Համարձակութեամբ Խօսինք
1 Վերջին տարիներուն, կարգ մը շրջաններու մէջ հրատարակիչները երթալով աւելի քիչ պատեհութիւն կ’ունենան մարդոց խօսելու տան մէջ։ Շատեր կը տեղեկագրեն որ իրենց թաղամասերուն մէջ երբ տունէ տուն կ’երթան, մարդոց աւելի քան 50 առ հարիւրը տունը չեն գտներ։ Առ ի հետեւանք, տրամադրուած ժամանակին մեծ մասը արդիւնաբեր չէ։
2 Տարիներ առաջ, Կիրակի օրերը շատ մարդիկ տունը կը գտնուէին, քանի որ Կիրակի օրը ընդհանրապէս հանգստանալու օր կը նկատուէր։ Սովորութիւնները փոխուած են։ Ներկայիս սովորական դարձած է որ մարդիկ աշխարհային գործով զբաղին, ընտանեկան կարիքներու հոգան, ինչպէս՝ գնում ընել, կամ զբօսանքի միջամուխ ըլլան, որ նաեւ պատճառ կ’ըլլայ որ տունէն հեռանան։ Հետեւաբար, նոյնիսկ Կիրակի օրերը, տունէ տուն ծառայութեան ատեն դժուար է մարդոց հանդիպիլ։
3 Երբ մարդիկ տունը չեն, անկասկած կը նշանակէ որ անոնք ուրիշ տեղ մըն են։ Քանի որ մեր նպատակակէտն է մարդոց խօսիլ, ինչո՞ւ մեր հանդիպած մարդոց չխօսինք—փողոցին մէջ, շուկային մէջ կամ գործատեղը։ Պօղոսի սովորութիւնն էր մօտենալ «որոնց որ պատահէր», անոնց վկայելու համար։ (Գործք 17։17) Ասիկա այդ ատեն վկայելու արդիւնաբեր կերպ մըն էր, իսկ ներկայիս նաեւ արդիւնաբեր կերպ մըն է։
4 Երբ տունէ տուն կ’երթանք, սովորաբար կը տեսնենք մարդիկ որոնք դիպուածաբար մեր քովէն կ’անցնին կամ մէկու մը կը սպասեն։ Երբ օդը պայծառ է, անոնք թերեւս պարտէզի մը նստարանին վրայ նստած են կամ իրենց ինքնաշարժը կը նորոգեն կամ կը լուան։ Ջերմ ժպիտ մը ու բարեկամական բարեւ մը կրնան բաւարար ըլլալ որ խօսակցութիւն մը սկսինք։ Եթէ անոնց բնակավայրը մօտ է, կրնանք ըսել որ հաւանաբար զիրենք տունը չգտանք քիչ առաջ, եւ հիմա ուրախ ենք իրենց հետ խօսակցելու այս պատեհութիւնը ունենալով։ Ջանալով քիչ մը աւելի համարձակութիւն ցուցաբերել, շատեր վարձահատոյց փորձառութիւններ վայելած են։
5 Համարձակութիւնը Արդիւնքներ կու Տայ. Եղբայր մը կը պատմէ որ ինք կը մօտենայ այն մարդոց որոնք կայնած են, հանրակառքը կը սպասեն, անհապճեպ կը քալեն կամ իրենց ինքնաշարժներուն մէջ նստած են։ Ջերմ ժպիտով մը ու զուարթ ձայնով մը, ան այցելել փափաքող բարեկամական դրացիի մը պէս կը մօտենայ։ Այս կերպով ան ոչ միայն շատ գրականութիւններ տեղաւորած է, այլ նաեւ Աստուածաշունչի մի քանի ուսումնասիրութիւններ սկսած է։
6 Ուրիշ եղբայր մը ու իր կինը երբ դռնէ դուռ կը ծառայէին, կնոջ մը հանդիպեցան որ նպարեղէնի մեծ պայուսակ մը կը կրէր։ Անոնք խօսակցութեան մը ծայր տուին, զինք գովելով իր ընտանիքին կարիքներուն ժրաջանութեամբ հոգ տանելուն համար։ «Բայց ո՞վ կրնայ մարդկութեան պէտք եղածը հայթայթել», անոնք հարցուցին։ Այդ հարցումը կնկան հետաքրքրութիւնը արթնցուց։ Կարճ խօսակցութենէ ետք, կինը զիրենք հրաւիրեց իր տունը, ուր Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը հաստատուեցաւ։
7 Արդ, յաջորդ անգամ երբ դռնէ դուռ կը վկայէք, ըլլայ Կիրակի օրը կամ շաբթուան ուրիշ մէկ օրը, եւ տեսնէք որ մարդիկ տունը չեն, ինչո՞ւ քիչ մը աւելի համարձակ չըլլաք ու ձեր հանդիպած մարդոց խօսիք—ըլլայ փողոցը կամ այլուր։ (Ա. Թես. 2։2) Կրնաք աւելի արդիւնաբեր ծառայութիւն մը ձեռք ձգել եւ ձեր ծառայութեան մէջ աւելի ուրախ պիտի ըլլաք։