Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 1/10 էջ 1
  • Քարոզելու որակեա՞լ եմ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Քարոզելու որակեա՞լ եմ
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2010)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Ո՞վ Քարոզելու Որակելի Է
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1996)
  • Լիովին պատրաստուած՝ որպէս Աստուծոյ խօսքը ուսուցանողներ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2002
  • Տիպար Մը Որու Սերտօրէն Հետեւինք
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1994)
  • ‘Անոր շաւիղներուն հետեւէ’
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2008)
Տես աւելին
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2010)
թծ 1/10 էջ 1

Քարոզելու որակեա՞լ եմ

1. Ինչո՞ւ քարոզելու մեր որակներուն նկատմամբ անատակ պէտք չէ զգանք։

1 Եթէ երբեք դուն քեզի այսպիսի հարցում մը ուղղես, քաջասի՛րտ եղիր։ Ո՛չ դպրոցական ուսումը ոչ ալ ուշագրաւ բնական կարողութիւնը մեզ որակեալ կը դարձնէ որպէս քարոզիչներ։ Նախկին աշակերտներէն ոմանք նկարագրուած էին որպէս «տգէտ ու առանց ուսման մարդիկ»։ Այսուհանդերձ, անոնք բարի լուրին ազդու քարոզիչներ էին, քանի որ վճռած էին Յիսուսի օրինակին հետեւիլ (Գործք 4։13. Ա. Պետ. 2։21)։

2. Յիսուսի ուսուցումին կարգ մը յատկանիշները ի՞նչ էին։

2 Յիսուս ինչպէ՛ս սորվեցուց։ Անոր ուսուցումը պարզ, իրապաշտ ու դիւրահասկնալի էր։ Անոր հարցումները, օրինակները եւ պարզ բացումները ունկնդիրներուն ուշադրութիւնը գրաւեցին (Մատ. 6։26)։ Ան անկեղծօրէն մարդոցմով հետաքրքրուեցաւ (Մատ. 14։14)։ Ասկէ զատ, Յիսուս վստահութեամբ եւ հեղինակութեամբ խօսեցաւ, գիտնալով որ Եհովա իրեն յանձնարարութիւն եւ լիազօրութիւն տուած էր իր նշանակումը կատարելու (Ղուկ. 4։18)։

3. Եհովա ինչպէ՞ս մեզի կ’օգնէ մեր ծառայութիւնը կատարելու։

3 Եհովա մեզի կ’օգնէ։ Իր Խօսքին ու կազմակերպութեան միջոցաւ, մեր Մեծ Ուսուցիչը հարկ եղած մարզումը կը հայթայթէ, որպէսզի բարի լուրը յաջողութեամբ քարոզենք (Եսա. 54։13)։ Որովհետեւ Եհովա Յիսուսի ուսուցանած կերպին մասին արձանագրութիւն պահպանած է, կրնանք իր մեթոտները վերլուծել եւ ընդօրինակել։ Եհովա մեզի իր սուրբ հոգին կու տայ եւ մեզ կը մարզէ ժողովքային հանդիպումներուն միջոցաւ (Յովհ. 14։26)։ Աւելին, ան կը հայթայթէ փորձառու հրատարակիչներ, որոնք կրնան մեզի օգնել աւելի ազդու դառնալու։

4. Ինչո՞ւ բարի լուրը ուրիշներու հետ բաժնելու նկատմամբ որակեալ զգալու պատճառ ունինք։

4 Ամէն պատճառ ունինք զգալու թէ քարոզելու որակեալ ենք, քանի որ «մեր կարողութիւնը Աստուծմէ է» (Բ. Կոր. 3։5)։ Մինչ Եհովայի կ’ապաւինինք եւ իր սիրալիր հայթայթումները հաւատարմօրէն կ’օգտագործենք, ‘լիովին իրազեկ պիտի ըլլանք, ամբողջովին պատրաստուած՝ ամէն բարի գործի համար’ (Բ. Տիմ. 3։17, ՆԱ)։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել