Ա. Կորն. 14։40
5 Երբ դաշտի ծառայութեան կը մասնակցինք, կրնանք թանկարժէք ժամանակ կորսնցնել կանգ առնելով հանգստանալու համար։ Սակայն, երբ օդի վիճակը խիստ է, դադար մը մեզ պիտի թարմացնէ եւ օգնէ որ շարունակենք։ Այսուհանդերձ, շատեր կը նախընտրեն զբաղած մնալ մարդոց վկայելով եւ եղբայրներուն հետ չընկերակցիլ դադարի պահերուն, ծառայութեան տրամադրուած ժամանակին ընթացքին։ Հաւասարակշռութիւն կը պահանջուի։
6 «Արագիլը անգամ . . . իր որոշ ժամանակը գիտէ» գաղթելու եւ մրջիւնը «իր կերակուրը ամառուընէ կը պատրաստէ» ձմրան համար, կ’ըսէ Աստուածաշունչը։ (Երեմ. 8։7. Առ. 6։6–8) Ահաւասիկ Ժամանակը օգտագործելու բանալին։ Մենք ալ պէտք է ‘մեր որոշ ժամանակը գիտնանք’։ Առանց չափազանց անթեք ըլլալու, պէտք է ժամանակին նկատմամբ ուշադիր ըլլանք։ Կարիքը ունինք գիտնալու ոչ միայն ի՛նչ պէտք է ընենք, այլ նաեւ ե՛րբ պէտք է ընենք։ Պէտք է սովորութիւն դարձնենք առաջուց ծրագրելը, հաշուի մէջ առնելով հաւանական ուշացումները։ Նաեւ, պէտք է կամենանք կարգ մը գործունէութիւններ կարճ պահել որպէսզի ժամանակ շահինք աւելի կարեւոր բանի մը, ինչպէս՝ մեր ժողովներուն պատրաստուելու, դաշտի ծառայութեան եւ աստուածպետական ուրիշ գործունէութիւններու համար։
7 Մենք կ’ուզենք մեր երկնաւոր Հօր՝ Եհովա Աստուծոյ՝ նման ըլլալ, որ մեզի կը սորվեցնէ թէ «ամէն բանի ատենը կայ»։ (Ժող. 3։1) Մեր ժամանակը օգտագործելով, կրնանք ‘մեր ծառայութիւնը լիովին կատարել’։—Բ. Տիմ. 4։5, ՆԱ։