Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 5/96 էջ 1
  • Ամբողջ Սրտով Ըլլանք

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ամբողջ Սրտով Ըլլանք
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1996)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Եհովա կ’արժեւորէ ձեր սրտանց ծառայութիւնը
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1998
  • Անձնուիրաբար Եհովային ծառայենք
    Եհովային գովերգենք
  • Կրնա՛ս անպաշտօն կերպով վկայել
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2010)
  • Ամէն օր Եհովան փառաբանէ
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2009)
Տես աւելին
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1996)
թծ 5/96 էջ 1

Ամբողջ Սրտով Ըլլանք

1 Եհովայի երախտապարտ ըլլալու բազմաթիւ պատճառներ ունինք։ Անոնք կը պարփակեն այն բաները զորս ան անցեալին ըրած է, ներկայիս կ’ընէ եւ ապագային պիտի ընէ ի նպաստ մեզի։ Մեր երախտագիտութիւնը մեզ պէտք է մղէ որ ի՞նչ ընենք։ Դաւիթի սաղմոսներէն մէկը կը պատասխանէ. «Ամէն ժամանակ Տէրը պիտի գովեմ։ Անոր գովութիւնը միշտ իմ բերանս պիտի ըլլայ»։—Սաղմ. 34։1

2 Աստուածաշունչը յստակօրէն ցոյց կու տայ որ մեզի պատուէր տրուած է որ քարոզենք։ Ասիկա գործունէութիւն մըն է զոր կը կատարենք «սրտանց . . . որպէս թէ Տէրոջը»։ (Կող. 3։23) Եթէ իրապէս ամբողջ սրտով ենք, ծառայութեան որքա՞ն կը մասնակցինք։ Երբ մեզի հանդէպ Եհովայի ունեցած սէրը նկատի առնենք, վստահաբար մեր սրտերը կը մղեն մեզ որ անոր մասին ու անոր թանկարժէք նպատակներուն մասին ուրիշներուն խօսելու մէջ ջերմեռանդօրէն բաժին մը բերենք։ Մենք կը մղուինք մեր կրցածը ընելու։

3 Տրամաբանական է ակնկալել որ ամբողջ սրտով եղող անհատ մը փափաքի իր ուշադրութիւնը կեդրոնացած պահել սրբազան ծառայութեան վրայ։ Սաղմոսերգուն, որ բացայայտօրէն այդպէս զգացած էր, յայտարարեց. «Օրը եօթը անգամ կ’օրհնեմ քեզ»։ (Սաղմ. 119։164) Սաղմոսերգուին զգացումները բաժնողները Եհովան փառաբանելու պատեհութիւնները կը ջանան օգտագործել։ Իրենց պարագաներուն ներած չափով, անոնք նախանձախնդրաբար կը ծառայեն։

4 Մենք Եհովան Փառաբանելու Պատեհութիւններով Շրջապատուած Ենք. Բարի լուրը քարոզելու համար հարկ չկայ սպասել մինչեւ որ տունէ–տուն ծառայութեան մասնակցինք։ Մեր գործակիցները, դասընկերները, ազգականները եւ ծանօթները, բոլորն ալ կարիքը ունին Թագաւորութեան պատգամը լսելու։ Երբ կը ճամբորդենք, կրնանք խօսակցութիւններ սկսիլ որոնք թերեւս առաջնորդեն վկայութիւն մը տալու պանդոկի անձնակազմին, ճաշարանի մէջ աշխատողներու, կազի կայանի պաշտօնեաներու կամ վարձու ինքնաշարժի վարորդներու։ Մինչ տունն ենք, կրնանք դրացիներուն կամ յանձնորդներուն վկայել։ Եթէ դարմանուելու համար հիւանդանոց կը գտնուինք, կրնանք հիւանդապահներու, բժիշկներու եւ ուրիշ հիւանդներու անպաշտօն կերպով վկայել։

5 Անպաշտօն Կերպով Վկայելը Արդիւնքներ կու Տայ. Օր մը երկու Վկաներ հանրային պարտէզի մը մէջ կը քալէին եւ խօսակցութիւն մը սկսան երիտասարդի մը հետ, որ իր զաւկին հետ կը պտըտէր։ Հետագային, ան ու իր կինը ճշմարտութիւնը ընդունեցին։ Այս երիտասարդը ետքը յայտնեց որ երկու Վկաներուն հանդիպելէն քիչ առաջ, Աստուծոյ աղօթած էր, խնդրելով. ‘Եթէ գոյութիւն ունիս, հաճիս թոյլ տուր որ քեզ ճանչնամ’։ Ան հանրային պարտէզին մէջ եղած հանդիպումը կը նկատէ որպէս Եհովայի պատասխանը իր աղօթքին։

6 Ուրիշներուն հոգեւորապէս օգնելու ամբողջ սրտով փափաք ունեցողները մեծապէս կ’ուրախանան։ Անոնք գիտեն որ այսպիսի ծառայութիւն մը, որ «կատարեալ սրտով» է, Եհովան կը հաճեցնէ։—Ա. Մնաց. 28։9

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել