Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 8/96 էջ 1
  • Ո՞վ Քարոզելու Որակելի Է

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ո՞վ Քարոզելու Որակելի Է
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1996)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Քարոզելու որակեա՞լ եմ
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2010)
  • Լիովին պատրաստուած՝ որպէս Աստուծոյ խօսքը ուսուցանողներ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2002
  • Բարի լուրը ինչպէ՞ս կը քարոզուի
    Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն. Սուրբ Գիրքի դասընթացք
  • «Խօսքը քարոզէ՛»
    Եհովային գովերգենք
Տես աւելին
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1996)
թծ 8/96 էջ 1

Ո՞վ Քարոզելու Որակելի Է

1 Ծառայութեան առնչութեամբ Մովսէսի նման բնաւ զգացա՞ծ ես։ Ան ըսաւ. «Ո՜հ, Տէ՛ր իմ, ես ճարտարախօս չեմ ո՛չ երէկ, ո՛չ միւս օր եւ ո՛չ ալ ծառայիդ հետ խօսելէդ յետոյ»։ (Ել. 4։10) Եթէ այդպէս զգաս, թերեւս հակում կ’ունենաս քարոզելէ ետ կենալու։ Այսուհանդերձ, Յիսուս «պատուիրեց մեզի, որ ժողովուրդին քարոզենք ու վկայութիւն տանք»։ (Գործք 10։42) Արդ, ինչպէ՞ս բարի լուրին որակելի քարոզիչներ կը դառնանք։

2 Մեր աշխարհային ուսման մակարդակը չէ որ մեզ որակելի կը դարձնէ ծառայութեան։ Պօղոս ըսաւ որ «ոչ թէ մարմնի կողմանէ շատ իմաստուններ . . . կանչուեցան» եւ թէ «այս աշխարհի իմաստութիւնը Աստուծոյ առջեւ յիմարութիւն է»։ (Ա. Կորն. 1։26. 3։19) Յիսուս իր առաքեալները գործաւոր դասակարգէն ընտրեց, անոնցմէ առնուազն չորսը ձկնորսութեամբ կը զբաղէին։ Կրօնական հպարտ առաջնորդները զանոնք քամահրանքով կը նկատէին որպէս «տգէտ ու առանց ուսման մարդիկ»։ Աշխարհային չափանիշներով դատուելով, առաքեալները քարոզելու որակելի չէին։ Սակայն, Պէնտէկոստէի օրը Պետրոսի հմտօրէն ներկայացուցած քարոզը 3,000 հոգի մղեց որ մկրտուին։—Գործք 2։14, 37–41. 4։13

3 Եհովա Մեզ Որակելի կ’Ընէ Քարոզելու Համար. Պօղոս ըսաւ. «Մեր կարողութիւնը Աստուծմէ է»։ (Բ. Կորն. 3։5) Եհովա՝ իմաստութեան Աղբիւրը՝ միլիոնաւոր անհատներու սորվեցուցած է Թագաւորութեան ճշմարտութիւնը ուրիշներու քարոզել։ (Եսայ. 54։13) Այս գործին ազդուութիւնը ու արդիւնաբերութիւնը կրնան տեսնուիլ 338,491 անհատներուն մէջ, որոնք անցեալ տարի մկրտուեցան որպէս «յանձնարարութեան թուղթեր»։ (Բ. Կորն. 3։1–3) Եհովայէ մեր սորված բաներուն մասին համարձակութեամբ ու համոզումով քարոզելու ամէն պատճառ ունինք։

4 Աստուծոյ կազմակերպութիւնը հաստատած է ծառաներ մարզելու միջազգային յայտագիր մը։ Սուրբ Գրութիւններուն ու Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան օժանդակող գրականութիւններուն միջոցաւ կ’ուսուցանուինք ու կը մարզուինք, որպէսզի քարոզելու համար ‘կատարեալ ու պատրաստուած ըլլանք’։ (Բ. Տիմ. 3։16, 17) Շատեր Ընկերութեան հրատարակութիւններուն մէջ գտնուած ուսումնականութենէն տպաւորուած են։ Օրինակի համար, Շուէտական պարբերաթերթ մը նշեց. «Եհովայի Վկաներուն քարոզած հաւատքին ետին կը գտնուի Աստուածաշունչի հիանալի գիտութիւն մը, որ ակադեմական բարձր մակարդակ եւ միջազգային ուղղութիւն ունի»։

5 Վայելելով շաբաթական մեր հինգ ժողովներուն տրուած ուղղութիւնները, Աստուածաշունչը կարդալու եւ ուսումնասիրելու մեր յայտագիրը, Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցին հայթայթած խրատները, փորձառու ծառաներուն մատուցած անհատական աջակցութիւնը, եւ ամէն բանէ առաջ, Եհովայի սուրբ հոգիին օգնութիւնը, կրնանք վստահ ըլլալ որ Եհովա մեզ կը նկատէ որ լիովին որակելի ենք քարոզելու։ Այո, «որպէս թէ Աստուծմէ ղրկուած ենք եւ Աստուծոյ առջեւ կը խօսինք Քրիստոսով»։—Բ. Կորն. 2։17

6 Եթէ իր կազմակերպութեան միջոցաւ Աստուծոյ հայթայթած աստուածպետական մարզումը լիովին օգտագործենք, ետ կենալու կամ վհատելու ոչ մէկ պատճառ կ’ունենանք։ Կրնանք ուրախութեամբ ուրիշներուն քարոզել, վստահ ըլլալով որ Եհովա մեր ջանքերը պիտի օրհնէ։—Ա. Կորն. 3։6

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել