Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 6/96 էջ 1
  • Անոնց Օգնենք Որ Դարձեալ Ծառայեն

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Անոնց Օգնենք Որ Դարձեալ Ծառայեն
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1996)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Անգործունեաները մի՛ մոռնար
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2007)
  • Անոնց օգնէ անյապաղ վերադառնալու
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2008
  • «Ինծի դարձէք»
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2020
  • Հարցումի Տուփ
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1998)
Տես աւելին
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1996)
թծ 6/96 էջ 1

Անոնց Օգնենք Որ Դարձեալ Ծառայեն

1 Գիտակցելով որ հոգեւոր վտանգ մը իր Քրիստոնեայ հաւատակիցներուն կը սպառնար, Պօղոս առաքեալ գրեց. «Ժամանակն է, որ քունէն արթննանք. վասնզի հիմա մօտ է մեզի փրկութիւնը՝ քան թէ այն ատեն որ հաւատացինք»։ (Հռովմ. 13։11) Պօղոս մտահոգ էր այն եղբայրներուն նկատմամբ, որոնք հոգեւորապէս թմրած եղած էին. ան հետաքրքրուած էր զիրենք վերանորոգուած գործունէութեան վերակենդանացնելով։

2 Իրապէս կրնայ ըսուիլ որ այս հին աշխարհի գիշերը բաւական յառաջացած է, իսկ նոր աշխարհի արշալոյսը վերահաս է։ (Հռովմ. 13։12) Լաւ պատճառներ ունինք այն եղբայրներով հետաքրքրուելու, որոնք որպէս բարի լուրի քարոզիչներ մեր հետ ընկերակցելէ դադրած են։ Անցեալ ծառայութեան տարուան ընթացքին, միայն Միացեալ Նահանգներուն մէջ, աւելի քան 27,000 հրատարակիչներ վերստին գործունեայ եղան։ Ի՞նչպէս կրնանք ուրիշ անգործունեայ անհատներու օգնել որ դարձեալ Եհովայի ծառայեն։

3 Ինչ որ Երէցները Կրնան Ընել. Անգործունեայ անհատներուն մեծամասնութիւնը ճշմարտութիւնը լքած չէ. անոնք վհատութեան, անձնական խնդիրներու, նիւթապաշտութեան կամ կեանքի ուրիշ մտահոգութիւններու պատճառաւ քարոզելէ դադրած են։ (Ղուկ. 21։34–36) Եթէ կարելի է, շատ աւելի լաւ է անոնց օգնել անգործունեայ դառնալէ առաջ։ Ժողովքին քարտուղարը տեղեակ պէտք է պահէ Ժողովքի Գրքի Ուսումնասիրութեան վարիչին, երբ հրատարակիչ մը կը սկսի ծառայութեան գործունէութիւնը անկանոն կերպով տեղեկագրել։ Հովուական այցելութեան մը համար կարգադրութիւններ կարելի է ընել։ Անոնք պէտք է փորձեն խնդրին հիմնական պատճառը սահմանել եւ օգնութիւն հայթայթելու կերպը որոշել։—Տես՝ Դիտարան 15 Սեպտեմբեր 1993, էջ 20–23, Անգլերէնով։

4 Ուրիշներ Ի՛նչպէս Կրնան Օգնել. Մեզմէ շատեր կը ճանչնան մէկը որ անգործունեայ դարձած է։ Անիկա թերեւս անհատ մըն է որ նախապէս մտերիմ բարեկամ մըն էր մեզի։ Ի՞նչ կրնանք ընել անոր օգնելու համար։ Ինչո՞ւ կարճ այցելութիւն մը չտաք։ Անոր ըսէք որ իր ընկերակցութեան կարօտցած էք։ Ուրախ ու դրական եղէք։ Ձեր հետաքրքրութիւնը արտայայտեցէք առանց ակնարկելու որ ան հոգեւորապէս հիւանդ է։ Պատմեցէք շինիչ փորձառութիւններ կամ ժողովքին իրագործած կարգ մը լաւ բաները։ Խանդավառօրէն խօսեցէք «Աստուածային Խաղաղութեան Պատգամաւորներ» Նահանգային Համաժողովին մասին ու զինք քաջալերեցէք որ ներկայ գտնուի։ Ամէն բանէ աւելի, ժողովքին հետ դարձեալ ընկերակցիլը կրնայ անոր օգնել։ Առաջարկեցէք որ ձեր հետ ժողովներուն յաճախէ։ Երէցներուն իմացուցէք ցուցաբերուած ընդառաջումը։

5 Երբ անգործունեայ անհատ մը ժողովներուն կը յաճախէ, հաւանաբար անհանգիստ կը զգայ հանդիպելով իր ճանչցած անհատներուն։ Մի՛ հարցնէք. «Ո՞ւր էիր»։ Փոխարէն, անոր բարի գալուստ մաղթեցէք։ Զինք խօսակցութեան միջամուխ ըրէք։ Նորեկները իրեն ծանօթացուցէք։ Ժողովին ընթացքին իր քով նստեցէք, վստահ ըլլալով որ ան երգարանը եւ ուսումնասիրուելիք գրականութիւնը ունի։ Քաջալերեցէք զինք որ վերադառնայ ու առաջարկեցէք ձեր օգնութիւնը եթէ կարիք մը կայ։

6 Խոտորածներուն հանդէպ ջերմ սէր ունենալով, Եհովա եւ Յիսուս կ’ուրախանան երբ այսպիսի անհատներ հոգեւորապէս կը բուժուին։ (Մաղ. 3։7. Մատթ. 18։12–14) Կրնանք միեւնոյն ուրախութիւնը վայելել եթէ յաջողինք ուրիշներուն օգնել որ դարձեալ Եհովայի ծառայեն։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել