Հարցումի Տուփ
◼ Տեղական հեռաձայնի ցանկին մէջ Եհովայի Վկաներու հասցէն ի՞նչպէս պէտք է գրել։
Նկատուած է որ Միացեալ Նահանգներուն մէջ Եհովայի Վկաներու հասցէն հեռաձայնի ցանկերուն մէջ զանազան կերպերով գրուած է։ Ոմանք շփոթեցուցիչ են, իսկ ուրիշներ բաւարար տեղեկութիւններ չեն հայթայթեր։ Եթէ ժողովքը Թագաւորութեան Սրահին մէջ հեռաձայն մը ունի, կարեւոր է տեղեկատու հասցէ մը ունենալ հեռաձայնի ցանկին մէջ, այնպէս որ հետաքրքրուած անհատները եւ մեր եղբայրները կարենան տեղական ժողովքին հետ հաղորդակցիլ։
Հետեւեալը յանձնարարուած հասցէն է. Եհովայի Վկաներ, (Քաղաք), (Նահանգ), որու կը յաջորդեն Թագաւորութեան Սրահին հասցէն ու հեռաձայնի թիւը։
Այն քաղաքներուն մէջ ուր մէկէ աւելի ժողովքներ կան, հետեւեալը կը յանձնարարենք. Եհովայի Վկաներ, (Քաղաք), (Նահանգ), որու կը յաջորդէ այբբենական ցանկ մը որ ցոյց կու տայ իւրաքանչիւր ժողովքին անունը, Թագաւորութեան Սրահին հասցէն ու հեռաձայնի թիւը։
Տեղականօրէն կարելի է որոշել թէ հեռաձայնի ուրիշ թիւ մըն ալ պէտք է հայթայթել կամ ոչ։ Եթէ Թագաւորութեան Սրահ մը կը բաժնէք ուրիշ ժողովքի մը հետ, որ տարբեր քաղաքի մը մէջ կը գտնուի ու տեղական հեռաձայնի ցանկին մէջ չէ պարփակուած, այդ քաղաքին անունն ալ պէտք է յիշուի Թագաւորութեան Սրահին հասցէին ու հեռաձայնի թիւին հետ մէկտեղ։